Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Առողջ Ընտանիքի Նախապայմանները» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ Ընտանիքի Նախապայմաները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս Մէյրի Արեւեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ ասիկա 2015-2016 տարեշրջանի առաջին դասախօսութիւնն...



















