Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Մուսա Լերան Հերոսամարտի Կեդրոնական Վարչութեան Նախագահ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի

Սեպտեմբեր 7, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ant-2_9-04-15

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով` ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը  8:00-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ` վեր. Տիգրան Անդրէասեանի նուիրուած  յուշ երեկոյ` կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական համայնքին:

Հանդիսութեան ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

ant-1_9-04-15ant-3_9-04-15Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեան: Ան ըսաւ, թէ հանդիսութիւնը նուիրուած է այն մարդուն, որ դարձաւ այն քիչերէն, որոնք հերոսներ էին իրենց հաւատքով եւ քրիստոնէութեամբ եւ որոնք կարողութիւնը եւ տեսլականը ունեցան ըմբոստանալու, պայքարելու եւ ոչ ըսելու` յոյս ներշնչելով ժողովուրդի մը, որ պիտի սպաննուէր եւ տեղահանուէր:

Բացման խօսքէն ետք Արփա Սնապեան-Անտոնեան ներկայացուց Սիամանթոյի «Յաղթանակ մը» ասմունքը:

Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան ներկայացուց վեր. Տիգրան Անդրէասեանի կենսագրականը` նշելով այն բոլոր փորձառութիւնները եւ պարագաները, որոնք պատճառ դարձան, որ երիտասարդ հոգեւորականը դառնայ թրքական կառավարութեան ընդդիմադիր եւ ղեկավարէ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպչական աշխատանքները` դառնալով հերոսամարտի կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ ձեռնհասօրէն վարելով իրեն վստահուած պաշտօնը ամբողջ հերոսամարտին ընթացքին: Պատուելի Ագպաշարեան անդրադարձաւ նաեւ վեր. Անդրէասեանի տարած հովուական ծառայութիւններուն, ստանձնած բոլոր պաշտօններուն եւ  գրական գործերուն ու հրատարակութիւններուն:

ant-4_9-04-15

Այնուհետեւ Անդօ Մսըրլեան կատարեց 2 երգեր` ընկերակցութեամբ Յասմիկ Այնթապլեանի (Ֆլիւթ) եւ Յակոբ Քերքեզեանի (Կիթառ):

Ձեռնարկի բանախօս վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ըսաւ, թէ «վեր. Անդրէասեանի ականատես ըլլալը եւ մասնակից դառնալը Զէյթունի տարագրութեան իր ընտանիքին հետ` խթան հանդիսացած են, որ ան կողմնակից ըլլայ ընդդիմութեան եւ ինքնապաշտպանութեան որոշումին»:

Վեր. Մսըրլեան մանրամասնօրէն ներկայացուց վեր. Անդրասեանի ստանձնած բոլոր աշխատանքները հերոսամարտին նախորդող շրջանին, հերոսամարտին ընթացքին եւ հերոսամարտէն ետք Փոր Սայիտի վրանաքաղաքին մէջ:

Ան ըսաւ, թէ վեր. Անդրէասեան եղած է համեստ եւ խուսափած է ծափահարութենէ ու փառաբանանքէ, ինչպէս նաեւ եղած է առաջին անձը, որ գրաւոր կերպով անդրադարձած է Սուետիոյ ապստամբութեան:

Վեր. Մսըրլեան անդրադարձաւ վեր. Անդրէասեանի տարած հոգեւորական եւ գրական աշխատանքներուն` շեշտելով անոր կարեւոր դերակատարութիւնը Մուսա լերան վրայ` հերոսամարտին ընթացքին:

Ան իր խօսքի աւարտին բարձր գնահատեց Մուսա լերան հերոսամարտի մարտիկները, որոնք քաջաբար նահատակուած էին 1915-ին: Ան յոյս յայտնեց, որ Մուսա լերան պատմական աւանդը կարելի ըլլայ փոխանցել նոր սերունդին:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ վեր. Տիգրան Անդրէասեանի «Զէյթունի տարագրութիւնը» գիրքը եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջկրօնական Ներկայացուցիչներու Եւ Ազգային Մարմիններու Հետ Հանդիպումներ Ունեցաւ

Յաջորդը

Պօղոս Սնապեան Մեծերուն Մէջ Մեծ Էր*

RelatedPosts

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ  Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու  15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ
Գաղութային

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու 15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ

Մայիս 19, 2025
Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ
Գաղութային

Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ

Մայիս 19, 2025
‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?