Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրտագիտութեան Կեդրոն»-ին Կազմակերպութեամբ. «Միջին Արեւելքի Ժողովուրդներու Ցեղասպանութեան Եւ Ջարդերուն Մասին» Համաժողով

May 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_vera1Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի Սուլայմանիէ համալսարանի «Քրտագիտութեան կեդրոն»-ին կազմակերպութեամբ` 29-30 ապրիլին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համաժողով մը` «Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն մասին» խորագիրով: Յատուկ հրաւէրով այս խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան:

Համաժողովին նշանաբանն էր այն, որ իրականութեան ճանաչումը բանալին է ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան: Անոր կը մասնակցէին ուսումնասիրողներ եւ մասնագէտներ` քրտական ինքնավար շրջանէն եւ արտասահմանէն. անոնք ներկայացուցին ուսումնասիրութիւններ, թեզեր, պատմութիւններ, ցուցահանդէսներ` քիւրտերու եւ այլ ժողովուրդներու-կրօններու ցեղասպանութեան ու ջարդերուն վերաբերող: Ներառուած էին նաեւ եզիտիներուն դէմ գործուած ջարդերուն ու հալածանքներուն վերաբերող բանախօսութիւններ` պատմական, քաղաքական, իրաւական եւ մշակութային տեսանկիւններէ:

Համաժողովը կեդրոնացաւ երեք թեմաներու վրայ` 19-րդ եւ 20-րդ դարերու ջարդեր, Անֆալի եւ քիւրտերու ցեղասպանութիւնը Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան շրջանին եւ եզիտիներու ջարդեր եւ ցեղասպանական արարքներ:

5-05-15_veraՎերա Եագուպեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւն նիւթը: Ան անդրադարձաւ պատմականին` ներկայացնելով թիւեր, փաստեր, շօշափելի տուեալներ, նաեւ` թուրքերու եւ օտարներու վկայութիւններուն վրայ հիմնուելով: Վ. Եագուպեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ քրտական կարգ մը ցեղախումբերու մասնակցութիւնը, ինչ որ քննարկումի նիւթ դարձաւ համաժողովին մասնակիցներուն, յատկապէս քիւրտ երիտասարդ ուսանողներու կողմէ, որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին այս կէտին շուրջ յատկապէս:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին նաեւ քրտական եւ իրաքեան բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք լայնօրէն անդրադարձան ո՛չ միայն խորհրդաժողովին, այլ նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան: Վերա Եագուպեանին հետ կատարուեցան հարցազրոյցներ թէ՛ մամուլին եւ թէ՛ պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներուն կողմէ: Զրոյցներուն ընթացքին հիմնականօրէն շեշտը դրուեցաւ հայ-քիւրտ պատմական յարաբերութիւններուն, հասարակաց պատմական կէտերու եւ անցեալի պատմական փորձառութեան վրայ, հիմնուած` ապագայի միացեալ գործակցութեան վրայ, որուն ճամբով երկու ժողովուրդները կրնան տիրանալ իրենց իրաւունքներուն:

 

 

Նախորդը

Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ Ձայներ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.