Երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը իր դռները լայնօրէն բացաւ դիմաւորելու համար 2015-2016 կրթական տարեշրջանը:
Հին ու նոր աշակերտներու ներկայութեամբ կրթական նոր տարեշրջան մը սկիզբ առաւ վարժարանի շրջափակին մէջ: Խմբային աղօթքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներուն երգեցողութիւնը: Ապա խօսք առաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, նոր աշակերտներուն մաղթելով նաեւ, որ այս կրթօճախը դառնայ իրենց երկրորդ հարազատ տունը: Տնօրէնը խրախուսեց աշակերտները` ըլլալու գիտակից հայորդիներ եւ եղբայրասէր անհատներ, ինչպէս նաեւ` դառնալու տիպար օրինակներ իրենց միջավայրին մէջ եւ, ի պահանջել հարկին, ուղղելու իրենց հարազատները եւ շրջապատը:
Ռ. Պոյաճեան կոչ ուղղեց 9-րդ դասարանի աշակերտներուն չշլանալու պետական քննութիւններուն իրենց արձանագրած 100 տոկոս յաջողութեամբ, այլ այդ մէկը խթանիչ ուժի վերածելով, ամէն ջանք գործադրելու` լաւագոյն արդիւնքներ ապահովելու համար, հաւատալով, որ պայքարով կարելի է ամէն երազ իրականութեան վերածել:
Ռ. Պոյաճեան նշեց նաեւ, որ այս սերունդը տակաւին կը շարունակէ կոչուիլ 100-ամեակի սերունդ, որուն կոչումին յանձնառու պիտի մնայ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի իւրաքանչիւր աշակերտ:
Այնուհետեւ, 12-րդ դասարանի աշակերտ Սելին Տէր Փիլիպոսեան ներկայացուց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին մասնակիցները: Քրիսթինա Սրապոնեան ելոյթ ունեցաւ «Լուսաբաց» ասմունքով, իսկ Նժդեհ Պոտրումեան ազգային եւ հայրենասիրական երգերու շարքով ճոխացուց վերամուտի հանդիսութիւնը:
Աւարտին, 12-րդ դասարանի աշակերտ Յովսէփ Եուսեֆ խօսք առնելով` ըսաւ, թէ` «Ս. Խաչ-Հարպոյեանը անգամ մը եւս իր դռները բացաւ հայ մանուկը իր տաքուկ գրկին մէջ առնելու»: Ան նշեց, որ թէեւ թուրքը փորձեց մեզ բնաջնջել, բայց մենք յաղթանակած ենք, քանի որ տակաւին ունինք հայ դպրոցներ, կը խօսինք ու կ՛երգենք հայերէն:
Հայ ազգի գոյութեան ու յարատեւութեան ջահը, որ տարիներէ ի վեր աւագ սերունդներէն կը փոխանցուի նորահաս սերունդներուն, անմոռուկ ծաղիկի չորս գոյներով եւ հայուն ազատատենչ հոգին խորհրդանշող փուչիկներով դէպի երկինք սլացան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն ձեռամբ, իբրեւ երդում` Հայ դատին պաշտպան կանգնելու հայ աշակերտին պատրաստականութեան: