Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 107-րդ Լսարան. Եսայի Հաւաթեան Ներկայացուց «Ինչպէ՞ս Տեղի Ունեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտը» Նիւթը

September 4, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lsaran107_9-03-15

«Ազդակ» օրաթերթին կազմակերպած մամլոյ 107-րդ լսարանին ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց` «Ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտը» խորագիրով նիւթը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան: Ան ըսաւ թէ, 1915-թուականը միայն ողբերգական տարի մը չէ հայութեան համար, այլ նաեւ  հերոսականութեան, քաջութեան, ինքնազոհողութեան եւ կարգ մը պարագաներուն նաեւ յաղթական դրուագներ խորհրդանշող տարի է: Ջարդերու կողքին հայութեան գլուխը բարձր պահած հերոսամարտերը մինչեւ այսօր կը ստեղծեն խանդավառութիւն:

Ան նշեց, որ Աղեքսանդրէթի սանճաքին մէջ Մուսա լերան գիւղերուն հայ բնակչութեան հերոսամարտը յաջող աւարտ ունեցած ընբոստացումներէն մէկն է, որուն 100-ամեակը կը նշուի այս տարի: Ապա Յակոբեան հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերը, որ ներկայացնէ նիւթը:

Եսայի Հաւաթեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ին եւ ըսաւ, թէ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է Այնճարէն ներս եւ դուրս: Ապա ան լուսանկարներու ու քարտէսներու  ցուցադրութեան ընդմէջէն նախ ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս հայութեան որոշ հատուածներ կղզիացած ապրած են Մուսա լերան գիւղերուն մէջ` ունենալով կեանքի, ինչքի եւ պատիւի անապահովութիւն, ապա յայտնեց, թէ Մուսա լեռը սկսած է հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ 1850-ական թուականներէն ետք, երբ հիւպատոսներ կամ օտար քարոզիչներ ոտք կը դնեն այնտեղ` մղուած տարբեր առաքելութիւններէ: Եսայի Հաւաթեան նշեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած են ժողովրդական առաջին ընդվզումները օսմանեան կառավարութեան դէմ տուրքերու յաւելման գծով:  Ապա մանրամասն պատմեց,  թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է Մուսա լերան գիւղերու զարթօնքը, ազգային-յեղափոխական շարժումներու ներթափանցումը այնտեղ, ինքնակազմակերպման առաջին փորձերը, կուսակցութիւններու մուտքը` նախ Հնչակեան կուսակցութեան, որ քանի մը տարի գործելէն ետք լուծուած է, եւ ապա` Դաշնակցութեան: Ապա անդրադարձաւ մուսալեռցի եւ քեսապցի ղեկավարներուն գործակցութեան ու միացեալ որոշումներուն: Յիշեց նաեւ, թէ 1909-ի Ատանայի կոտորածին մուսալեռցիք դիմադրած ու փրկուած են ստոյգ մահէ, որմէ ետք որոշած են չենթարկուիլ օսմանեան կառավարութեան հրամաններուն եւ միշտ դիմել ինքնապաշտպանութեան:

Ե. Հաւաթեան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս մուսալեռցիք կը լծուին զէնքի ու զինամթերքի ապահովման գաղտնի աշխատանքին, իսկ տարագրութեան հրամանը չստացած արդէն անոնք կը սկսին  հետզհետէ լեռ բարձրանալ: 30-31 յուլիսին ժողովուրդը արդէն լեռ բարձրացած կ՛ըլլայ:  Ան ըսաւ, թէ 6 գիւղերու 6311 բնակիչներէն 4231-ը կը բարձրանայ լեռ, իսկ 2000-ը կը բռնէ գաղթի ճամբան:

Զեկուցաբերը պատկերներով ներկայացուց մուսալեռցիներուն դիրքերը լերան վրայ, ղեկավարութեան եւ զինուորական մարմինի դասաւորումները, խումբերու կազմութիւնը, աշխատանքը, ժողովներն ու որոշումները, ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն մասնակցութիւնը ինքնապաշտպանութեան: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցան Մուսա լերան ընդհարումները, որոնց առաջինը տեղի կ՛ունենայ 7 օգոստոս 1915-ին, այդ ընդհարումներուն իբրեւ հետեւանք մուսալեռցիք կու տան 14 զոհ:

Ան նշեց նաեւ, թէ մուսալեռցիք հասկնալով իրենց սպառնացող վտանգը` արտաքին աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւելու համար կը դիմեն զանազան միջոցներու, օտար լեզուներով կը գրեն նամակներ, կը պատրաստեն պաստառներ: Ապա մանրամասն տեղեկացուց, թէ ինչպէ՛ս 5 սեպտեմբերին ֆրանսական «Կիշեն» նաւը կը մօտենայ, ապա 5 մարտանաւերով 12 սեպտեմբերին մուսալեռցիք կ՛ուղղուին Եգիպտոս` Կիպրոսէն մերժուելէ ետք:

Ան աւարտեց խօսքը ըսելով` Մուսա լերան հերոսամարտը հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի փառաւոր էջերէն մէկն է եւ լաւագոյն առիթը` հպարտանալու հայութեամբ:

Նախորդը

Դամասկոսի Մէջ Հայ Զոհ Մը

Յաջորդը

Ասատ. «Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Մէջ Իրանի Դերակատարութիւնը Կ՛ողջունենք Եւ Անոր Կը Վստահինք»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.