Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Սեպտեմբեր 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Համահայկական խաղերու միացեալ մարմինը կու գայ տեղեկացնելու, թէ այս տարուան 6-րդ Համահայկական խաղերուն մասնակցեցաւ 180 մարզիկներով 11 մարզախաղերու մէջ` ներկայացնելով Լիբանանը չորս քաղաքներով` Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Անթիլիաս եւ Այնճար:

Այս տարուան խաղերը կ՛ընդգրկէին մեծագոյն մասնակցութեան թիւը, որով մարզական խումբեր Մայր Հայրենիք հասած էին 50 երկիրներու 125 քաղաքներէ, ուր կը տիրէր փառատօնային մեծ մթնոլորտ:

Մեր ներկայութեան ընթացքին Լիբանանի պատուիրակութիւնը տուաւ փրոթոքոլային այցելութիւններ եւ յանձնեց  յուշանուէրներ հետեւեալ անձերուն` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաաքարոնին, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանին, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ Հայաստանի  Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին:

Ինչ կը վերաբերի մրցումներու արդիւնքին, Լիբանանի խումբերը բաւարարուեցան միայն 2 ոսկի մետալներով` իգական եւ արական հեծելարշաւի մէջ:

Իսկ այս բոլորէն ետք Լիբանանը ներկայացնող երկու անձնաւորութիւններ, որոնք մաս կը կազմեն Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին, պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ եւ վերընտրուեցան Համահայկական խաղերու կեդրոնական մարմինին մէջ` Ստեփան Տէր Պետրոսեան (փոխատենապետ ) եւ Միսաք Նաճարեան (վարչական անդամ), իրենց կատարած անխոնջ աշխատանքին համար:

Մեր մասնակցութիւնը յաջողութեամբ պիտի չպսակուէր, եթէ մասնաւոր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը չունենայինք Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, Անթիլիասի քաղաքապետ Էլի Ապու Ժաուտէին եւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին, նմանապէս «Քրետիթ Պանք» եւ «Անելիք» դրամատուներուն, որոնց բոլորին սրտանց մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք:

Այսպիսով աւարտեցինք Համահայկական 6-րդ խաղերը` յուսալով յաջորդին աւելի լաւ եւ պատուաբեր արդիւնքներու հասնիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԽԱՂԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ

 

 

Նախորդը

«Կտրուածքները Խորհրդանշեցին Որբերուն Ցաւը, Բացութիւնները` Կորուստը Անոնց Անցեալին Եւ Բնական Մանկութեան: Իսկ Բացութիւններէն Անցնող Լոյսը Լոյսն Է Յոյսի, Վերականգնումի» Կ՛ըսէ Մոսիկ Կիւլոյեան

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական Վարժարանի Խնամակալութեան Եւ Տնօրէնութեան. Ազգային Բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի Կիսանդրիի Բացում Եւ Շքանշաններու Տուչութիւն

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?