Կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի «Դալար անկիւն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական արդի երգերու ելոյթ` կատարողութեամբ Վրէժ եւ Թաթուլ Հաճեաններու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան: Ան յոյս յատնեց, որ «Դալար անկիւն»-ը վերագտնէ իր վաղեմի դերակատարութիւնը Այնճարի ընկերային եւ մշակութային կեանքին մէջ, ուր նախապէս կը կազմակերպուէր զանազան տեսակի գեղարուեստական ելոյթներ:
Վրէժ Հաճեան կիթառի ընկերակցութեամբ ներկայացուց տարբեր երգիչներու հայկական երգերը` յատկապէս Ռուբէն Հախվերտեանի եւ Արթուր Մեսչեանի, ապա Թաթուլ Հաճեան կիթառի վրայ ներկայացուց փունջ մը եղանակներ` միջազգային եւ հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէ: