Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. Տոքթ. Թորոս Թորանեան Եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան Ներկայացուցին Զաւէն Խանճեանի Զոյգ Հատորները

Մայիս 6, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-04-15_zaven-1Հայկազեան համալսարանի կազմակերպած ձեռնարկներուն ծիրին շարքին, երկուշաբթի, 4 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայ հասարակական գործիչ` Զաւէն Խանճեանի հեղինակած զոյգ հատորներու ներկայացումը:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ տոքթ. Թորոս Թորանեան յաջորդաբար ներկայացուցին հատորները` անդրադառնալով անոնց գրուելուն տուն տուող պատճառներուն, բովանդակութեան գլխաւոր խորագիրներուն եւ անոնց կարեւորութեան:

Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքահայութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան անդրադարձաւ գիրքերու հրատարակման պայմաններուն: 2007-ին եւ 2012-ին հրապարակուած` «Հալէպ. առաջին կայարան` եւ «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ՞ իմս» խորագրեալ զոյգ հատորները մաս կը կազմեն մեր պատմութեան:

«Ուղեգրութիւնը նորութիւն չէ մեր պատմութեան մէջ», շեշտեց դոկտ. Տագէսեան` յիշելով հայ նշանաւոր վիպագիր Րաֆֆիի ուղեգրութիւնները: Ան յայտնեց, թէ ուղեւորութիւնը կ՛ըլլայ երեք ուղղութեամբ: Ճանապարհորդութիւն դէպի սփիւռքահայ գաղութ, շատ հաւանաբար` միջին արեւելեան գաղութ մը, կամ` դէպի արդի Հայաստան եւ կամ` ուխտագնացութիւն դէպի պապենական Հայաստան:

«Այս գիրքը կ՛առնչուի Ցեղասպանութեան», ընդգծեց ան` տրուած ըլլալով, որ հեղինակը կը դրսեւորէ իր զգացումները դէպի իր պապենական բնօրրանը կատարած իր ուղեւորութեան` ուխտագնացութեան առիթով:

1960-ին Միքայէլ Եուսուֆեանով սկսած այդ ուղեւորութիւնները հետզհետէ ու յատկապէս 1980-ական թուականներէն ետք սկսան յաճախակի դառնալ: Դոկտ. Տագէսեան նշեց, որ Զաւէն Խանճեանի ուխտագնացութեան այս հատորը հարցադրումներ կը յառաջացնէ, թէ` ի՞նչ ըրինք վերջին 40-ամեակին. թրքական բնակչութեան կրկնապատկումն ու արդի Հայաստանի բնակչութեան կրճատումը, նուազումը: Ի՞նչն է փրկութիւնը եւ այլն: Ան ընդգծեց, որ հայը սակայն վարժուած է տոկալու դժուարութիւններուն եւ փորձանքներուն դէմ: Գիրքին բանալին այն զրոյցին, հարցադրումին մէջ է, որ տեղի կ՛ունենայ հեղինակ Զաւէն Խանճեանին եւ իր պապենական տան այժմու բնակիչին` Հիւսէյնին միջեւ, թէ` «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ՞ իմս»: Անդրադառնալով երկրորդ գիրքին` դոկտ. Տագէսեան դիտել տուաւ, թէ անիկա կը պատմէ, կը յիշէ ոչ միայն անցեալը իր փաստարկումներով, այլեւ` Հալէպի ներկայի իրավիճակը:

Ապա, դոկտ. Տագէսեան ներկայացուց օրուան յաջորդ բանախօսը` սուրիահայ մտաւորական տոքթ. Թորոս Թորանեանն ու բեմ հրաւիրեց զինք:

