1 հոկտեմբերը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ճշդուած է որպէս Համաշխարհային տարեցներու օր: Այս առիթով, 26 սեպտեմբեր 2015-ին Հայ տարեցներու տան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը: ՔԱՀԼ-ի մամիկներն ու պապիկները համախմբուեցան սրահին մէջ եւ մեծ ուրախութեամբ վայելեցին իրենց համար պատրաստուած յայտագիրը:
Յայտագիրին սկիզբը ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան խօսք առաւ եւ շնորհաւորեց տարեցները իրենց տօնին առիթով: Ապա բացատրեց, թէ ինչպէս 14 դեկտեմբեր 1990-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին ընթացքին 1 հոկտեմբերը ճշդուեցաւ որպէս Համաշխարհային տարեցներու օր: Ան Աստուծոյ փառք տուաւ իւրաքանչիւր տարեցի կեանքին համար: «Դուք տարիներ շարունակ խնամեցիք ուրիշները, հիմա արտօնեցէք, որ մենք խնամենք ձեզ»: Ան ըսաւ, թէեւ ՄԱԿ-ը ճշդած է այս օրը, սակայն մենք որպէս հայ քրիստոնեայ ժողովուրդ` մեր պատմութեան առաջին օրէն իսկ յարգած ու պատուած ենք մեր տարեցները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՔԱՀԼ-ի անձնակազմին իրենց տարած բծախնդիր հոգատարութեան համար եւ անոնց կողմէ ներողամտութիւն խնդրեց տարեցներէն, եթէ երբեմն թերացումներ կը պատահին: Ապա ան կանխայայտ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեաններուն, որոնք յայտագիրին կարեւոր մէկ մասը ստանձնեցին: Իրենց հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերով եւ նուագով անոնք խանդավառեցին մամիկներն ու պապիկները, որոնք մերթ ընդ մերթ ոտքի ելլելով շուրջպար կազմեցին:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն եւ իւրաքանչիւր մամիկի եւ պապիկի նուիրուեցաւ վարդ մը` մաղթելով անոնց առողջ, ուրախ եւ երկար տարիներ: