Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում-2014-2015 Տարեշրջան

September 17, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 30 օգոստոս 2015-ի յետմիջօրէին վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2014-2015 տարեշրջանի Քոռնայել գիւղի Տհուր Սալիմա շրջանին մէջ կայացած բանակումը, որուն  թեման էր`  «Կատարեալ աշխարհի մը տեսլականով»:

9-օրեայ այս բանակումը եղաւ շատ յատկանշական, իր թեմայով, իր նախապատրաստական աշխատանքներով, իր յատուկ կազմակերպութեամբ, իր աննախընթաց 207 մասնակցողներով, իր կշռոյթով եւ սքանչելի բարձր սկաուտական ոգիով:

Մասնաճիւղային դրօշակի կայմ
Մասնաճիւղային դրօշակի կայմ

Այս յատուկ առիթով, մասնաճիւղը պատրաստած էր բանակումի յատուկ թի-շրթները, զորս կը կրէին բոլորը` ամէնէն փոքր անդամէն ամէնէն երէց սկաուտական խորհուրդի անդամը` ապրելով ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի յատուկ մթնոլորտը եւ յիշելով ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի յատուկ նշանաբանը` «Մէկ մասնաճիւղ, մէկ ընտանիք»:

Ուրբաթ, 21 օգոստոս 2015-ին, մասնաճիւղի երէց փաղանգը բարձրացաւ բանակավայր` սկսելու համար նախապատրաստական գործերը: Պարմանուհի, արի եւ արենուշները միացան յաջորդ օրը` շաբաթ, 22 օգոստոսին ու սկսան  բանակավայրի յատուկ ձեռային աշխատանքներու:

23 օգոստոսին գայլիկ ու արծուիկ աստիճանաւորական կազմերը միացան բանակողներուն` օժանդակելու մասնաճիւղային ձեռային աշխատանքներու իրագործման:

Բանակումին առաջին 4 օրերը յատկացուած էին բանակավայրի մեծ ձեռայիններուն եւ, հետեւաբար, երեքշաբթի բանակավայր այցելուներուն հետեւեալ պատկերը պարզուած էր:

Բանակավայրի մուտքը կը ներկայացնէր «Կատարեալ աշխարհ»-ի կամուրջը, իսկ դրօշակի կայմը տարբեր անհատներու միասնականութիւնը:

Կատարեալ անհատի կարգապահութիւնը  ներկայացուց երէց` Զարեհեան փաղանգը իր յատագիրներով եւ կեցուածքով փաղանգը տիրացաւ բանակումի լաւագոյն սկաուտական ոգիի հաստատագրին:

Աշխատասիրութիւն` Մեղրի փաղանգի պարմանուհիները, որոնք շինած էին տնակ ձեռայիններ:

Ռազմավարութիւն` արիները, որոնք իրենց ամբողջական բանակավայրով ստացան լաւագոյն բանակավայրի հաստատագիրը եւ բանակումի իրենց յարատեւ աշխատանքով ստացան բանակումի լաւագոյն խումբի հաստատագիրը:

Համակարգ` արենուշները, որոնք շինած էին մարդկային ուղեղ մը իր զանազան բաժիններով. ներկայացուցած էր Այնշթայնին մտային համակարգը:

Գայլիկները զատած էին արդարութիւնը, արծուիկները` ճշդապահութիւնը, եւ իւրաքանչիւրին բանակավայրը յարդարուած էր թեմայով մը եւ յատկանշական ձեռայիններով:

Եւ վերջապէս, Պէյրութի մոկլիները կը ներկայացնէին ընկերասիրութիւնը` իրենց ուրախ եւ գոյնզգոյն բանակավայրով:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ բաղնիքները, ջուրի սարքաւորումով լոգարանները եւ, անշուշտ, խոհանոցը, ուր խոհանոցի յանձնախումբը ժրաջան կերպով 9 օր աշխատեցաւ ճաշերը համեղ պատրաստել եւ որոշուած ժամերուն հասցնելու համար սկաուտներուն:

Չորեքշաբթի, 26 օգոստոսին բանակավայր ժամանեցին փոքր գայլիկները եւ արծուիկները եւ սկսան բոլոր խումբերուն յայտագիրները: Գայլիկներն ու արծուիկները իրենց աշխուժութեամբ նոր կեանք տուին բանակավայրին:

Նոյն օրը բանակավայր այցելեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը:

Խումբերու յայտագիրներէն հարկ է նշել հետեւեալները.

երէց երկօրեայ հետազօտական արշաւ, գայլիկ-արծուիկ «Rally Paper», արի-արենուշ պարմանուհի արշաւներ գիւղին եւ շրջակայքին մէջ, մասնաճիւղային հանգրուանային խաղեր, ինչպէս նաեւ` մարզական չարքաշ խաղերը եւ զանազան այլ մրցակցութիւն-խաղեր:

Ուրբաթ, 28 օգոստոսին բանակավայր ժամանեցին մասնաճիւղի 30 մոկլիները` 3- 6 տարեկան :

Շաբաթ, 29 օգոստոսին մեծաթիւ ծնողներ, հիւրեր եւ այլ մասնաճիւղերէ սկաուտներ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի վարչութիւն, սկաուտական խորհուրդը, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը ներկայ գտնուեցան փակման արարողութեան, ծառատնկումին եւ մրցանակներու բաշխման:

Խօսք առաւ մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, շնորհաւորեց մրցանակաւորները եւ թիւով 207 սկաուտներն ու խմբապետական կազմը` խոստանալով միշտ նեցուկ կանգնիլ սկաուտներուն` հասնելու համար նորանոր նուաճումներու:

Դրօշակի արարողութիւնը վերջ գտաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» երգեցողութեամբ, որուն մասնակցեցան բոլոր ներկաները:

beirut-(2)_9-17-15

Արարողութենէն ետք սկսաւ պաշտօնական խարուկահանդէսը, ուր իւրաքանչիւր խումբ ներկայացուց իր թեմայէն բխած կտորներ, բանակումէն մեկնած դրուագներ: Խարուկահանդէսը աւարտեցաւ աւանդական «Ցտեսութիւն» երգով, եւ բոլոր ներկաները իրարու խոստացան դարձեալ հանդիպիլ:

Ներկաներուն մեկնումէն ետք անմիջապէս սկսաւ հայկական շուրջպարն ու քէֆը, որմէ ետք սկաուտները սկսան քակել ձեռայինները ու հաւաքել բանակավայրը, որ շարունակուեցաւ ամբողջ կիրակի օրը, ու վերադարձան Պէյրութ` յոգնած սակայն խանդավառ, անքուն, սակայն` փայլուն աչքերով:

Բանակումը, որ աննախընթաց էր իր մասնակցութեան թիւով եւ աշխատանքներով, լաւապէս ծառայեց իր նպատակին, ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը վերածեց գործի սկաուտներուն միջեւ կապերը սերտացուց, անոնց վարժեցուց չարքաշ ու ապահով կեանք ապրիլ բնութեան գիրկը:

ՍԿԱՈՒՏ

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.