Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներու Վերաբերեալ

Մայիս 6, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը ուրբաթ, 1 մայիսի ուշ երեկոյեան վերադարձաւ իր նստավայրը` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, Մեծ եղեռնի նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ կատարուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ` Մոսկուայի եւ Վինիովի մէջ նախագահելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու:

Արդարեւ, անկախ Հայոց  ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համահայկական ձեռնարկներէն, որոնք տեղի ունեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ եւ որոնց մասնակցեցաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին ու համայնքը իր բոլոր հաստատութիւններով` գլխաւորութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ուրոյն ձեռնարկներ: Ամբողջ տարուան վրայ երկարող այս ձեռնարկներուն գագաթնակէտը հանդիսացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած  քահանայապետական սուրբ պատարագը, զոր ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ խնդրանքով  մատուցեց Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը անձամբ 12 ապրիլին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ`  վատիկանեան պատկան մարմիններուն եւ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան ներկայացուցիչներուն միացեալ կազմակերպութեամբ եւ որուն ընթացքին հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակումը:

Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ համապատարագումով, Ս. Աւետարանին հայերէն ընթերցումով Մխիթարեան սարկաւագի մը կողմէն, հայ կաթողիկէ դպրեվանքերու նորընծաներու սպասաւորութեամբ, հայ կաթողիկէ վարդապետի արարողապետութեամբ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Կռունկ» եւ Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբերու երգեցողութեամբ, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներուն մասնակցութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ մատուցուած այս աննախընթաց սուրբ պատարագին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ աշխարհին ուղղուած կոչը զգաստանալու,  այլեւս չլռելու, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ու դատապարտելու, ցնցեց մարդկութեան խիղճը:

Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի կամարներուն ներքեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նշումը, միաժամանակ հանդիսացաւ համայն հայութեան միասնական կամքը արտայայտելու պատմական առիթ մը` զոր հովանաւորեցին Ֆրանչիսկոս պապին պատարագը եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին վարդապետ հռչակումը:

Այդ միասնականութիւնը իր արտայայտութիւնը գտաւ նաեւ սուրբ պատարագէն ետք հայ կաթողիկէ «Ալիանս Արմենիեն» կազմակերպութեան հրաւէրով տեղի ունեցած հանդիսաւոր ճաշով, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարարներուն, ինչպէս նաեւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ կողքին` Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն շուրջ համախմբեց աշխարհասփիւռ Հայ կաթողիկէ թեմերէն Վատիկան եկած պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան յանձնախումբին կողմէ մշակուած ծրագիրը, վերոնշեալ պատմական ձեռնարկներէն ետք, կը նախատեսէ նաեւ  վատիկանեան եւ լիբանանեան դրոշմաթուղթերու հրապարակումը, մեծակառոյց յուշակոթողի մը տեղադրումը եւ Ապրիլեան նահատակներուն անզուգական հռետոր երջանկայիշատակ գերապայծառ Սահակ եպս. Կոգեանին  բոցաշունչ ճառերը ամփոփող հատորը:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը` իբրեւ պատմական իրադարձութիւններ վերոնշեալ բոլոր ձեռնարկներուն մանրամասն նկարագրականները պիտի շարունակէ հրապարակել իր armeniancatholic.org կայքին վրայ:

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԿԵԴՐՈՆ
ՀԱՂՈՐԴԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

3 մայիս 2015

 

 

Նախորդը

Ճատրակ. 2015-ի Դպրոցական Ախոյեանութիւն. Մեսրոպեան Վարժարանը Հանդիսացաւ Երրորդ

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. Տոքթ. Թորոս Թորանեան Եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան Ներկայացուցին Զաւէն Խանճեանի Զոյգ Հատորները

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?