Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սին Էլ Ֆիլի Մէջ . Հոգեհանգիստ Եւ Մոմավառութիւն` Եուսեֆ Քհնյ. Հայէքի Նահատակութեան 100-Ամեակին Առիթով

Մայիս 6, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_Dr-Hayek_HokehankisdԼիբանանի Նահատակաց օրուան նախօրեակին երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Սին էլ ֆիլի Ս. Աստուածածին (Սայտէ)  եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Լիբանանի առաջին նահատակ Եուսեֆ քհնյ. Հայէքի նահատակութեան 100-ամեակին առիթով:

5-05-15_yousef_hayek_adjunԵուսեֆ քհնյ. Հայէք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կախաղան բարձրացուած առաջին լիբանանցին է, որ կառուցած է վերոնշեալ եկեղեցին եւ հոն մատուցած 24 դեկտեմբեր 1914-ի Ս. Ծննդեան պատարագը, որ եղած է իր նախագահած վերջին պատարագը:

Այժմ այդ եկեղեցիին մէջ զետեղուած են նահատակ քահանային աճիւնները: (Եուսեֆ քհնյ. Հայէքի ամբողջ պատմութիւնը կարելի է կարդալ 4-րդ էջով լոյս տեսած «Ազդակ»-ի յատուկ կլոր սեղան նիւթին մէջ):

Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Սին էլ Ֆիլի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Ժորժ Շեհուանը` ներկայութեամբ նահատակ քահանային ընտանեկան պարագաներուն:

Հայր Շեհուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Եուսեֆ քհնյ. Հայէք եղած է անկախութեան նահատակներուն փաղանգէն` աւելցնելով, որ Լիբանանի անկախացման երկար ուղիին վրայ ան առաջին նահատակն է, որ ինկած է: «Սակայն ան ֆիզիքապէս միայն ինկած է, որովհետեւ հոգեպէս ան մնացած է իր ընտանիքին հետ եւ իր շառաւիղները դաստիարակուած են իր հայրենասիրութեամբ եւ աստուածավախութեամբ», ըսաւ ան:

Հայր Շեհուան յայտնեց, որ հոգեւորականի մը նահատակութիւնը ի խնդիր հայրենիքին, հայրենասիրութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի համազօր է սրբադասումի` աւելցնելով, որ ան իր նահատակութեամբ յաղթանակներ կերտած է: «Այս եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած անոր աճիւնները կը վկայեն Լիբանանի պատմութեան եւ միշտ պիտի պատմեն այդ մասին», հաստատեց ան:

Քահանայ հայրը շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան իր նահատակներուն թափած արեամբ է, որ այսօր արժանապատիւ, անկախ ու ազատ կ՛ապրի, եւ այդ պատճառով ալ նահատակներուն յիշատակը անթառամ կը մնայ:

5-05-15_momavaroutyunԱռ ի յարգանք նահատակին յիշատակին, երեկոյեան Հայէքի հրապարակին վրայ գտնուող Եուսեֆ քհնյ. Հայէքի արձանին առջեւ կատարուեցաւ մոմավառութիւն: Վառող մոմերուն լոյսերը կազմեցին 100 թիւը:

Նշենք, որ Եուսեֆ քհնյ. Հայէքի հոգեհանգիստը, ինչպէս նաեւ մոմավառութիւնը կազմակերպուած էր անոր թոռան` բժիշկ Ժորժ Հայէքի անձնական նախաձեռնութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Զահլէի Մէջ. Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ» Գիրքին Ներկայացումը

Յաջորդը

Դասական Երաժշտութեան Համերգ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?