
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին` շաբաթ, 5 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին նուագահանդէսը` Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ:
ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան անունով նուագահանդէսին բացման խօսքը արտասանեց Սեպուհ Պոյաճեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը, որ հպարտութիւն է ամբողջ Այնճարին` իրականութիւն դարձած է ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղին ջանքերով եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին ու համակիր գիւղացիներուն աջակցութեամբ:
Բացման խօսքէն ետք` ՀՄԸՄ Այնճարի պասքեթպոլի դաշտը թնդաց մասնաճիւղի շեփորախումբին նուագներով` խմբավարութեամբ Պօղոս Քենտիրճեանի:
1 ժամ տեւողութեան ելոյթին ընթացքին` շեփորախումբը ներկայացուց ազգային եւ հայրենասիրական նուագներու շարք մը, արժանանալով հանդիսատեսներու բարձր գնահատանքին:


