Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սաժես» Թատերասրահին Մէջ. Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Ներկայացուց «Կամուրջներ» Պարային Համոյթը

May 4, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_kna-3Հովանաւորութեամբ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին, անցնող շաբաթավերջին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբը Ժտէյտէի «Սաժես» թատերասրահին մէջ հանրութեան ներկայացաւ «Կամուրջներ» պարային համոյթով, գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` Յովհաննէս Խաչիկեան, օգնական պարուսոյց` Կարիկ Խաչիկեան:

Ծրագիրը բաղկացած էր երկու մասէ: Առաջին բաժինով ներկայացուեցան ազգագրական պարեր, «Հայուհի», «Քոչարի», «Անուրջներ», «Ձկնորսներ», «Հայոց աղջիկներ», «Վրացական» պարերը: Այս բաժինին մէջ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը,  որ ներկայացուց հնդկական եւ գնչուական պարեր, իսկ «Գայեանէ»-ի պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլը մեկնաբանեց «Գարուն» եւ «Թանկօ» պարերը:

Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ կը կրէր «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» թեման: Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ եղեռնական» ասմունքին ընկերակցեցան  տեսարաններ գաղթէն, որմէ ետք պարախումբը ներկայացուց կենդանի պատկեր մը` ցեղասպանութիւնը մարմնաւորող, որ խորունկ ազդեցութիւն ձգեց հանդիսատեսին վրայ: Վերջին բաժինով ցուցադրուեցան  հայ հերոսներու, արուեստագէտներու եւ տաղանդաւոր անձնաւորութիւններու նկարներ «Կա՛նգ, պիտի լինե՛նք, ու դեռ շատանանք» կարգախօսով, որուն յաջորդեց եզրափակիչ պարը` «Սարդարապատ»-ը:

Արդարեւ, հաւատալով, որ մշակոյթը ազգի մը գոյատեւման գլխաւոր ազդակներէն մէկն է եւ մեր ինքնութիւնը անիմաստ է առանց մեր հարազատ մշակոյթին, «Քնար» պարախումբը այս ելոյթով յաջողեցաւ կամրջել ներկան անցեալին, ընթանալով դէպի ապագայ:

Յայտնենք, որ ելոյթները պիտի շարունակուին նաեւ այս շաբաթավերջին` ուրբաթ, 8, շաբաթ, 9 եւ կիրակի, 10 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նոյն վայրին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

«Ազգի Մը Վերածնունդը»

Յաջորդը

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ» Հատորին Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը
Գաղութային

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը

March 13, 2026
Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական  Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ,  Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»

March 13, 2026
Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին  Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.