Զաւարեանական

«Զաւարեան Նոթատետր»-ը` Հայկականութիւն Ներշնչող Աղբիւր

«Զաւարեան Նոթատետր»-ը` Հայկականութիւն Ներշնչող Աղբիւր

Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն 14 տարիներ ետք, ՀՅԴ հիմնադիր երեքէն` Սիմոն Զաւարեանը` Դաշնակցութեան խիղճը, Լիբանանի մէջ հիմնեց Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Լիբանանահայութեան պատմութիւնը վկայ` իր հիմնադրութեան փուլին եւ յատկապէս 1921-էն սկսեալ իր զանազան նախաձեռնութիւններով` քարոզչական լսարաններով, Զաւարեան աշակերտական միութեամբ, գիշերային դպրոցով, համալսարաններու մէջ քարոզչական աշխատանքներով, Հայ դատի հետապնդումներով եւ «Դէպի Երկիր»-ի ճամբարներով, ԶՈՄ-ը հայրենիքէն ներս թէ դուրս եղաւ այն դարբնոցը, որ համախմբեց եւ...

14 Տարուան Դադարէ Ետք Վերահրատարակուեցաւ «Zavarian Review»-ն

14 Տարուան Դադարէ Ետք Վերահրատարակուեցաւ «Zavarian Review»-ն

1979-ին Զաւարեան ուսանողական միութիւնը պահանջը զգաց իր ձայնը լսելի դարձնելու եւ միտքերը տարածելու ոչ միայն հայ ուսանողութեան եւ հայ համայնքին, այլ Լիբանանի բոլոր ուսանողներուն: Այս նպատակով հրատարակեց «Zavarian Monthly»-ն, որ նախնական շրջանին անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով էր, իսկ հետագային նաեւ աւելցաւ ֆրանսերէն լեզուն եւ կոչուեցաւ «Zavarian Review»: Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակին առիթով վերահաստատեցինք այս պահանջը, եւ այս տարի պարբերաթերթը կրկին...

Հաղորդագրութիւն

Մեր Խօսքը

ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակը միշտ եղած են Հայաստանն ու Հայաստանի պետականութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, ասոնց կողքին ունենալով Հայ դատի ի նպաստ մղուած պայքարը եւ Արցախի հայկականութիւնը, ինչ որ Հայաստանի դէմ ուղղուած պայքար մը չէ, ինչպէս որ կը ներկայացնէ Նիկոլ Փաշինեան, ինչ որ իր հերթական պատճառաբանութիւններէն մին կը սեպուի նոր զիջումներու շարք մը հրապարակ նետելու համար: Այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւնը փաստօրէն կը սատարէ Ազրպէյճանին`...

Ռազմականացուած Ճարտարապետութիւն

Ռազմականացուած Ճարտարապետութիւն

ՎԱՐԴԳԷՍ ՎԱՐԱԳ ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ Պատերազմի շուքին տակ քաղաքներու փոփոխութիւնը յաճախ կը բացայայտէ աւելի խոր ռազմավարական նպատակներ: Արցախը, որ երկար տարիներ քաղաքական եւ ինքնորոշման պայքարի մէջ էր, ցայտուն օրինակ մըն է, թէ ինչպէս քաղաքաշինութիւնն ու ճարտարապետութիւնը կրնան օգտագործուիլ իբրեւ զէնք: 2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք, Արցախի բնապատկերը փոխուած է ոչ միայն պատերազմի աւերներէն, այլ նաեւ` Ազրպէյճանի դիտումնաւոր եւ մտածուած ճարտարապետական ռազմավարութենէն: Այս յօդուածը...

Ազատ Արցախ` Մեր Ազգային Պայքարի Յենարանը

Ազատ Արցախ` Մեր Ազգային Պայքարի Յենարանը

ՀՐԱԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ թերեւս չկայ աւելի դառն ու ողբերգական փորձառութիւն, քան` հայրենի հողէն անջատման փորձառութիւնը: Դժուար է նոյնիսկ այդպիսի պարտութեան մասին խօսիլն ու մտածելը, մանաւանդ երբ այդ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին կործանման վիշտէն կրկնակի տառապած է:  Ամբողջ հայ ժողովուրդին համար 21-րդ դարու ծանրագոյն հարուածը Արցախի կորուստն էր, որուն իբրեւ հետեւանք` յուսահատութեան եւ հայաթափման նոր ալիք մը տարածուեցաւ հայութեան...

Բարի՛ վերամուտ

Մեր Խօսքը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 134-րդ տարեդարձին առիթով, ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 134-ամեակին լոյսին տակ, երբ աշխարհաքաղաքական իմաստով աշխարհը ականատես կը դառնայ զանազան փոփոխութիւններու, երբ հայ ժողովուրդը եւ հայոց պետականութիւնը կը գտնուին գոյութենական վտանգի եւ բարդ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, իբրեւ ուսանողական միութիւն` այս յոբելեանը ինքնարժեւորումի առիթ կը նկատենք: Ինքնարժեւորման աշխատանքը ռազմավարութեան մը մշակումի ենթահողն է, իսկ ռազմավարութիւնը` որեւէ յաղթանակի երաշխիքը: Պատմական փաստ է, որ...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Անդրանիկ Ծրագիրը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Անդրանիկ Ծրագիրը

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ Հայ ազգային-ազատագրական շարժումը, հայ յեղափոխութիւնը ունին անհերքելի առարկայական եւ ենթակայական ազդակներ: Օսմանեան թուրքերը Արեւմտեան Հայաստանին տիրապետելէ ետք, ստեղծեցին այնպիսի կացութիւն մը, որ հայը վերածեց ստրուկի` այնպիսի գործիքի մը, որուն պարտականութիւնն է միմիայն աշխատիլ եւ արդիւնաբերել` կերակրելու համար տիրապետող տարրը, ծանր հարկերով հարստացնել կայսրութիւնը` միաժամանակ ծծելով հայ բանուորին արեամբ ու  քրտինքով ձեռք բերած աշխատանքը: Անոնք հայուն ձեռքէն խլեցին սուրն...

Հայ Յեղափոխական Կուսակցութեան Առաքելութիւնը` Իր Հիմնադրութենէն 127 Տարի Ետք

134 Տարուան Հերոսներ

ՏՈՔԹ. ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Սրբացած դէմքեր, հերոսներ, սրբացած պատմութիւն, նուիրուած` սուրբ աշխատանքին... Դաշնակցութեան պատմութիւնը կերտողները եւ գրողները մենք հիմա կը նկատենք` սուրբեր, անբիծ հերոսներ, իտէալական ու անզուգական դէմքեր: Սակայն մեր պատմութիւնը գրողները սուրբեր չէին, անշօշափելի երազային դէմքեր չէին, մեզի նման անձեր էին` երազներով եւ ապրելու կամքով, մեզի նման ուսանողներ էին` իրենց մասնագիտական ճիւղով հետաքրքրուած եւ միշտ աւելի բարձր ուսման ձգտող, մեզի...

Մեր Խօսքը

Մեր Խօսքը. Յիշելով Սիմոն Զաւարեանը` Հայ Յեղափոխութեան Ջահը

Այսօր, երբ կ’արժեւորենք Սիմոն Զաւարեանի կեանքն ու կտակը, կ՛անդրադառնանք ոչ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան մէջ անոր դերակատարութեան, այլ նաեւ կը փառաւորենք անոր ժառանգ ձգած գաղափարական հզօր ազդեցութիւնը, որ իբրեւ յեղափոխական ուղեցոյց` շարունակաբար ծառայած է հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ ՀՅԴ-ի շարքերուն` մասնաւորապէս: Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1866-ին, Լոռիի Այգեհատ գիւղը: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի մէջ` խոր գիտակցութիւն ունենալով...

Մինակ Չե՛նք, Բայց Առանձին Ենք…

Հայակործանը

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ Սեպտեմբեր ամիսը մեզի համար վերանկախացման ամիս է: Ամիս մը, երբ վերանկախացաւ Հայաստանը, ու հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Երանի թէ կարենայինք ժամանակի սլաքը շարժելով` վերադառնալ այդ պահուն, եւ յիշենք սեպտեմբեր ամիսը միմիայն այս դէպքերով, սակայն նոյն այս ամիսը սկսաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը, որ աւարտեցաւ 9 նոյեմբերին Շուշիի յանձնումով, եւ որոշ համեմատութեամբ, կրկին վերադարձանք ԼՂԻՄ-ի տարածքներուն: Ու դարձեալ ըսինք` պիտի...

