Սփիւռքահայ արուեստագէտ, գեղանկարիչ Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան իր ստեղծագործութիւններէն գեղեցիկ գործ մը` «Ծաղկում» (Պլում) խորագիրով նուիրեց «Ազդակ»-ին: Անիկա պիտի արձանագրուի «Ազդակ»-ի հաւաքածոյի «Ոսկիէ ֆոնտ»-ին մէջ:
Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան ստեղծագործական բեղուն ուղի անցած գեղանկարիչներէն է, անոր համար գեղանկարչութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեանի` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ ստեղծագործական կանաչ ուղի: