Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերադարձի Պահը Հասած Է

April 24, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը, դարեր շարունակ դիմակայելով զանազան բռնաճնշումներ, 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն դարձաւ ցեղասպանական քաղաքականութեան թիրախ: 1915-ին Օսմանեան կայսրութիւնը գործադրեց ծրագրուած ցեղասպանութիւն մը` հայ ազգը բնաջնջելու եւ զայն իր պատմական հայրենիքէն վերացնելու նպատակով: Հետեւանքը եղաւ` 1,5 միլիոն զոհ, Արեւմտեան Հայաստանի հայաթափում եւ հայկական մշակոյթի հսկայական կորուստ: Դար մը անց, 2020-2023-ի իրադարձութիւնները յստակօրէն ցոյց տուին, որ նոյն ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, այս անգամ` Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած, շարունակուեցաւ հայրենի Արցախի մէջ: 2023-ին 120.000 հայեր բռնագաղթեցին, իսկ Արցախի պետականութիւնը վերացուեցաւ: Այս երկու ոճիրները ոչ միայն պատմական յուշեր չեն, այլեւ ներկայ ժամանակներու անմիջական սպառնալիքներ են:

24 ապրիլ 1915-ին Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեամբ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ օսմանեան պետութեան ղեկավարութեան յստակ ծրագրումին հետեւանքն էր: Երիտասարդ թուրքերը նպատակ ունէին լուծել Հայկական հարցը` հայ ժողովուրդին ֆիզիքական բնաջնջումով: Ծրագրաւորուած տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ մահուան երթերու միջոցով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր նահանգներու հայ բնակչութիւնը կա՛մ կոտորուեցաւ, կա՛մ անապատ ուղարկուեցաւ` սպաննուելու: Մշակութային ջարդը նոյնպէս լայնածաւալ էր. հազարաւոր եկեղեցիներ, վանքեր եւ գրաւոր ժառանգութեան նմուշներ կա՛մ ոչնչացուեցան, կա՛մ բռնագրաւուեցան:

Թուրք պետութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը, իսկ միջազգային ընտանիքը, բացի քանի մը երկիրներէ, կրաւորական կեցուածք ունի այս ոճիրին նկատմամբ:

Եթէ 1915-ին հայութեան դէմ Ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, ապա 2020-2023-ին արցախահայութեան դէմ` նոյնինքն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ: 44-օրեայ պատերազմին սկիզբը դրուեցաւ Արցախի հայաթափման` ուղեկցուած պատերազմական յանցագործութիւններով, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումով եւ զանգուածային բռնութիւններով: Ազրպէյճանը 2023-ի սեպտեմբերին գործադրեց վերջին հարուածը` Արցախի Հանրապետութեան ամբողջական ոչնչացումով:

Այս ցեղասպանութեան գործիքները տարբեր էին. 9 ամիս տեւած շրջափակում, սովի կիրարկում, քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու ռմբակոծում, քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան գերեվարում: Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի պետնախարար Ռուբէն Վարդանեան, Արցախի ՊՆ-ի նախկին հրամանատար զօր. Լեւոն Մնացականեան, Արցախի ՊՆ-ի հրամանատարի տեղակալ զօր. Դաւիթ Մանուկեան ապօրինաբար ձերբակալուեցան, իսկ Պաքուն անոնց դէմ շինծու դատավարութիւններ կը կազմակերպէ:

Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Արցախի ցեղասպանութիւնը իրենց մէջ ունին բազմաթիւ նմանութիւններ`

– Պետական ծրագրաւորում – Երկու պարագային ալ ցեղասպանութիւնը պետական մակարդակի որոշում էր:

– Միջազգային անգործութիւն – Երկու պարագային ալ աշխարհի մեծ պետութիւնները կա՛մ լուռ մնացին, կա՛մ բաւարար քայլերու չձեռնարկեցին:

– Բռնագաղթ եւ հայրենազրկում – Երկու պարագային ալ հայերը զրկուեցան իրենց բնօրրանէն:

– Մշակութային ջարդ – Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացուեցան կամ գրաւուեցան:

Այսօրուան լռութիւնը վաղուան նոր ցեղասպանութեան նախապատրաստութիւնն է: Առ այդ, հայ ժողովուրդը ունի իր գոյութենական պայքարը շարունակելու բարոյական եւ պատմական պարտաւորութիւնը:

1.- Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն:

2.- Արցախը պէտք է մնայ հայկական: Տեղահանուած ժողովուրդը իր հայրենիք վերադառնալու անքակտելի իրաւունքը ունի:

3.- Պաքուի ոճիրները պէտք է դատապարտուին միջազգային ատեաններուն մէջ: Արցախի ղեկավարներուն ձերբակալութիւնը քաղաքական շանթաժ է, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ:

4.- Արցախի հարցը միայն Արցախի ժողովուրդին հարցը չէ. անիկա համայն հայութեան հարցն է: Միասնութեամբ եւ վճռականութեամբ պիտի կանխենք ապագայի ցեղասպանութիւնները:

Անցեալի դասերը չսորվելու գինը նոր ցեղասպանութիւն մըն է: Հայ ժողովուրդը մէկ դար առաջ մնաց մինակ եւ այսօր կրկին կանգնած է նոյն մարտահրաւէրին դիմաց: Սակայն այս անգամ պէտք է պայքարինք աւելի կազմակերպուած, աւելի ուժեղ եւ անսասան կամքով:

Քաջերի հողը մեզ է սպասում:

 

 

 

Նախորդը

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

Յաջորդը

Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.