Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Նիւ Ճըրզիի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Նիւ Ճըրզիի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ կատարուած հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Նիւ Ճըրզի: Հինգշաբթի, 14 մայիս 2015-ի երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ եւ ոստիկանական ջոկատի ուղեկցութեամբ հասաւ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւին եւ քահանայ հայրերուն, հոգաբարձութեան, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Եկեղեցւոյ մուտքին տեղի ունեցաւ հացի ու աղի օրհնութիւն եւ ապա վեհափառ...

«Պէտք Է Զգուշ Ըլլալ Հալէպի Հայութեան Մասին  Անհիմն Տեղեկութիւններ  Փոխանցելէ Ու Կարծիքներ Յայտնելէ»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Պէտք Է Զգուշ Ըլլալ Հալէպի Հայութեան Մասին Անհիմն Տեղեկութիւններ Փոխանցելէ Ու Կարծիքներ Յայտնելէ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Չորեքշաբթի, 13 մայիս 2015-ի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի համայնքային շուրջ 100 պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Սիսի կաթողիկոսարանի պատմական կալուածի վերադարձին գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատին, Սուրիոյ հայութեան, Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան: Պատասխանելով...

Համագաղութային Մասնակցութեամբ  52.522 Տոլար Յանուն Արցախի Հզօրացման

Համագաղութային Մասնակցութեամբ 52.522 Տոլար Յանուն Արցախի Հզօրացման

Շուշիի ազատագրութեան 23-ամեակին առիթով եւ Արցախի հզօրացման ի նպաստ երէկ` հինգշաբթի, 14 մայիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 տեղի ունեցաւ ռատիոթոն մը, որուն ընթացքին լիբանանահայութեան հաւաքական ներդրումով կարելի եղաւ գոյացնել 52.522 տոլար: Լիբանանի մէջ  գործող «Արցախ ֆոնտ»-ին կողմէ «Վանայ ձայն»-էն կատարուած ռատիոթոնին ընթացքին կատարուեցան հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին ներկայացուեցան ֆոնտին աշխատանքները, Արցախի եւ մասնաւորաբար սահմանամերձ ազատագրուած տարածքներուն...

Գրիգոր Ակոբեանի «Այբուբեն» Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

Գրիգոր Ակոբեանի «Այբուբեն» Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի ընդարձակ երկու սրահները իւրայատուկ հրապոյր մը ունէին` պատկերազարդուելով գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի գեղանկարներով եւ մանաւանդ Այբուբենի նկարներով: Հայոց  36 տառերը իւրայատուկ խորհրդաւորութեամբ կը պարուրէին անոնց դիմաց կանգնողը եւ մտաբերել կու տային մայրենի լեզուի քաղցրութիւնն ու հմայքը, անոր արժէքը, գեղեցկութիւնն ու դարաւոր պատմութիւնը: Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի «Այբուբեն» ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Միացեալ  Նահանգներու Մէջ Լիբանանի Դեսպանին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Միացեալ Նահանգներու Մէջ Լիբանանի Դեսպանին

Երկուշաբթի, 11 մայիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտին: Դեսպանը ողջունեց վեհափառ հայրապետին Լիբանանի դեսպանատուն այցելութիւնը: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին նշեց, որ օտար երկիրներ այցելութեանց ընթացքին իրեն համար պարտականութիւն կը նկատէ այցելել Լիբանանի դեսպանատուները եւ մօտէն հետաքրքրուիլ դեսպանատան աշխատանքներով: Վեհափառ հայրապետին եւ լիբանանցի դիւանագէտին միջեւ խօսակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Միջին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին առաջարկով եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, 9-16 ապրիլին տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի ցուցահանդէսը: Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններ լիբանանահայ գաղութին ծանօթ են հայ մշակոյթին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած գուրգուրանքով եւ նիւթաբարոյական հետեւողական աջակցութեամբ:  Այս առիթով եւս անոնք գեղեցիկ եւ օրինակելի գաղափարը յղացան այս ցուցահանդէսին ամբողջ հասոյթը` 13,000 ամ. տոլար նուիրելու Հայոց...

Հայրենի Երիտասարդ  Երաժիշտներ Այցելեցին «Ազդակ»

Հայրենի Երիտասարդ Երաժիշտներ Այցելեցին «Ազդակ»

Երէկ` չորեքշաբթի, 13 մայիսին «Ազդակ» այցելեցին հայրենի երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք Լիբանան կը գտնուին մասնակցելու Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին տալիք ելոյթին: Ժողովրդային տարբեր գործիքներ նուագող երիտասարդներուն կ՛ընկերակցէր գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան, որ իրենց ծանօթացուց «Ազդակ» օրաթերթն ու անոր գործունէութիւնը: Հայրենի երիտասարդ երաժիշտները իրենց նուագակցութեամբ պիտի միանան 17 մայիս 2015¬ի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»¬ին մէջ տեղի ունենալիք...

