Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Միջկրօնական Համագումարին Շեշտեց Ծայրայեղականութեան Դէմ Պայքարելու Հրամայականը

Սեպտեմբեր 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vehapar_9-04-15

«Կրօնական ծայրայեղականութիւնը ներկայ աշխարհի ամէնէն մտահոգիչ չարիքներէն մէկն է: Հետեւաբար, ընկերութեան կեանքէն զայն արմատախիլ ընելը համամարդկային ու համաշխարհային մօտեցում կ՛ենթադրէ` քաղաքական, տնտեսական, զինուորական կրօնական եւ այլ ազդու միջոցներու ծրագրուած օգտագործումով», շեշտեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական համագումարի բացման նիստին:

Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Վիեննայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին կողմէ 2012 թուականին հաստատուած միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու կոչուած կեդրոնին կողմէ: Յայտնենք, որ սոյն կեդրոնը կը ֆինանսաւորուի Սէուտական Արաբիոյ կողմէ, միաժամանակ ան Աւստրիոյ ու Սպանիոյ պետութեանց եւ Վատիկանի հովանաւորութիւնը կը վայելէ:

2-3 սեպտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած համագումարին ընդհանուր խորագիրն էր «Քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութեան ամրապնդումը եւ համաքաղաքացիութեան կարեւորութիւնը»: Համագումարին կը մասնակցէին շուրջ 50 քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետեր, համալսարանի դասախօսներ եւ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Վատիկանի, Աւստրիոյ, Սպանիոյ եւ Մալթայի ներկայացուցիչները:

Վեհափառ հայրապետը սոյն համագումարին հրաւիրուած էր իբրեւ գլխաւոր դասախօս: Ան իր դասախօսութիւնը ամփոփած էր չորս կէտերու մէջ.

1.- Միջկրօնական երկխօսութիւնը ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ նախընտրութեան հարց չէ, այլ` հրամայական անհրաժեշտութիւն: Համաշխարհայնացումը քանդած է բոլոր տեսակի բաժանման պատերը եւ սահմանները, հեռաւորութիւնները փաստօրէն անհետացած են եւ տարբեր կրօններու, ցեղերու ու մշակոյթներու պատկանող մարդիկ դարձած են դրացիներ: Հետեւաբար, երկխօսութիւնը գոյութենական ներկայութիւն է եւ ոչ թէ գաղափարներու փոխանակում: Այս կացութեան մէջ կրօններու երկխօսութիւնը պէտք է տարբեր ձեւ եւ որակ ստանայ: Երկխօսութիւնը պէտք է վերածուի գործակցութեան ու գործակցութիւնը պէտք է ամրապնդէ կրօններու համագոյակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց փոխադարձ վստահութեան ամրապնդումը` իբրեւ համագոյակցութեան ամէնէն ապահով խարիսխը: Ան նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ երկխօսութեան նպատակին եւ մեթոտին:

2.- Իր երկրորդ կէտին մէջ վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ Միջին Արեւելքին մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան մասին: Դարեր շարունակ այս երկու միաստուածեան կրօնները միասին ապրած են, երբեմն լարուածութիւն ու նոյնիսկ բախում տեղի ունեցած է անոնց միջեւ, սակայն համագոյակցութիւնը տիրապետող ներկայութիւն եղած է իրենց պատմութեան ընթացքին: Այսօր փաստօրէն այդ գոյակցութիւնը սկսած է խանգարուիլ իսլամ ծայրայեղ ուժերուն կողմէ: Արամ Ա. կաթողիկոս այս երեւոյթին անդրադառնալով ըսաւ` իսլամ ծայրայեղականութիւնը ո՛չ միայն վտանգ է քրիստոնէութեան, այլ նախ եւ առաջ` իսլամութեան. եւ աւելի՛ն, ան ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի պատկանող երեւոյթ մըն է, այլ համայն աշխարհին: Հետեւաբար, համապարփակ մարտավարութիւն ու ռազմավարութիւն պէտք է մշակել, դիմագրաւելու համար ներկայ ընկերութեան այս չարիքը:

3.- Վեհափառ հայրապետը իր պատկերացումը ներկայացուց համաքաղաքացիութեան հարցին գծով: Ան ըսաւ, թէ նուրբ ու բարդ հարց մըն է այս հարցը եւ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներուն մէջ տարբեր ձեւով կը ներկայանայ: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ կրօնական ինքնութիւնը մեզ իրարմէ կը զանազանէ, սակայն հաւաքական քաղաքացիութիւնը մեզ կը միացնէ: Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ է լուրջ քննարկում ունենալ կրօնական ու քաղաքացիական ինքնութիւններու տարբերութեան ու յարակցութեան շուրջ: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ յայտնեց, որ հաւաքական քաղաքացիութիւնը կ՛ենթադրէ հաւասարութիւն, համարժէք պարտաւորութիւններ ու իրաւունքներ եւ ամբողջական մասնակցութիւն ընկերային ու քաղաքական կեանքին մէջ: Այսպէս չէ իրողութիւնը շրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ: Հակասութիւն մը գոյութիւն ունի տեսական համաքաղաքացիութեան եւ անոր գործնական արտայայտութեան միջեւ:

4.- Իր վերջին կէտին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրն է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ` քրիստոնեայ եկեղեցիները իրենց խոր արմատները ունին շրջանին մէջ: Անոնք իբրեւ համահաւասար քաղաքացիներ չեն ընդունիր, որ փոքրամասնութիւն են: Եկեղեցիները դէմ են արտագաղթին` հակառակ այն իրողութեան, որ ամէն օր քրիստոնեաներ կը հեռանան շրջանէն: Այս ուղղութեամբ քրիստոնեաները պաշտպանելու, առողջ միջավայր ստեղծելու, վստահութիւն ներշնչելու ու զօրակցութիւն յայտնելու գծով կարեւոր դեր ունին իսլամ կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարները: Կրօններու եւ մշակոյթներու զանազանութիւնը Միջին Արեւելքի եզակի հարստութիւններէն մէկն է, ամէն գնով պէտք է պահել զայն: Իր դասախօսութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը կատարեց շարք մը հարցադրումներ, որոնք համագումարի ընթացքին կը կարօտին աւելի լայն քննարկումներու:

Համագումարի աւարտին կատարուեցաւ ընդհանուր յայտարարութիւն մը` քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը շեշտող: Յայտնենք, որ յիշեալ յայտարարութեան պատրաստութեան մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ունեցաւ իր կարեւոր դերը:

Նշենք, որ վեհափառ հայրապետին կողքին ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Աթէնքի Եւ Համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոսին Հետ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Պատեհապաշտութեան Դիպուկ Օրինակ Մը

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?