Կազմակերպութեամբ «Սոլիտեր»-ին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ գործակցութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահին, երէկ` երկուշաբթի, 4 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Պէյրութ Էքսհիպիշըն Սենթըր»-ին մէջ տեղի ունենցաւ «Ազգի մը վերածնունդը» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը, որ կը վայելէր Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ Արտա Եանիքեան ներկայացուց բացման խօսքը: Ան ներկաները ողջունելէ ետք ընդգծեց կարեւորութիւնը պատմական իրողութիւններուն, որոնք կ՛արձանագրեն մարդկային ծնունդն ու անոր յաջորդող հանգրուաններն ու յառաջդիմութիւնները` զանոնք նկատելով միակ ճշմարտութեան աղբիւրը: «Հայոց պատմութիւնը, որ արմատացած է իր զօրութեան մէջ, հարուստ է իր եղելութիւններով: Հայ ժողովուրդը պայքարեցաւ եւ յաղթահարեց բոլոր տեսակի խոչընդոտներուն, իսկ այսօրն ալ փաստ է, թէ հարիւր տարիներ ետք մենք կառչած ենք մեր ինքնութեան ու արժանիքներուն», շեշտեց Եանիքեան:
Ան նաեւ հաստատեց, որ հայրենիքներն ու ժողովուրդները կը գոյատեւեն իրենց մշակոյթով, արուեստով, գիտութեամբ եւ զարգացումով, որուն փաստացի օրինակն է սոյն ցուցահանդէսը, որուն մասնակից հայ արուեստագէտները իրենց զգացումները արտայայտած էին իրենց իւրայատուկ արուեստով: Եանիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի` սոյն ցուցահանդէսին ներկայ գտնուելուն համար, ապա բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին յաջողցնելու համար սոյն ցուցահանդէսը: Ինչպէս նաեւ ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Նոազ Արք» ցուցասրահին, որ կազմակերպեց ցուցահանդէսը եւ հրատարակեց այն պատկերազարդ գիրքը, ուր զետեղուած էին սրահին մէջ ցուցադրուած հարիւրէ աւելի կերպարուեստի ստեղծագործութիւնները, որոնց շարքին էին Յովսէփ Փուշմանի, Շարթի, Վրոյրի, Այվազովսքիի, Երուանդ Քոչարի, Ժանսեմի, Գառզուի, Մ. Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Լեւոն Թիւթիւնճեանի, Փոլ Կիրակոսեանի, Փանոս Թերլեմեզեանի նման գեղանկարիչներու լաւագոյն գործերը` ի սպաս դնելով զանոնք արուեստասէր հանրութեան:
Եանիքեան փակեց խօսքը իր հպարտանքը արտայայտելով հայ ազգի զաւակներուն եւ արուեստագէտ ժառանգորդներուն նկատմամբ, որոնց միջոցով պիտի շարունակուի հայ ազգի պատմութիւնը:
«Նոազ Արք» կեդրոնին կողմէ փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Ան նախ եւ առաջ լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մշակոյթները, որոնք դերակատար դարձան Լիբանանի պատմութեան կերտումին մէջ: Ան շեշտեց Լիբանանի դիրքին կարեւորութիւնը արուեստի աշխարհին մէջ` զայն նկատելով արեւելեան կամուրջ մը դէպի Եւրոպայ եւ այլուր: «Այսպէ՛ս, հայ ժողովուրդը իր արուեստին միջոցով գոյատեւեց եւ դարձաւ մարդկային մշակութային հիմնական կորիզներէն մէկը», ըսաւ Հերկելեան:
Ան իր խօսքը փակեց մատնանշելով զօրութիւնը այն ազգին, որուն դէմ 100 տարիներ առաջ բնաջնջման փորձ կատարուեցաւ: «Մենք կը հաւատանք, որ արուեստով եւ ներշնչումի, գեղագիտական հզօրութեամբ կ՛արգիլենք ապագայի ցեղասպանութիւնները», շեշտեց Հերկէլեան:
Ապա Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան անգլերէնով ուղղեց իր սրտին խօսքը, որուն ընդմէջէն դեսպանը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ գաղութին եւ անոր ցուցաբերած յարգանքին` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ան լուսաբանեց ցուցահանդէսին խորագիրը` «Ազգի մը վերածնունդը», որ խորհրդանիշ է ուժի:
«Սոլիտեր» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մունիր Տուէյտի նոյնպէս ուղղեց իր սրտին խօսքը: Ան հաստատեց, որ հայերը անբաժան մաս կը կազմեն Լիբանանին եւ անոր մշակոյթի յառաջդիմութեան: «Հայե՛ր, դուք, տուիք Լիբանանին հրաշալի գեղանկարչութիւն, երաժշտութիւն եւ այլ տեսակի գեղեցիկ արուեստներ: Ձեր դերը անժխտելի է», ընդգծեց ան: Տուէյտի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներէն եկած գեղանկարիչ Եուրոզին (Եուրի Գէորգեանին), որ երբ լսած է ցուցահանդէսին մասին, անմիջապէս որոշած է գալ Պէյրութ` քաջալերելու համար հայ մշակութային այս բացառիկ ձեռնարկը: Ապա Եուրոզն ալ իր կարգին հակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ` շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանին եւ անոր ցուցաբերած քաջալերանքին:
Նշենք, որ Եուրոզ «Ազգի մը վերածնունդը» խորագրեալ ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ 2004 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէ իրեն պատուիրուած եւ դրոշմաթուղթի վերածուած «Մարդկային իրաւանց» շարքի մէկ գեղանկարին տարբերակով:
Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի արտայայտեց իր սրտի խօսքը: Ան նախ եւ առաջ ակնարկեց հայոց դարաւոր պատմութեան` յիշելով Հռոմի Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին պատգամը եւ Թուրքիոյ անգիտակից վերաբերմունքն ու ժխտումը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ: Արայժի նախ եւ առաջ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդի համարկումին` հաստատելով, որ Լիբանանը բազմատարրութեան հայրենիք է, ապա` գնահատեց հայ ժողովուրդի միասնականութեան ոգին` օրինակ տալով արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանի մահուան ժամանակ հայ ժողովուրդին ունեցած վերաբերմունքը:
Նշենք, որ Եուրոզ հինգշաբթի, 7 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 8:00-ի միջեւ «Պէյրութ Էքսհիպիշըն Սենթըր»-ին մէջ իրեն յատուկ խորհրդանիշերով պիտի պատկերազարդէ ու ստորագրէ հարիւր երեխաներու սպիտակ շապիկներու վրայ, անոնց, որոնք այդ օր կ՛այցելեն ցուցահանդէսը: Նշենք նաեւ, որ սոյն ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 26 մայիս 2015, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: