Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի Բացում` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Մայիս 1, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-30-15_yegh-4Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, որմէ ետք բացումը կատարուեցաւ ապրիլեան յուշակոթողին:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Քրիստ Իսկենտերեան բացումը կատարեց ձեռնարկին եւ իր ողջոյնի խօսքին մէջ պատմական յետադարձ ակնարկով սեղմ գիծերու մէջ թուեց հայութեան կրած տառապանքները եւ անոր գոյատեւելու ճիգերը` վերահաստատելով, որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը: «Հակառակ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան, պիտի շարունակենք պայքարը, լեռներ քանդող մեր հաւատքով», ընդգծեց Իսկենտերեան: Ապա ան ներկայացուց յայտագիրին գլխաւոր խորագիրները` յաջորդաբար բեմ հրաւիրելով օրուան բանախօսները:

Կարօ  Յովհաննէսեան
Կարօ Յովհաննէսեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ  Յովհաննէսեան, որ պատմական սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք հայութեան պահանջատիրական պայքարի հանգրուանները` 1878-ի Սան Ստեֆանոյէն մինչեւ 1920-ի Սեւրը, ան ընդգծեց, որ պէտք է նախ հայը հայո՛ւն ծանօթացնել եւ նոր սերունդին փոխանցել Թուրքիոյ իրական պատկերը եւ հայութեան պայքարը դարձնել ամէնօրեայ ու հետեւողական պայքար, առանց սպասելու ամեակներու եւ նոր Ապրիլ 24-ներու: Շեշտելով Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի անկիւնադարձային հանգրուանը` Յովհաննէսեան խիստ բարձր գնահատեց զօրակցական նորանոր կեցուածքները, յատկապէս` Հռոմի պապին եւ Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թուրքիա ծունկի կու գայ ուժին առջեւ եւ պէտք է համապատասխան կեցուածք ցուցաբերել`  ուժին ուժո՛վ պատասխանել, նշեց Յովհաննէսեան` դիտել տալով, որ Հայաստանի 7/10-րդ տարածութիւնը` 112 հազար քառ. քիլոմեթրը այսօր բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ: Ան մէջբերեց Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին Ճափոնի կեցուածքը, որ պարտուած ըլլալը ընդունելով վճռած էր «զօրանալ» ու դառնալ ուժեղ պետութիւն: Յովհաննէսեան շեշտեց պայքարի հետեւողական շարունակութեան կարեւորութիւնը` ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ:

Խօսք առաւ նաեւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան, որ նախ արաբերէնով եւ ապա հայերէնով արտասանած իր խօսքերով ողջունեց ներկաները` ցաւ յայտնելով, որ մարդկութիւնը ձախողեցաւ եւ հարիւր տարիէ ի վեր ուշացաւ արդարութիւնը իրագործելու: Գերմանիոյ նման գերպետութեան մը ճանաչումէն ետք, այլեւս Թուրքիոյ կը մնայ տեղի տալ եւ ընդունիլ իրականութիւնը: Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձնաւորութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք իրենց  կեցուածքներով թէ պաստառներ ցուցադրելով իրենց հաստատութիւններուն վրայ զօրակցեցան հայութեան: Ղազարեան նաեւ նշեց, որ հայութեան կողքին օսմանցի թուրքին թիրախ դարձան նաեւ բոլորը, որոնք սակայն մոռցած են կամ կ՛անգիտանան յատկապէս Մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը: «Ոմանք սակայն անգիտանալ ձեւացան եւ թրքական դրօշակներ պարզեցին, անոնց կ՛ըսեմ` եթէ դուք մոռցաք, մենք ձեր տեղ կը յիշենք ու կը յիշեցնենք, Աստուած թող ներէ ձեզ», ըսաւ Ղազարեան: Զոհրապ Ղազարեան այս առիթով վերահաստատեց հայութեան պայքարի վճռակամութիւնը եւ ըսաւ. «Պիտի պայքարինք մինչեւ արդարութեան հատուցումը եւ պիտի վերատիրանանք մեր հողերուն»: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան, յատկապէս` Հրայր Սարգիսեանին եւ Նորա Ապաճեանին` իրենց նիւթական աջակցութեան համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գօգօ Ճենանեանին, որուն մտայղացումով ու աշխատութեամբ կարելի եղաւ իրագործել 100-ամեակի յուշակոթողը:

Իր խօսքի աւարտին տնօրէն Ղազարեան բեմ հրաւիրեց «Մուքթատա» կրթական համալիրի պատասխանատուներէն շէյխ Պիլալ Աուատան, որ արաբերէնով ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ խորապէս զգացուած է: Ան խիստ բարձր գնահատեց հայութեան գոյատեւելու կամքն ու պահանջատիրութեան վճռակամութիւնը: Շէյխ Աուատա դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` ընդգծելով, որ իսլամական կրօնը անպարտ է նման ոճիրէ: Ան մէջբերումներ կատարեց Յիսուսի եւ Մոհամետ մարգարէի խօսքերէն` նշելով անոնց զոհաբերութեան ոգին` իրենց հետեւորդներուն եւ առհասարակ մարդկութեան փրկութեան համար: Ան զուգահեռ մը գծեց անցեալի եւ ներկայի նմանօրինակ դէպքերուն միջեւ` շեշտելով, որ պայքարը կանգ պիտի չառնէ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդարութեան հատուցումը, Քեսապէն մինչեւ Մաալուլա եւ անդին, ուր դէպքերը կը կրկնուին ու հայութիւնը, քրիստոնէութիւնը, մարդկութիւնը թիրախ է նոյն յանցագործներուն: Շէյխ Պիլալ Աուատա նաեւ գնահատեց քոլեճի աշակերտութեան ներկայացումները. «Աշակերտները յաջող կերպով փոխանցեցին պատգամը», հակառակ լեզուի տարբերութեան:

Իր կարգին, խօսք առաւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ յետադարձ հակիրճ ակնարկով նշեց հայոց ապրած գողգոթան ու կրած տառապանքները եւ վերապրելու, գոյատեւելու վճռակամութիւնը: «Այսօր դարձեալ ոտքի է հայը եւ կը պահանջէ իր արդար իրաւունքը», ընդգծեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան անհրաժեշտ նկատեց նորահաս սերունդներուն փոխանցել հայութեան աննկուն կամքն ու վճռակամութիւնը, թէ ի՛նչ հաւատքով հայը ողջ մնացած է: Ան վեր առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած բազմաթիւ ձեռնարկները` մաղթելով, որ յառաջիկայ տարիներուն ալ պայքարը կը շարունակուի նոյն եռանդով: Սրբազան հայրը այս առիթով գնահատեց քոլեճի այս նախաձեռնութիւնը եւ յատկապէս աշակերտութեան դերակատարութիւնը անոր իրագործման մէջ:

4-30-15_yegh-8Ապա ներկաները համախմբուեցան քոլեճի շրջափակը, ուր առաջնորդ սրբազանը, շէյխ Պիլալ Աուատա, տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան եւ քոլեճի խնամակալութեան ատենապետ Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան բացումը կատարեցին եւ քողազերծեցին ապրիլեան յուշակոթողը: Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը պահպանիչով օրհնեց սրբազան այս արարողութիւնը:

Ձեռնարկի ընթացքին մերթ ընթ մերթ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր քոլեճի երգչախումբը ներկայացուց ազգային երգեր, ինչպէս` «Քելէ քելէ» «Իմ պապիկս Հայաստան», «Տեսնեմ Անին», խմբավարութեամբ` Գայեանէ Մարկոսեանի: Նմանապէս, խումբ մը աշակերտներ հայկական պարի կապոյտ տարազներով ներկայացուցին արտայայտչական պար մը (պարուսոյց` Անի Կոստանեան): Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան մանկապարտէզի երկու փոքրիկներ արտասանեցին Ժաք Ս. Յակոբեանի «Մենք»-ը, որմէ ետք խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Սիամանթոյի «Պարը»: Իսկ երկրորդականէն Լոռի Զէքեան հմայեց ներկաները` մեներգելով «Զինուորին մօր երգը»` կիթառի վրայ ընկերակցութեամբ Աւօ Մարտիրոսեանի, Ցոլակ Թէքկէլեանի եւ Մինաս Մազլումեանի:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ներկայացում Եւ Քննարկում` «Գրատուն Անթուան»-ի Մէջ

Յաջորդը

Հրթիռարձակում՝ Հալէպի Զանազան Շրջաններուն Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023
Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In