Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Նուիրուած Տարբեր Նախաձեռնութիւններ Հայաստանի Մէջ

September 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mousa_9-23-15

Հայաստանի մէջ կը շարունակուին Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւնները: 18 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մուսալեռցիք բարձրացան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ Ճորճ Գէորգեանի «Ֆրանսական ռազմածովային նաւատորմի օգնութիւնը հայերուն» գիրքի շնորհահանդէսը, ինչպէս նաեւ բացումը կատարուեցաւ մուսալեռցիներու կենցաղին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցահանդէսին:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան գիրքին հեղինակը պարգեւատրած է «Ֆրանց Վերֆել» ոսկիէ յուշամետալով: Գէորգեանի գիրքին մէջ տեղ գտած են Մուսա Լերան հերոսամարտին վերաբերեալ բացառիկ արխիւային լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր, որոնք առաջին անգամն ըլլալով կը հրատարակուին հայերէնով:

Նախատեսուած է ապագային Այնճարի մէջ եւս բացումը կատարել Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած թանգարանին: Հայկ Դեմոյեան ապագայ թանգարանին համար մուսալեռցիներուն նուիրած է ֆրանսական «Իլիւսթրասիոն» եւ «Միրըր» պարբերականներու 1915  թուականի հոկտեմբերի երկու թիւերը, ուր դէպքերէն ամիս մը ետք հրապարակուած են լուսանկարներ մուսալեռցիներու տարհանումէն:

Հայկ Դեմոյեան ներկայացուցած է նաեւ ֆրանսացի ծովակալ Լուի Տարթիժ տէ Ֆուրնէի յուշերը` հրատարակուած 1914-1916 թուականներուն, ուր ան երկու էջով անդրադարձած է նաեւ Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութեան: «Մուսալեռցիները իրենց երեխաները սաւաններու մէջ պարուրած` ձեռքէ ձեռք կը փոխանցէին ֆրանսացի նաւաստիներուն: Այդ երեխաները այն ժամանակ չէին գիտեր, որ Մովսէսի նման կը վերածնին ջուրէն», գրած է ֆրանսական նաւատորմի հրամանատարը:

 

17 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեանը, կեդրոնական մարմինի անդամ Յակոբ Այնթապլեանը, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատուներ Գաբրիէլ Փանոսեանն ու Խաչիկ Թոսունեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնած է «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութիւններուն կողմէ աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ հայրենիքի մէջ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու առնչութեամբ:

Ան շնորհաւորած է մուսալեռցիներու առաջին հանգրուանի` Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով եւ ըսած. «Ֆրանսայի կառավարութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, այլ բարերարներու կողմէ մուսալեռցիներուն նուիրուած լիբանանեան ճահճոտ, անապատային հողակտորը դուք դարձուցիք ծաղկուն ովասիս, հայրենի այգեստան: Այնճարը` անառիկ Մուսատաղի փոքրիկ պատառիկը` իր վեց գիւղերը խորհրդանշող թաղամասերով, իր դպրոցներով ու եկեղեցիներով, երիտասարդական եւ կնոջական միութիւններով, որբանոցով ու մշակութային կեդրոններով, հիւանդանոցով ու այլ կառոյցներով դարձաւ  իւրօրինակ փոքրիկ Հայաստան Միջին Արեւելքին մէջ: Տաղանդաւոր ճարտարապետ Յակոբ Քէշիշեանի նախագծած արծուային ճարտարապետական կառուցուածքով, իր հայրենաշունչ նկարագիրով ու պատմութեամբ Այնճարը բացառիկ երեւոյթ է սփիւռքի պատմութեան մէջ, հայկական համայնքի կատարեալ բնորդ մը, որ պէտք է իբրեւ օրինակ ծառայէ աշխարհի բոլոր համայնքներուն համար: Այսօր ալ դուք կը շարունակէք պահպանել ու զարգացնել ձեր քաջ  նախնիներէն ժառանգուած արժէքները»:

Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան եւ աջակցութեան համար` նշելով, որ սփիւռքի նախարարութեան մէջ իրենք կը զգան, թէ հարազատ տան մէջ են: Ան ներկայացուցած է հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով իրենց կողմէ կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները` հաստատելով, որ այսուհետեւ առաւել աշխուժ կերպով պիտի համագործակցին նախարարութեան հետ:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Մասունք Մը Յուշ` Ապրուած Օրերէն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.