Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրոզ` Լիբանանցի Երեխաներուն Հետ

May 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-07-15_yuroz-1Հինգշաբթի, 7 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն սկսեալ, «Սոլիտեր»-ի «Պէյրութ Էքսհիպիշըն Սենթըր» պատկերասրահը լեցուն էր երեխաներու կենսալից ճռուողիւններով:

Ուրախ էին երեխաները, ուրախ էին նաեւ անոնց մայրերը եւ բոլոր ներկաները: Օրը տօնական էր կարծես:

Պատճա՞ռը…

Քանի մը օր առաջ Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութ եկաւ աշխարհահռչակ կերպարուեստագէտ Եուրոզ (Եուրի Գէորգեան)` յատուկ քաջալերելու համար Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսը: Ան բացման հանդիսութեան առաջին օրն իսկ խոստացաւ ներկաներուն նկարազարդել հարիւր լիբանանցի երեխաներու հագուստները անվճար: Երեխաները շարան-շարան եկան, եւ Եուրոզ իրեն յատուկ կատակներով ընդունեց երեխաները եւ նկարազարդեց անոնց հագուստները: Սակայն, պատահեցաւ նաեւ հետեւեալը. որովհետեւ օրը աշխատանքային էր, ոմանց համար անպատեհ ըլլալով, զրկուեցան այս առիթէն: Բազմաթիւ ծնողներ հեռաձայնեցին եւ խնդրեցին, որ առիթ մը եւս ընծայուի իրենց: Եուրոզ որոշեց ուրիշ առիթ մը եւս տալ` բաւարարելու համար արուեստասէր հանրութեան փափաքը:

Առ այդ, որոշուեցաւ կիրակի, 10 մայիսի կէսօրուան ժամը 2:00-էն մինչեւ 6:00 տրամադրել երեխաներու հագուստներու նկարազարդման, նոյն վայրին մէջ:

Այս նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ է եւ յատուկ պատգամ մը կը պարունակէ իր մէջ: Եուրոզ թրքական վայրագութեան կը պատասխանէ արուեստով, գեղեցկութեամբ, առաւել եւս գեղեցկացնելով անմեղ երեխաները:

Եուրոզ առաջին անգամը չէ, որ նման մարդկային վերաբերմունքով կը պատասխանէ անմարդկային արարքներուն: Տրուած ըլլալով, որ ան ընթացիկ ապրիլ ամսուան ընթացքին կը մասնակցէր Նիւ Եորքի «Արթ Էքսփօ»-ին, Ապրիլ 24-ին մոմեր կը բաժնէ բոլոր այցելուներուն եւ կը հրաւիրէ զանոնք իր տաղաւարը: Երբ վառուած մոմերը իրենց ձեռքերուն մէջ կը հաւաքուին արուեստասէրներն ու մամլոյ ներկայացուցիչները, ան ելոյթ կ’ունենայ եւ կը բացատրէ ներկաներուն մոմավառութեան շարժառիթն ու կը մեկնաբանէ Հայոց ցեղասպանութեան խորհուրդն ու իմաստը:

Անգամ մը եւս յիշեցնենք, թէ կը խնդրուի այն բոլորէն, որոնք տրամադրուած են օգտուելու Եուրոզի ներկայութենէն, որ իրենց երեխաներն ու պատանիները յիշուած ժամուն բերեն «Պէյրութ Էքսհիպիշըն Սենթըր», ուր Եուրոզ սիրայօժար կերպով պիտի նկարազարդէ անոնց սպիտակ շապիկները (Թի. շըրթ):

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Ձայներ Լիճէն» Եւ «Գերմանիան Եւ Գաղտնի Ցեղասպանութիւնը» Ժապաւէններու Ներկայացում

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.