Շաբաթ, 2 մայիս 2015-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Սերպիոյ դեսպան` Ալեքսանտր Ռեսթիչի:
Այցելութեան նպատակն էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով զօրակցութիւն յայտնել հայ ժողովուրդին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը եւ հայ ու սերպ ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Հայաստանի եւ Սերպիոյ գործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութիւնը եւ շեշտեց երկու ժողովուրդներուն համագործակցութիւնը մարդկային իրաւանց հարցերու շուրջ` ի խնդիր արդարութեան հաստատման: