Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս հայրապետական այցելութեամբ երէկ հասաւ Ուաշինկթըն` մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն: Այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը պիտի օրհնէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմի թեմական-պատգամաւորական տարեկան ժողովը:
Ամենայն Հայոց հայրապետին կ՛ուղեկցին Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան, Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան, գաւազանակիր Անանիա աբղյ. Ծատուրեան, կաթողիկոսական գրասենեակի քարտուղար Խորէն քհնյ. Կիրակոսեան եւ ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեան: