
Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ին, Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճը, 31-րդ վերամուտի սեմին, գրկաբաց ընդունեց իր մեծ ընտանիքը:
Տարեսկիզբի ազդանշանը տուող առաջին զանգին աշակերտները բակին մէջ հաւաքուեցան, հաւաքաբար «Տէրունական աղօթք»-ը արտասանեցին եւ քոլեճին քայլերգը երգեցին, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան:
Ան բարի վերամուտ մաղթեց ներկաներուն իրենց հարազատ տան մէջ, ապա կարդաց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի` վերամուտի առիթով յղած խօսքը:
Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքին ընթերցումէն ետք տնօրէնը բեմ հրաւիրեց քոլեճի Ա.-էն ԺԲ. կարգերու նորեկ աշակերտները, որոնք կու գային հայկական թէ օտար, լիբանանեան ու սուրիական զանազան վարժարաններէ, ինչպէս նաեւ` նորեկ ուսուցիչները, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը, իբրեւ բարիգալուստի արտայայտութիւն, իր դասընկերներուն կողմէ ստացաւ ծաղիկ մը :
Նորեկներէն ետք բեմ բարձրացան մանկապարտէզի շրջանաւարտները` իբրեւ այս տարուան առաջին դասարանի աշակերտներ եւ ծափահարութիւններով ընդունուեցան իրենց երէց դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ:
Զ. Ղազարեան շեշտեց, որ այս աշակերտները «նորեկ» կը կոչուին միայն վերամուտի օրը, ապա կը դառնան քոլեճի ընտանիքին հարազատ անդամները, մնացեալ աշակերտներուն նման` անոնք եւս իւրացնելով քոլեճի պատկանելիութեան զգացումը եւ բարձր պահելով իրենց քոլեճին անունը` թէ՛ կրթական, թէ՛ ազգային կեանքին մէջ:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես հայկական վարժարանին մէջ հասակ առնող սերունդին, յաջողութիւն մաղթեց քոլեճին եւ ծնողներուն յանձնարարեց շարունակել հաւատալ հայ դպրոցի առաքելութեան, որովհետեւ հայ դպրոցներուն բարգաւաճումով է, որ ազգային կեանքը պիտի շէննայ ու յառաջդիմէ:
Ապա Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեաններ բեմ բարձրանալով` մթնոլորտը ճոխացուցին հայկական երգերով, մինչ աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն հետ շուրջպար բռնած` պարեցին հայկական երգերուն կշռոյթով:

Վերամուտին առիթով քոլեճի աւարտական դասարանի աշակերտները յատուկ նախաձեռնութեամբ մը «կարկանդակի եւ օշարակի վաճառք» կազմակերպեցին զբօսանքներուն ընթացքին եւ հասոյթը յատկացուցին քոլեճի կարիքաւոր սաներու ֆոնտին:
Ուրբաթ, 18 սեպտեմբերին, քոլեճի աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ սրահ եւ վերամուտին առիթով սուրբ հաղորդութիւն ստացաւ:
Իսկ մանկապարտէզի փոքրիկները ուրբաթ, 26 սեպտեմբերին, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, անհաստատ քայլերով մտան մանկապարտէզ, ծանօթացան իրենց դասատուներուն եւ դասարաններուն, ապա իջան սրահ, ուր հաւաքական երգի պահուն հաճելի ժամանակ անցուցին արջուկին ու ծաղրածուին հետ: Ապա անոնք միասնաբար երգեցին, պարեցին ու խաղացին եւ վերամուտի ձեռային աշխատանքներ ստանալով` իրենց ծնողներուն հետ վերադարձան իրենց տուները: Իսկ երկուշաբթի ուրախ օր մը անցընելէ ետք, անոնք փուչիկներով վերադարձան տուն:
Շարունակելով վերամուտի ուրախ մթնոլորտը, մանկապարտէզի փոքրիկները երեքշաբթի, 29 սեպտեմբերին մեկնեցան Ժիպէյլի հանրային պարտէզը, ուր խաղացին եւ ուրախ պահեր անցուցին` աւելի եւս մտերմանալով իրենց ուսուցիչներուն եւ ընկերներուն հետ:


