Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ» Հատորին Շնորհահանդէս

Մայիս 4, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-04-15_nora1Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` շաբաթ, 2 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ. 100 արաբական վկայութիւններ» հատորին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական- քարոզչական յանձնախումբին:

Ռիթա Լագիսեան
Ռիթա Լագիսեան

Ձեռնարկին ներկայ էին Գիւղի հոգեւոր ներկայացուցիչները, Այնճարի քաղաքապետը, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: Դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Լագիսեան: Ան ըսաւ, որ պատմաբաններու եւ գրողներու օտարալեզու ուսումնասիրութիւններն ու հրատարակութիւնները մեծ դեր կրնան ունենալ հայկական հարցը օտար հանրութեան եւ պետութիւններուն ծանօթացնելու առումով: Լագիսեան շնորհաւորեց դոկտ. Նորա Արիսեանը իր բազմաթիւ հրատարակութիւններուն  եւ մասնաւորաբար իր վերջին գիրքի հրատարակութեան առիթով` անոր մաղթելով մնայուն յաջողութիւն:

Բացման խօսքէն ետք ասմունքով հանդէս եկան Նարէ Փիլաւճեան, Կրէյս Փալթաճեան, Շաղիկ Պէրպէրեան եւ Սեւատա Անտոնեան` կատարելով Վահագն Դաւթեանի «Ռեքուիեմ»-ը:

 Եսայի Հաւաթեան
Եսայի Հաւաթեան

Այնուհետեւ Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց դոկտ. Նորա Արիսեանի կեանքն ու գործը` անդրադառնալով անոր թարգմանական, պատմագիտական եւ հրապարակագրական աշխատանքներուն: Ան բարձր գնահատեց դոկտ. Նորա  Արիսեանի տարած բեղուն գործունէութիւնը յատկապէս արաբական երկիրներուն մէջ` Հայ դատի ճանաչման աշխատանքներուն  ծիրին մէջ: Հաւաթեան նաեւ շնորհաւորեց դոկտ. Արիսեանը իր վերջին հատորին հրատարակութեան առիթով:

Ապա ջութակի վրայ Շաղիկ  Հապէշեան ներկայացուց «Կռունկ» երգին եղանակը:

Դոկտ. Նորա Արիսեան
Դոկտ. Նորա Արիսեան

Այնուհետեւ դոկտ. Նորա Արիսեան հրաւիրուեցաւ ներկայացնելու իր գիրքը: Ան ըսաւ, որ այս գիրքը գրելու հիմնական նպատակներէն մէկն էր նոր էջ մը բանալ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մարզին մէջ` արաբ պատմաբաններու վկայութիւնները  եւ դիրքորոշումերը ներկայացնելով արաբ ժողովուրդներուն, արաբերէնով, այս նպատակով ալ ան օգտագործած է արաբական տարբեր երկիրներէ տարբեր աղբիւրներ:

Ան գիրքին մէջ նաեւ արձանագրած է արաբական երկիրներու նախագահներու եւ այլ բարձրաստիճան անհատներու յայտարարութիւնները, որոնց մէջ անոնք յիշած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ  դատապարտած Թուրքիոյ կառավարութիւնը:

Գիրքին մէջ տեղադրուած է նաեւ յատուկ ուսումնասիրութիւն մը Ծիծեռնակաբերդ այցելած բոլոր արաբ անձնաւորութիւններուն եւ պատուիրակութիւններուն գրառումներուն մասին:

Դոկտ. Արիսեան իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ իր ցանկութիւնն է, որ իր գիրքը օգտակար դառնայ հայկական հարցին նկատմամբ արաբական երկիրներու մօտեցումին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին:

Գիրքին ներկայացումէն ետք ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու դոկտ. Արիսեանին:

Ապա Սեւան Սարգիսեան ներկայացուց Ժագ Ս. Յակոբեանէն քերթուած   մը:

5-04-15_nora4Գիւղի հոգեւոր հայրերը գինիով օծեցին գիրքը եւ  օրհնելէ ետք զայն` յանձնեցին հեղինակին:

Բոլոր փափաքողներուն վաճառուեցան գիրքէն օրինակներ` հեղինակին մակագրութեամբ:

 

Նախորդը

«Սաժես» Թատերասրահին Մէջ. Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Ներկայացուց «Կամուրջներ» Պարային Համոյթը

Յաջորդը

«Ծոցի Շրջանը Աւելի Ապահով Է` Շնորհիւ Իրանի» Կ’ըսէ Ծովակալ Սայարի

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?