Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի օր Հալէպի տարբեր թաղամասերու մէջ, ինչպէս՝ Թիլալ, Ազիզիէ և Ժամիլիէ, արձանագրուեցան հրթիռներու հարուածներ, որոնք պատճառեցին զոհեր և վիրաւորներ, որոնց մէջ հայեր չկան:
Պաշտօնական լուրերը կը հաստատեն, որ սուրիական բանակի միաւորներ կը շարունակեն «Հին Հալէպ»-ի և այլ թաղամասերու մէջ հալածել զինեալ խմբակները:
Քաղաքի շրջակայքի շրջանները ենթակայ կը մնան բուռն բախումներու: