Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ` Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետութեան. Տօնահանդէս` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեայ Տարելիցին

Սեպտեմբեր 9, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

anjar_9-06-15

Կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի.  կաթողիկոս պատրիարքին եւ նախագահութեամբ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի, Այնճարի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողքին տեղի ունեցաւ օրհնութիւնն ու քօղազերծումը «Ապրիլեան նահատակներու եօթնվէրք Տիրամայր»  նորակերտ խաչքարին:

Բացման կարճ խօսքով հանդէս եկաւ Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան (Հայունի), որ ողջունեց ներկաները Հայոց ցեղասպանութեան եւ Մուսալերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով: Ան ըսաւ,  որ «այսօրուան ձեռնարկներու շարքը կը միտի յաւէրժ պահել մեր նահատակներուն եւ հերոսներուն յիշատակը: Ան հրաւիրեց Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանը, ինչպէս նաեւ գիւղի հոգեւոր հայրերը, եկեղեցւոյ բարերար Գրիգոր ճապուրեանը, գիւղի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ Կրեկուար Գալուստը, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի մարմինի ներկայացուցիչը, քանդակագործ Պօղոս Թասլաքեանը, որ միասնաբար քօղազերծեն խաչքարը անոր օրհնութենէն ետք:

Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ նորակերտ խաչքարին օրհնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ անոր քողազերծումը: Յայտնենք, որ խաչքարը գործն է այնճարցի քանդակագործ Պօղոս Թասլաքեանի (Աղասի), որ նուիրած էր զայն համայնքին զոյգ 100-ամեակներուն առիթով: Խաչքարի քողազերծումէն ետք յաջորդաբար տեղի ունեցան յուշաքարին եւ պատմական արձանագրութիւններուն քողազերծումը: Ապա, Այնճարի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ շարունակուեցաւ տօնահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, որ ողջունեց բոլոր ներկաները` յայտնելով, որ միայն իմաստութեամբ կարելի է յաղթել չարիքին: Ան շնորհաւորեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակը` մաղթելով, որ Այնճարը շարունակէ զարգանալ իբրեւ հայկական իւրայատուկ կեդրոն:

Ասմունքով հանդէս եկաւ Արփա Անտոնեան, որ ներկայացուց Մեսրոպ Հայունիի «Մուսատաղեան շուրջպարով» քերթուածը, որմէ ետք Քլարա Ալիխանեան-Ադամեան ապրումով մեներգեց Մեսրոպ Հայունիի «Ղարաբաղցիին աղօթքը»: Ապա, ելոյթ ունեցան ջութակահարներ Հերմինէ Նիւրբէթլեան, Մարինէ Հալլաճեան եւ Դալար Մանճեան, որոնք յաջորդաբար կատարեցին Մակար Եկմալեանի «Սուրբ սուրբը» եւ ժողովրդական «Քաղցր նարինտ» ստեղծագործութիւնները:

Գեղարուեստական այս կատարումներէն ետք Վարդան Թաշճեան ներկայացուց 100-ամեակին առիթով լոյս տեսած Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանի «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշագիրքը: Վարդան Թաշճեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց յուշագիրքին բովանդակութիւնը` բարձր գնահատելով հայր Թոփալեանին աշխատանքը: Յայտնենք, որ գիրքը լոյս տեսած էր 8 լեզուներով եւ զայն նկարազարդած էր այնճարցի գեղանկարիչ Գրիգոր Սգայեան:

Հատորին ներկայացումէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` «էրեբունի» նորաստեղծ յոբելենական ինքնահոսին մասին, պատրաստութեամբ` Յակոբ Թաշճեանի: Ցուցադրուեցան ինքնահոսին պատրաստութեան եւ ներկայացման մանրամասնութիւնները: Ծրագիրը իրականութիւն դարձած էր Գրիգոր ճապուրեանի եւ Տիգրան Չպլաքեանի նախաձեռնութեամբ, իսկ գրիչին գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարած էր Գրիգոր Սգայեան:

Այնուհետեւ ասմունքով հանդէս եկան Սեւատա Անտոնեան, Արտակ եւ Շաղիկ Պէրպէրեաններ` կատարելով Մ. Հայունիի «Եւ տառն լոյս եղեւ» բանաստեղծութիւնը:

Ապա տոքթ. Յովհաննէս թասլաքեան ներկայացուց «Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամայր հայ կաթողիկէ համայնքին պատմագրութեան համար» նորատիպ հատորը, հեղինակութեամբ` Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանի եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Քրիսթին ճապուրեաններու: Տոքթ. թասլաքեան յայտնեց, որ հատորը 1072  էջերու վրայ կը ներկայացնէ Այնճարի հայ կաթողինէ համայնքին պատմութիւնը արխիւային փաստաթուղթերով: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց հատորին բովանդակութիւնը` անդրադառնալով 75 տարիներու ընթացքին Այնճարի մէջ ծառայած բոլոր հայ կաթողիկէ ժողովրդապետներուն ծաւալած գործունէութեան կարեւոր իրագործումներուն: Թասլաքեան բարձր գնահատեց հայր Թոփալեանի տարած աշխատանքը` զայն օգտակար նկատելով նաեւ Այնճարի պատմութեան համար:

Հատորին ներկայացումէն ետք Քլարա Ալիխանեան-Ադամեան ապրումով կատարեց «Աւէ Մարիա»-ն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զոյգ հատորներու գինեձօնը` ձեռամբ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերուն: Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ զոյգ հատորներու հեղինակ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան: Ան փառք տուաւ Աստծոյ այս իրագործումներուն համար եւ մաղթեց, որ միշտ արժանի կերպով յիշատակուին մեր նահատակներն ու հերոսները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, քանդակագործին, գեղանկարիչին եւ բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացան այս ձեռնարկներու յաջողութեան:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ շնորհաւորեց հայութիւնը Մուսա լերան յաղթական հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով` մաղթելով, որ Այնճարի ժողովուրդը, որ կրցած է ճահիճները ցամքեցնել եւ ստեղծել այս կանաչ դրախտը, շարունակէ իր ազգանուէր գործունէութիւնը, որ պատուաբեր է եւ հպարտացուցիչ:

Ձեռնարկի աւատին տեղի ունեցաւ նորատիպի բաշխումը հաստատութիւններուն եւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` Այնճարի հայ կաթողիկէ եկեղեցասէր տիկնանց միութեան կողմէ:

Նախորդը

Տեսակէտ. Մրցավա՞զք Փակուող-Բացուող Հայ Վարժարաններու Եւ Կամ Ո՛վ Պիտի Տնօրինէ Հայ Աշակերտին Ճակատագիրը (Գաղութահայ Հակոտնեայ Պատկերներ)

Յաջորդը

«Լիբանանի Վիճակը Նուրբ Է Եւ Չի Կրնար Գաղթականներու Բեռը Տանիլ» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?