Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Եսայի Հաւաթեանի Հետ

September 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

vah-1_9-04-15

Երէկ` հինգշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ թէ այլուր նախատեսուած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան նմանօրինակ հերոսական էջերու նշումներու կարեւորութեան:

Խօսելով Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին` Եսայի Հաւաթեան նշեց, որ այդ ձեռնարկները միայն Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով չեն, այլ նաեւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով: Ան նշեց, որ իր նախագահած յանձնախումբը կը գործէ 2010-էն ի վեր եւ կարգ մը ձեռնարկներ շրջանային պայմաններու բերմամբ առայժմ յետաձգուած են` աւելցնելով, որ աշխատանքներ կը տարուին Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս: Հիմնականը Վագըֆ գիւղի ծրագիրն է, ուր գլխաւորը փոքր թանգարանի եւ պանդոկի կառուցումն էր:

Ձեռնարկներ նախատեսուած են Եւրոպայի տարբեր շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ: Ձերնարկներ նախատեսուած են նաեւ Լիբանանէն զատ այլ արաբական երկիրներու, ինչպէս` Եգիպտոսի մէջ:

Լիբանանի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներուն թիւն 18 է, իւրաքանչիւրը` մէկ հերոսի նուիրուած եւ հերոսամարտի օրերուն վրայ երկարող, մինչեւ 12-13 սեպտեմբեր, երբ 1915-ին մուսալեռցիները արդէն կը գտնուէին ֆրանսական մարտանաւին վրայ:

Հաւաթեան յայտնեց, որ ձեռնարկներուն եզրափակիչ բաժինը նախատեսուած է հայրենիքի մէջ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ամբողջ եղածը անարժէք պիտի ըլլար, եթէ մայր հայրենիքը ատոր չմասնակցէր: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 21 սեպտեմբեր` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօն:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան ընթացքին նաեւ հերոսական էջերու նշումներու կարեւորութեան մասին` Հաւաթեան յայտնեց, որ այն ինչ որ 1915-ին հայ ժողովուրդին պատահեցաւ, անոր ամբողջ պատմութեան մէջ անկիւնադարձային թուականի մը վերածեց այդ տարին, որովհետեւ շատ բաներ կորսնցուցինք: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը, որուն մէկ մասն են մուսալեռցիները, «ոչխար ժողովուրդ չէ» եւ երբ առիթը ունենայ կրնայ ինքզինք պաշտպանել: Ան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդին մօտ միշտ ալ կայ ինքզինք պաշտպանելու այդ ջիղը, եւ ժողովուրդին մօտ միշտ վառ պէտք է պահել այդ յատկանիշը:

Պատասխանելով Այնճարի մէջ թանգարանի մը կառուցման ծրագիրի գոյութեան մասին հարցումի մը` Հաւաթեան ըսաւ, որ այդ ծրագիրին աշխատանքը հասած է մինչեւ շինարարութեան վերջին հանգրուան, սակայն շրջանային անապահով պայմաններու լոյսին տակ նպատակայարմար չէ գտնուած աշխատանքին սկսիլ` սպասելով աւելի նպաստաւոր պայմաններու:

Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

 

 

Նախորդը

Չես Մեռնիր

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Աթէնքի Եւ Համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոսին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 12, 2026
Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

January 12, 2026
Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.