Հալէպի Կացութեան Շուրջ Հարցազրոյց`  ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Հետ

Հալէպի Կացութեան Շուրջ Հարցազրոյց` ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Հետ

Գաղութի Ճակատագիրը Գաղութի Ղեկավարութեան Պատասխանատուութիւնը Չէ Միայն, Այլ Նաեւ Համահայկական Որոշում Մը Կ՛ենթադրէ» Երէկ` երեքշաբթի, 12 մայիս 2015-ին, «Ազդակ» օրաթերթն ու «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ունեցան միացեալ հարցազրոյց մը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Պչաքճեան նոր վերադարձած է Հալէպ կատարած իր այցելութենէն, հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ...

Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներուն  «Մանկավարժական Մշակման Օր»-ը Շեշտը Դրաւ  Աշակերտներուն Մօտ Քննական  Մտածողութեան Զարգացման Վրայ

Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներուն «Մանկավարժական Մշակման Օր»-ը Շեշտը Դրաւ Աշակերտներուն Մօտ Քննական Մտածողութեան Զարգացման Վրայ

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երեքշաբթի, 12 մայիս 2015-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր», մասնակցութեամբ` Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ տնօրէններուն: Ուսումնական խորհուրդին անունով Սիլվա Փափազեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան նպատակն է միասնաբար բաժնեկցիլ մեր գիտելիքներն ու փորձառութիւնները, նաեւ մանկավարժական միջավայրին մէջ...

«Մեզի Համար Մեր Ազգային Պահանջատիրութիւնը  Շրջագիծ, Թուական Եւ Վայր Չի՛ Ճանչնար. Մեր Նպատակն Է Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչումը Եւ Հատուցումը»  Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեզի Համար Մեր Ազգային Պահանջատիրութիւնը Շրջագիծ, Թուական Եւ Վայր Չի՛ Ճանչնար. Մեր Նպատակն Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Եւ Հատուցումը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 10 մայիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հովուապետական այցելութեան սկսաւ եւ այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր սուրբ եւ անմահ պատարագին ներկայ գտնուեցաւ եւ հայրապետական պատգամը փոխանցեց ներկայ ժողովուրդին: Օշական արք. Չօլոյեան յանուն ներկայ ժողովուրդին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ ընդառաջեց Ազգային վարչութեան եւ իր հրաւէրին ու հովուապետական այցելութեան համար եկաւ Միացեալ Նահանգներ: Ապա,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ծիրին Մէջ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Երկրորդականի Բաժիններու Հունձքի Աննախընթաց Հանդիսութիւն՝ 296 Շրջանաւարտով

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ծիրին Մէջ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Երկրորդականի Բաժիններու Հունձքի Աննախընթաց Հանդիսութիւն՝ 296 Շրջանաւարտով

Բարձր հովանաւորութեամբ երեք հայ համայնքապետերուն, հովանաւորութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, նախագահութեամբ  կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար էլիաս Ապու Սաապի եւ կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, շաբաթ, 9 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին- «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու աւարտական դասարաններու հունձքի հանդիսութիւն, նուիրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին։ Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու...

Աննախընթաց Նախաձեռնութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. «Օքթոփըս Թիմ» Ակումբի Սուզորդները Մեծ Խաչ Մը Տեղադրեցին Ծովուն Յատակը՝ 35 Մեթր Խորութեան Վրայ

Աննախընթաց Նախաձեռնութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. «Օքթոփըս Թիմ» Ակումբի Սուզորդները Մեծ Խաչ Մը Տեղադրեցին Ծովուն Յատակը՝ 35 Մեթր Խորութեան Վրայ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին ու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ «Օքթոփըս Թիմ» ջրասուզման ակումբին, կիրակի, 10 մայիսի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, «Կրին Պիչ – Ժունիէ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ծովու յատակին խաչի տեղադրման արարողութիւն, նուիրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին։ Արդարեւ, «Օքթոփըս Թիմ» ջրասուզման ակումբի հիմնադիր Անդրանիկ Սողոմոն Հատտատ (Տեմիրճեան),...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով.  «Երուանդ Օտեան» Թատերախումբը  Բեմ Բարձրացուց «Գարնան Երեք Օրեր» Թատերախաղը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. «Երուանդ Օտեան» Թատերախումբը Բեմ Բարձրացուց «Գարնան Երեք Օրեր» Թատերախաղը

Անցնող շաբաթավերջին` 7, 8, 9, 10 (կալա) մայիսին Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հանրութեան ներկայացաւ «Գարնան երեք օրերը» թատերախաղով, հեղինակ եւ բեմադրիչ` Վաչէ Ատրունի: Թատերական կտորին մէջ դերեր ստանձնած էին Յարութ Թորոսեան, Տիրան եւ Պեթի Սարգիսեաններ, Կասիա Թոփուշեան, Սթեֆանի Ղուկասեան, Մակի Վասիլեան, Առնօ Ճինանեան եւ Կարօ Պասմաճեան: Վաչէ Ատրունի իր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի  Եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի  Գրասենեակի Պատասխանատուներու Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակի Պատասխանատուներու Հետ

Ուաշինկթընի մէջ շարունակելով իր հանդիպումները պետական, համայնքային եւ կրօնական ներկայացուցիչներու հետ, ուրբաթ, 8 մայիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Պաշտպանութիւն քրիստոնէութեան» ամերիկեան համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիի եւ աւագ խորհրդական Անտրու Տորանի: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական համայնքներու գծով յիշեալ համախմբումին կատարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վերջերս հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գծով անոր կատարած զօրակցական...