Աշուն 2024 – Այլ Զուգահեռական Տիեզերքի Մը Մէջ

Աշուն 2024 – Այլ Զուգահեռական Տիեզերքի Մը Մէջ

ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Այլ զուգահեռական տիեզերքի մը մէջ, աշուն է արդէն: Կը նախատեսեմ քանի մը շաբաթով Հայաստան մեկնիլ այնտեղ վայելելու համար ոսկեայ քողը հագած Երեւանը, որմէ ետք անցնիլ Շուշի, Արցախ: Կարծես` հայոց լեռներն ու անոնց հիասքանչ տեսարանները  կ՛առաջնորդեն քեզ այս ուղիին վրայ, եւ ակնթարթով մը կ՛անդրադառնաս, թէ հասած ես արդէն Ստեփանակերտ: Կը նախատեսեմ նաեւ նախ` օրհնուիլ «Մամիկն ու Պապիկ»-ի «բարի եկար»-ով,...

Մեր Խօսքը

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

«Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան կոմիտէն»: 14 օգոստոս 1896-ի Պանք Օթոմանի գրաւումը հակադարձութիւն մըն էր հայերու կողմէ` սահմանափակելու համար Օսմանեան կայսրութեան անարգ բռնութիւնը: Այս գործողութիւնը բիրտ ուժի միջոցով մեծ պետութիւններուն եկաւ ըսելու, որ հայերը Հայկական հարց մը ունին, որ` հայուն արդար իրաւունքն է, որ` Թուրքիան բարենորոգումներ կատարէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Միջոց մըն էր, որ հայը իր ձայնը լսելի դարձնէ ամբողջ...

Մուրացկան Մտաւորականները

Մուրացկան Մտաւորականները

ՏԻՐ Դիւրին չէ գտնել փողոցները թափառող, գացող-եկող, ողորմութիւն խնդրող հայ մուրացկան մը, քանզի հայը, հակառակ իր տեսակի բոլոր թերութիւններուն, աշխատասէր է եւ պատուախնդիր, անհաշտ` օտարի օժանդակութեամբ ապրելու գաղափարին. այնուհանդերձ, մեր մէջ կը նշմարուին մուրացկանութեան որոշ երեւոյթներ, մօտեցումներ, մանաւանդ` հասարակական կեանքին մէջ: Այդ երեւոյթներէն ընդվզած` 137 տարիներ առաջ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան հրատարակեց իր գլուխ գործոց «Մեծապատիւ մուրացկաններ» երկը, որ կը նկատուի...

Ո՞վ Եմ Ես

Ո՞վ Եմ Ես

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Անունս Սագօ է, ծնած եմ Լիբանան, Պէյրութ: Ամբողջ կեանքս ապրած, մեծցած եւ դաստիարակուած եմ այս երկրի հայկական դպրոցներուն, ակումբներուն, միութիւններուն եւ միջավայրին մէջ: Մէկ խօսքով, սփիւռքահայ եմ, կ՛ապրիմ Լիբանանի մէջ եւ կը սիրեմ այս երկիրը, ուր ծնած եւ մեծցած եմ, բայց հոգիս միշտ կապուած եղած է արմատներուս: Քիչ մը խօսիմ արմատներուս մասին. հօրս կողմէ Կիլիկիոյ Մարաշ շրջանէն եմ,...

Մէջքի Ցաւ. Պատճառներ Եւ Բուժում

Մէջքի Ցաւ. Պատճառներ Եւ Բուժում

ԲԱԳՐԱՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Մկանային եւ ոսկրային ցաւերը ժամանակակից կեանքի մէջ շատերը տագնապեցնող հիմնական խնդիրներէն են: Երկար ժամանակ նստիլը, սխալ կեցուածքը եւ ֆիզիքական շարժումի պակասը մեծ ազդեցութիւն ունին մեր ողնայարի առողջութեան վրայ: Այս բոլոր տուեալները կ՛ազդեն մարմնի բոլոր մասերուն եւ յօդերուն վրայ, յատկապէս կրնան կռնակի եւ մէջքի բազմաթիւ ցաւեր պատճառել: Կռնակի եւ մէջքի ցաւերը լաւապէս հասկնալու համար առաջին հերթին պէտք է լաւապէս...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Մեր Խօսքը. «Մահ Իմացեալ Անմահութիւն Է»

