Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգի Մը Վերածնունդը»

May 4, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC09950Կազմակերպութեամբ «Սոլիտեր»-ի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ գործակցութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահին այսօր` երկուշաբթի, 4 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի պիտի ունենայ բացումը յատկանշական ցուցահանդէսի մը, որ կը վայելէ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութիւնը:

Ցուցադրութեան դրուած են հարիւրէ աւելի կերպարուեստի ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին Յովսէփ Փուշմանի, Շարթի, Վրոյրի, Այվազովսքիի, Երուանդ Քոչարի, Ժանսեմի, Գառզուի, Մ. Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Լեւոն Թիւթիւնճեանի, Փոլ Կիրակոսեանի, Փանոս Թերլեմեզեանի նման գեղանկարիչներու լաւագոյն գործերէն:

Առանց չափազանցութեան, Լիբանանի եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի մէջ, այս տարողութեամբ եւ այս որակով հայ կերպարուեստը կը ներկայացուի օտար հանրութեան:

Երեւոյթը աննախընթաց է, եւ այս պատճառով Եուրոզ (Եուրի Գէորգեան) երբ կը լսէ ցուցահանդէսին մասին, անմիջապէս կ՛որոշէ գալ Պէյրութ` քաջալերելու հայ մշակութային այս բացառիկ ձեռնարկը:

Ան երէկ ուշ գիշերին օդակայանէն ուղղակի հասաւ եւ այցելեց «Ազդակ»` տեղեկանալու համար ցուցահանդէսի մանրամասնութիւններուն:

Մենք կ՛ողջունենք իր գալուստը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն:

Եուրոզ Լիբանանի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը արուեստասէր հասարակութեան կու գայ յայտարարելու,  թէ «Ազգի մը վերածնունդը» ցուցահանդէսի բացման առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 4 մայիս, 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին,

«Պէյրութ Էքսհիպիշըն Սենթըր»-ին մէջ, Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան եկած է արուեստագէտ Եուրոզ:

Եուրոզ իրեն հետ կը բերէ 2004 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէ իրեն պատուիրուած եւ դրոշմաթուղթի վերածուած «Մարդկային իրաւանց» շարքի մէկ գեղանկարի տարբերակը:

Ան երկուշաբթի, 4 մայիսի երեկոյեան արուեստասէր հասարակութեան հետ հանդիպելէ ետք, հինգշաբթի, 7 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը

4:00-8:00-ի միջեւ «Պէյրութ Էքսհիպիշըն Սենթըր»-ին մէջ իրեն յատուկ խորհրդանիշերով պիտի պատկերազարդէ ու ստորագրէ հարիւր երեխաներու սպիտակ շապիկներու վրայ, անոնց, որոնք այդ օր կ՛այցելեն ցուցահանդէսը:

Ծնողներէն կը խնդրուի նկատի առնել այս  պարագան:

 

 

 

Նախորդը

Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան Իր «Ծաղկում»-ը Կը Նուիրէ «Ազդակ»-ին

Յաջորդը

«Սաժես» Թատերասրահին Մէջ. Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Ներկայացուց «Կամուրջներ» Պարային Համոյթը

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

February 10, 2026
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Մահազդ

February 10, 2026
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Մահազդ

February 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.