Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ի Ապրիլեան Ոգեկոչումներ

Ապրիլ 26, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 21 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ռաուտայի «Էհլան» դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ ջահակիր ԼԵՄ-կաններուն մասնակցութեամբ, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի դաշտ: Քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Պասմաճեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Դաշնակցական երիտասարդներուն համար հողային եւ կամ այլ զիջումներ անընդունելի են: Պայմանները կը փոխուին, սակայն վճռական կը մնանք ու պայքարը կը շարունակենք:»

Այնուհետեւ սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը. Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Նախերգանք»-ը, ապա Ղազար Քէօշկերեան, ընկերակցութեամբ ԼԵՄ-ի նուագախումբին, ներկայացուց փունջ մը հայրենասիրական երգեր:

Օրուան բանախօսն էր Գրիգոր Էքմէքճեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Դժբախտաբար մեր մէջ կայ այն համոզումը, որ երբ կը կազմակերպենք ոգեկոչման ձեռնարկներ եւ կամ ներկայ կը գտնուինք անոնց, մեր պարտքը կատարած կ՛ըլլանք եւ կը բաւարարուինք խօսքեր ու լոզունգներ արտասանելով եւ քանի մը օր մեր հեռատեսիլները մաքրելով թրքական կայաններէն: Նահատակներուն պատգամը այդ չէր, անոնք նահատակուեցան, որպէսզի մենք յարատեւ պայքարինք»:

Ան աւելցուց. «Մարտահրաւէրները տարբեր են, այսօրուան պայքարը տարբեր է, այսօր հայ մարդը իր առօրեան ապրելու դժուարութեան դիմաց կը գտնուի,սակայն այս մէկը չի նշանակեր, որ մենք պիտի անտեսենք նորօրեայ զէնքերն ու մեզի ընծայուած բոլոր կարելիութիւնները: Ան հաստատեց, որ պէտք է երիտասարդութիւնն ու նոր սերունդը ուղղել, որպէսզի ճիշդ ձեւով օգտագործեն եւ լաւագոյնս ծառայեցնեն այս զէնքերը` կերտելու համար նոր փառքեր»:

Շարունակելով իր խօսքը` Էքմէքճեան ըսաւ. «Արցախէն մեծ բաժին մը կորսնցնելու ու մնացածը շրջափակման տակ մնալու ծանր բեռին տակ հայը ծունկի պիտի չգայ, եւ փանթուրանիզմի ծրագիրը թշնամիին` պիտի մնայ անհասանելի երազ»:

Ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ պէտք է վերակազմակերպուիլ ու առաջնահերթութիւնները վերադասաւորել, որովհետեւ պայմանները արագ կը փոխուին, եւ մենք պէտք է արագ համակերպինք անոնց, որպէսզի միակամ ճակատով ու ուժերով հարուածենք թշնամին: Այլապէս ճահիճի մէջ մնացած` պիտի կորսնցնենք պայքարելու ոգին եւ սրբազան պատերազմը:

Էքմէքճեան եզրափակեց. «Ցեղասպանութեան ճիրաններէն ճողոպրած ազգի զաւակներն ենք մենք, կը ծնինք ու մեզի հետ կը ծնի մեր բոլոր նահատակներու պատգամը իրականացնելու սրբազան պարտականութիւնը»:

Աւարտին ծխատէր քահանայ հայրը «Պահպանիչ»-ով փակեց ոգեկոչման ձեռնարկը:

– Շաբաթ, 22 ապրիլ 2023-ին, Ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամներ յեղափոխական երգերով եւ աշխուժ շարքերով շրջեցան Պուրճ Համուտի թաղերը, վերահաստատեցին թուրքին եւ ազերիին դէմ պայքարը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնը եւ ցոյց տուին, որ դաշնակցական երիտասարդը միշտ ներկայ եւ պատրաստ է:

ԼԵՄ-ի անդամները շեշտեցին, որ հակաթուրք պայքարը կը շարունակուի: Անգլերէն լեզուով պատրաստուած եւ թաղերուն մէջ տեղադրուած թերթիկներուն միջոցով ԼԵՄ-ականները վերյիշեցուցին թուրքին եւ ազերիին կատարած ջարդերն ու ցեղասպանութիւնները, որոնք ոչ միայն կատարուեցան հայութեան, այլեւ քիւրտերուն, ասորիներուն, յոյներուն, արաբներուն եւ բազմաթիւ այլ ժողովուրդներու դէմ: Աւելի՛ն. թերթիկը նաեւ անդրադարձաւ, որ Ազրպէյճանի, զինամթերք հայթայթող պետութիւններու շարքին են ոչ միայն Թուրքիան եւ Ռուսիան, այլեւ` Իսրայէլը եւ Եւրոպական Միութիւնը: Նոյնանման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ:

Յայտնենք, որ անցնող օրերուն հայահոծ շրջաններու մէջ նաեւ տեղադրուեցան ԼԵՄ-ի մասնաճիւղերուն կողմէ Ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով պատրաստուած պաստառներ` հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Այդ պաստառներէն մէկը կը կրէր Գարեգին Նժդեհի հետեւեալ խօսքը. «Օր մը հայութիւնը պէտք է ներէ թուրքերուն, բայց ոչ թէ անոնց առջեւ ծնրադրած, այլ` զանոնք ծունկի բերած»:

– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կիրակի, 23 ապրիլ 2023-ին, տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ, որ ընթացք առաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն,  Պուրճ Համուտ, շրջեցաւ ներքին թաղերը, ապա ուղղուեցաւ դէպի Ժտէյտի եւ Զալքա, ապա այնտեղէն Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար, մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման: Երթի ընթացքին բարձրացուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի դրօշներ, ինչպէս նաեւ սփռուեցան լոզունգներ եւ ազգային ու յեղափոխական երգեր:

– Կիրակի, 23 ապրիլ 2023-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի մասնաճիւղերուն, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` ակումբներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններուն դիմաց:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հաստատութեան. Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Տարբեր Ձեռնարկներով Ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?