Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«100 » Հրայր Բազէի Լուսանկարչական Գիրքի Շնորհահանդէս

Սեպտեմբեր 18, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

paze_9-10-15

Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կազմակերպած Հրայր Խաչերեանի «100» պատկերագիրքի շնորհահանդէսը:

Գրական յանձնախումբին անունով Անահիտ Պալեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց գրասէր ներկաները եւ ապա ներկայացուց հեղինակին հակիրճ կենսագրականը:

Հրայր Բազէ Խաչերեան ծնած է 1961-ին Լիբանան: 1984-էն ի վեր հաստատուած է Քանատա: 1988-ին սփիւռքի մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է արցախեան շարժման առնչուող բազմատեսակ գործունէութիւններու: Առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1992-ին, եւ այնուհետեւ, տարին մէկ անգամ ան կը մեկնի հայրենիք` սնանելու նոր աւիշով: 1993-ը կը համարուի Հրայր Բազէի վերածննդեան թուականը: Այդ տարին ան ծանր հիւանդ էր, եւ բժիշկները կեանքի շատ կարճ ժամանակ տուած էին իրեն: Բայց շնորհիւ իր հաւատքին, իր նկարագրին ու մեր հայրենիքին նկատմամբ իր բացարձակ պաշտամունքին` Բազէն վերապրեցաւ: Այսօր 22 տարիներ անցած են այդ տխուր օրերէն, երբ Հրայր ետին ձգելով իր առեւտրականի ասպարէզը, փակելով անգամ իր հասութաբեր խանութը` որոշած է ապրիլ միայն Հայաստանի, Արցախի եւ Հայոց Աշխարհի լուսանկարչական վկայագրութեամբ, դառնալով` «Տեւական ճանապարհորդ, առանց թափառական ըլլալու»:

17 տարիներու աշխատանքի իբրեւ արդիւնք` հանրածանօթ լուսանկարիչ Հրայր Բազէի «100.  1915-2015» պատկերագիրքը կը բաղկանայ 516 էջերէ, որոնց մէջ կ՛արտացոլայ ամբողջ աշխարհի տարածքին սփռուած հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը:

Ճիշդ է, որ գիրքը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, սակայն արուեստագէտը, շրջելով աւելի քան 40 երկիրներ, կու գայ իր շեշտը դնելու ոչ թէ կատարուած ողբերգութեան վրայ, այլ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի նուաճումներն ու պատմամշակութային հարստութիւնը` սկսելով 2000 տարեկան մետաղներէն անցնելով 4-րդ եւ 5-րդ դարերու եկեղեցիներէն, հասնելով մինչեւ մեր ներկան:

Հրայր իր հրաշալի այս գիրքով ոչ միայն կը ներկայացնէ արուեստասէր ու տաղանդաւոր հայ ժողովուրդի պատմական արժէքները, այլ ան կու գայ իր լուսանկարներով վաւերագրելու մեր բռնագրաւուած հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող եւ առ տակաւ շարունակուող մեր մշակութային անհամար կոթողներու կոտորածը: Այսպիսով, Հրայր Բազէ իր «100» անունը կրող հատորով մեզ կը դնէ նոր հրամայականներու եւ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ, որոնց անխոնջ հետապնդումը Հայ դատին նպաստող լծակներէն մէկը կը հանդիսանայ:

Մօտաւորապէս երկու տասնամեակներէ ի վեր Բազէն ցուցահանդէսներով, դասախօսութիւններով եւ լուսանկարներով աշխարհին կը ներկայացնէ Արցախը, Հայաստանն ու մեր գերեվարուած, մեր բռնագրաւուած Հայաստանը: Պէտք է նաեւ նշել, թէ Հրայր այն բախտաւորներէն եղած է, որ բարձրացած է Արարատ լերան գագաթը, ի հարկէ իր ոսպնեակին ընդմէջէն մեզի ներկայացնելու այն անկիւններն ու տարածքները, որոնք ցարդ անծանօթ են մեզի:

Ան հրատարակած է աւելի քան 12 պատկերագիրքեր, որոնցմէ կարելի է յիշել «Արցախ` լուսանկարչական ուղեւորութիւն», «Արցախ` 100 լուսանկար», «Երկիր», «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» եւ այլն: Իր լուսանկարները լոյս տեսած են բազմաթիւ թերթերու, գիրքերու եւ այլ հրատարակութիւններու մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները բարձր գնահատեցին արուեստագէտին նուիրումն ու ցուցաբերած կիրքը մեր մշակութային կոթողներու վկայագրութեան եւ անոնց արժեւորման եւ պատշաճ ներկայացման համար իր ի գործ դրած ճիգերն ու անխոնջ աշխատանքը: Իր լուսապատկերները վաւերագրական արժէք կը ներկայացնեն, որոնց ընդմէջէն, նախ, հայ ներկայ եւ ապագայ սերունդները, եւ ապա օտարները,կը ծանօթանան ոչ միայն մեր ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան, այլեւ` անոր տուն տուող ստեղծագործական ոգիին, անոր հանճարին, եւ անով կը զրահաւորուին պատուով դիմագրաւելու «դուրսի աշխարհը»:

Նախորդը

Փոխակերպում

Յաջորդը

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» 2015 Արագածի Հարսնիքը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?