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային  Համալիրին Մէջ.  «Արա Եւ Հուրի Պապիկեան» Սրահի  Պաշտօնական Բացում

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ. «Արա Եւ Հուրի Պապիկեան» Սրահի Պաշտօնական Բացում

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն-խորհուրդի կազմակերպութեամբ «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 10 մայիս 2015, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, համանուն համալիրին մէջ: Րաֆֆի Թիւթէլեան Յակոբ Քէշիշեան «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահի բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն-խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Թիւթէլեան: Ան ըսաւ, թէ հինգ տարի առաջ սրահի շինութեան աշխատանքները սկսան, երբ կարիքը կը զգացուէր բազմատեսակ կարիքներ գոհացնող...

Ոգեկոչում` Արցախեան Ազատամարտի  Լիբանանահայ Նահատակ  Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Ոգեկոչում` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Հայկական տհոլ զուրնան կը լսուէր Շուշիի բարձունքներէն, Շուշին ազատագրուած էր: 9 մայիս 1992-ին, Վիգէնին երազը կ՛իրականանայ... սակայն Վիգէնը չկար: Վիգէնը իր հոգին յանձնած էր Աստուծոյ, անոր մարմինը հանգչած էր հայրենիքի հողին մէջ: Վիգէնը Հայ յեղախոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան անդամ էր, եւ լիբանանահայ դաշնակցական երիտասարդը չի  կրնար մոռնալ նուիրեալ ընկերոջ յիշատակը: Երէկ` կիրակի, 10 մայիսին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին  կազմակերպութեամբ...

Հաղորդագրութիւն. Ազգային Վարժարաններ Յաճախող Աշակերտներու Ծնողներու Ուշադրութեան

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի հովանաւորութեամբ, երրորդ տարին ըլլալով երեքշաբթի, 12 մայիս 2015-ին, տեղի պիտի ունենայ Ազգային վարժարաններու յատուկ «Մանկավարժական մշակման օր» մը: Տարեկան ծրագիրին մէջ 12 մայիսը նկատի առնուած է իբրեւ արձակուրդ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան համար, մինչ բոլոր ուսուցիչներն ու տնօրէնները հրաւիրուած են մասնակցելու «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան աշխատանքներուն: «Մանկավարժական մշակման օր»-ը առիթ մըն է Ազգային վարժարաններուն մէջ ծառայող կրթական մշակներուն`...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ին,  Ազգային Ազատ Հոսանքին  Եւ Ասորիներու Լիկային.  Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ցեղասպանութեան  Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` Քաղաքական  Բարձր Մակարդակի Ներկայութեամբ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ին, Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ Ասորիներու Լիկային. Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` Քաղաքական Բարձր Մակարդակի Ներկայութեամբ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Ասորիներու լիկային, Լիբանանի Նահատակաց օրուան զուգադիպող չորեքշաբթի օրուան երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ...

Լիբանանահայ Աշակերտութիւնը Յարգեց Լիբանանի Նահատակներուն Յիշատակը

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, չորեքշաբթի,  6 մայիս 2015-ի կէսօրուան ժամը 12:00- 1:00, Լիբանանի Նահատակաց օրուան առիթով Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի, Հայ Աւետարանական քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է....

«Ձայներ Լիճէն» Եւ «Գերմանիան  Եւ Գաղտնի Ցեղասպանութիւնը»  Ժապաւէններու Ներկայացում

«Ձայներ Լիճէն» Եւ «Գերմանիան Եւ Գաղտնի Ցեղասպանութիւնը» Ժապաւէններու Ներկայացում

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի կազմակերպած Միքայէլ Յակոբեանի «Ձայներ լիճէն» եւ «Գերմանիան եւ գաղտնի ցեղասպանութիւնը» ժապաւէններու ներկայացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 7 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սիթի Մոլ»-ի շարժապատկերի «Սինեմասիթի» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ համացանցի «Սոտեթել» ընկերութեան: Ներկայացման ներկայ եղան  Միքայէլ Յակոբեանի կինը` Անթուանեթ Յակոբեան եւ «Հայկական ֆիլմ» հիմնադրամի տնօրէն` Քարլա Կարապետեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրաչ Թոքաթլեան: Ան բարի...

Page 347 of 364 1 … 346 347 348 … 364

Արխիւներ