1983-ի յուլիս ամսուան 27-ին հինգ հայ սրտեր կը նահատակուին,  որպէսզի Հայ դատը ապրի: Կը զոհուին, սակայն յաւերժ կ՛ապրին մեր սրտերուն մէջ` իբրեւ ազգի առաքինի հերոսներ: Կը ցնցեն Լիզպոնը, Լիբանանն ու աշխարհը ամբողջ յիշեցնելու համար, որ հայը երբեք չի մոռնար եւ չի լռեր, հայը պայքարէն չի յոգնիր եւ չի նահանջեր, միշտ պատրաստ է մաքառելու իր իրաւունքներուն տիրանալու համար: Կը մահանան, սակայն...

Հողը Գլխաւոր Երաշխիք`  Ազգային Մեր Անվտանգութեան  (Սեւրի Դաշնագիրին 100-Ամեակին Առիթով)

Իրական Ուժի Չափանիշը` Զոհաբերութիւնը

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Վարագոյրը իջաւ Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակի ձեռնարկներուն վրայ: Կազմակերպիչները հանգիստ առին: Հասաւ հանդարտ խորհրդածութեան պահը` ըստ արժանւոյն գնահատելու այս միութեան դերն ու տեղը մեր կեանքին մէջ: Հայկական յեղափոխութեան ամէնէն անբասիր առաքեալին անունը կրող այս միութիւնը, արդարեւ, յատուկ արժէք կը ներկայացնէ եւ իր հետապնդած նպատակներով եզակի տեղ կը գրաւէ լիբանանահայ միութիւններու շարքին, որոնց հնագոյնն է ան: Ու աւելի բնորոշած...

Յանուն Լիզպոնի Գործողութեան Անձնուրացներուն

Յանուն Լիզպոնի Գործողութեան Անձնուրացներուն

ԼԻԱԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ … 41 տարիներ առաջ Լիզպոնի 5 տղոց գերագոյն անձնազոհութիւնը ցնցեց հայ աշխարհը: Սփիւռքի մէջ ծնած, հայրենի հողը չտեսած, սակայն Հայ դատին համար իրենց մարմիններով լռութեան պատը քանդած Սարգիսը, Սեդրակը, Սիմոնը, Արան ու Վաչէն փորձեցին արթնցնել աշխարհի քնացած խիղճը, միաժամանակ պատգամելով հայ երիտասարդութեան՜ մնալ պահանջատէր հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն: Իմ մտածումներս յաճախ, ու յատկապէ՛ս յուլիս ամսուն, կը կեդրոնանան Լիզպոնի...

Ինչո՞ւ Ըլլալ Հայրենասէր

Ինչո՞ւ Ըլլալ Հայրենասէր

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Հայրենասիրութիւնը մարդու մը ինքնութեան անբաժան եւ կարեւորագոյն մասը պէտք է ըլլայ: Հայրենասէր ըլլալ` կը նշանակէ սիրել եւ նուիրուիլ հայրենիքին, յարգանքով եւ գուրգուրանքով մօտենալ անոր մշակոյթին, պատմութեան ու արժէքներուն: Հայրենիքը սիրելը կը ներառէ հայրենիքի բարօրութեան համար աշխատիլ, զայն պաշտպանել եւ անոր զարգացման նպաստել: Հայրենասէր ըլլալ` չի նշանակեր սակայն սեփական ազգը գերադասել միւս ազգերէն, այլ սիրել հայրենիքը` յարգելով օտարինը: Դժբախտաբար,...

Դաշնակցութիւն «Papa»

Դաշնակցութիւն «Papa»

ՏՈՔԹ. ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Դաշնակցութեան գրադարանը կրկին կը հարստանայ նոր գիրքերով, իսկ ես ամուր սեղմած զանոնք` կը սպասեմ վայրկեան մը առաջ ընկղմիլ այդ աշխարհին մէջ: Թէեւ միշտ ուրախութիւն պատճառած է ինծի գիրքին շօշափելի տեսքն ու հոտը, բայց տարբեր զգացում է, երբ այդ գիրքերը ակնարկ մըն են Դաշնակցութեան հսկայ արխիւէն, երբ իսկապէս գանձ են: Աշխարհի մը, որուն մենք բոլորս ծանօթ ենք, բայց...

Page 3 of 10 1 2 3 4 … 10

Արխիւներ