Աւարտած Է ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Տարեկան Բանակումը
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 190 բանակողներ, խմբապետներ եւ կազմակերպիչներ մասնակցած են միութեան տարեկան բանակումին, որ 1 շաբթուան տեւողութիւն ունէր եւ վերջ գտաւ կիրակի, 30 օգոստոսին` Այնճարի ԼԵՄ-ի բանակավայրին մէջ: Բանակումը նուիրուած էր Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման 30-ամեակին: Մէկ շաբթուան տեւողութեան բանակողները կրցած են իրականացնել նախապէս իրենց կողմէ ճշդուած դաստիարակչական եւ մարզական ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէր դասախօսութիւններ եւ զրոյցներ` ՀՅԴ պատմութեան, Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Միջին...



