Տոքթ. Թորանեան իր կարգին ներկայացուց զոյգ հատորները: Ան յաճախ իր անձնական բարեկամութիւններու յուշերէն ալ մէջբերումներ կատարեց` տրուած ըլլալով, որ ինք ալ հալէպահայ հասարակական դէմքերէն եղած է: Ան խոր ցաւ յայտնեց Հալէպի եւ առհասարակ` Սուրիոյ վիճակուած այժմու կացութեան համար` դատապարտելով քանդումի մահասփիւռ արարքները: Անդրադառնալով Խանճեանի դէպի Վան, Արաբկիր, Ակն, Մշոյ Ս. Կարապետ վանք եւ այլուր կատարած ուխտագնացութեան յուշերուն` տոքթ. Թորանեան մէջբերեց գիրքի յառաջաբանին մէջ «Եղէգները չխոնարհուեցին» գիրքի հեղինակ Ստեփան Ալաճաճեանի տողերը, թէ «հայը ուր որ ալ երթայ իր անցեալը, իր ցաւը իրեն հետ կը տանի»: Թորանեան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Խանճեան ամոլին ընկերակցող ուխտագնացներու խումբը կը դիմաւորուի եւ կը հիւրասիրուի յատկապէս զազա քիւրտ գիւղացիներուն կողմէ: Թէ ինչպէ՛ս Խանճեաններու պապենական տան այժմու բնակիչ «Հիւսէյնին մայրիկը ապսպրած է, որ եթէ Խանճեաններէն մէկը գայ, հիւրասիրէ զինք, քանի հոս իրե՛նց տունը եղած է»:

Տոքթ. Թորանեան նշեց նաեւ Զաւէն եւ Սոնա Խանճեան ամոլին «Նուէրը» իրենց պապենական տան համար, ուր անոնք Արաբկիրի Ակն գիւղի իրենց տան մուտքին կը տնկեն ընկուզենիի թուփը: «Խանճեաններու այդ ընկուզենին երկար պիտի ապրի», ընդգծեց ան:

Այս առիթով հատորներէն հատուածներ կարդաց հեղինակին կինը` Սոնա Խանճեան, մերթ ընթ մերթ իր հաճելի ձայնով երգելով մէջբերուած Կանաչեանի թէ այլ հեղինակներու տողերը: Խանճեան իր ընթերցումներու ընդմէջէն յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս զազա քիւրտերը վճռած են «այլեւս չարտօնել քար մը կոտրել Մշոյ Ս. Կարապետ վանքէն, զոր թրքական պետութիւնը գիտակցօրէն քանդած էր 1946-ին»:

Ապա խօսք առաւ հեղինակը` Զաւէն Խանճեան, որ ցաւով իր «յուսահատ տպաւորութիւնը» յայտնեց Հալէպի ճակատագիրին գծով` նշելով, որ զանգակները կը զարնեն Կորուսեալ Հալէպի մը համար, որ չի նմանիր այլեւս 1920-ին ծնած, ծլած, ծլարձակած Հալէպին: Խանճեան մաղթեց, որ ինք սխալած ըլլայ` իր յոյսն ու գրաւը դնելով երիտասարդ նոր սերունդին վրայ: Իսկ ուխտագնացութեան իր յուշերուն անդրադառնալով Խանճեան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ էր անսալ հողին կանչին: «Բանթուրեանի «ներիր»-ով գացի, ներէ՛, որ ուշ եմ», ըսաւ Զաւէն Խանճեան, որ նախապէս դէմ եղած է Թուրքիա այցելութեան, սակայն հետագային հողին կանչը, իր պապենական տան կարօտը զինք մղած են նշեալ ուխտագնացութեան:

Իր կարգին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` յայտնելով, որ հայ ժողովուրդը իրարու կայարան է, հայը հայուն հարազատները կը փնտռէ, երբ տագնապի մէջ է: Ան իբրեւ օրինակ նշեց սուրիահայութեան պարագան, որուն համար մասամբ կայարան, կայարաններ եղան լիբանանահայութիւնը, Հայաստանը եւ այլն: Ժողովուրդ մը, որ իր հողերը կը կորսնցնէ եւ կը փնտռէ իր տունը, կ՛ապաստանի իր հարազատներուն մօտ, կը փնտռէ իր հարազատները:

«Գիրքը պարզապէս արտացոլումն է այն բաներուն, որոնց կարօտցած ենք», ընդգծեց վեր. Հայտոսթեան: Ան դիտել տուաւ, որ զոյգ հատորներուն հասոյթը պիտի յատկացուի Հայկազեան համալսարանի սուրիահայ ուսանողներու ֆոնտին: Ան նաեւ յիշեցուց, որ յառաջիկայ 24-27 մայիսին սուրիահայութեան յատուկ գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Աւարտին, Զաւէն Խանճեան մակագրեց իր զոյգ հատորները:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներու Վերաբերեալ

Յաջորդը

Զահլէի Մէջ. Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ» Գիրքին Ներկայացումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?