Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 5 սեպտեմբեր 2015-ին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, որ Հռոմի մէջ գումարած է իր ժողովը, ընդունելէ ետք քահանայապետական հաւանութիւնը, Գէորգ վրդ. Ասատուրեանը ընտրած է իբրեւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռի օգնական եպիսկոպոս` դառնալով Ամիտա թեմին տիտղոսաւոր առաջնորդ: