Ուսման եւ կրթութեան կողքին հայ մանուկը խաղաղ միջավայրի մէջ պահելու եւ անոր Ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան առողջ աճ ապահովելու միտումով «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ կազմակերպեց ժողով-հաւաք մը:
Այս ժողով-հաւաքին հրաւիրուեցան Լիբանանի տարածքին գործող 23 հայկական վարժարաններու տնօրէններն ու պատասխանատուները:
Ներկայ գտնուեցան Ազգային առաջնորդարանի գործավարուհին եւ ընկերային ծառայողը, ՀԲԸՄ-ի Կրթական խորհուրդի եւ Հայ աւետարանական կրթական խորհուրդի ատենապետները, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի, ՀԲԸՄ վարժարաններու, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի, Ազգային Ռուբինեան վարժարանի, Սահակեան Լ. Մկրտիչեան վարժարանի, Վահան Թէքէեան վարժարանի եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէններն ու պատասխանատուները, իսկ Ազգային Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանն ու Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանները ներկայացան իրենց ներկայացուցիչներով:
Ժողովի բացման խօսքը արտասանեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ 2014-2015 տարեշրջանին հաստատութեան կատարած գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ 2015-2016 տարեշրջանին կատարուելիք ծրագիրներուն եւ խօսեցաւ յետմիջօրէի սերտարանին մատուցած ծառայութիւններուն մասին:
Իր խօսքի աւարտին Օհանեան ըսաւ. «Որպէս մանկախնամ կեդրոն` մեր տեսիլքն է, գործակցաբար հայ վարժարաններուն, հայ մանուկը տեսնել օժտուած` առողջ միտքով, մարմինով, լիացած ուսմամբ, վայելելով մեր ազգային ամբողջական սէրն ու գուրգուրանքը, որպէսզի ապագային դառնան մեր ազգի ամուր սիւները»:
Ժողովի առաջին զեկուցաբերն էր, հաստատութեան առողջապահական բաժանմունքի պատասխանատու հիւանդապահ Նանօր Գլընճեանը:
Ան փաուըր փոյնթի օգտագործումով ներկաներուն ըսաւ, թէ ըստ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան վիճակագրական տուեալներուն, 2030 թուականին աշխարհի տարածքին պիտի կրկնապատկուին ոչ փոխանցիկ հիւանդութիւնները, ինչպէս` շաքարախտը, գերճնշումը եւ այլն:
Ան ըսաւ. «Նկատի ունենալով, որ 15 տարի ետք մեր աշակերտները ենթակայ պիտի ըլլան այս հիւանդութիւններուն, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է կանխարգիլել անոնց մօտ այս հիւանդութիւններուն ներթափանցումը` կազմակերպելով յաճախակի առողջապահական դասախօսական շարքեր, տալով մարզանքի եւ սննդականոնի յատուկ ուղղութիւններ եւ կատարելով հետեւողական ստուգումներ»:
Ան նաեւ բացատրեց հաստատութեան «Դպրոցական առողջապահութիւն» բաժանմունքին նպատակն ու գործունէութիւնը:
Իր խօսքի աւարտին Գլընճեան ըսաւ, որ հաստատութիւնը իր սովորական գործունէութեան կողքին պատրաստ է նաեւ հայկական վարժարաններուն տրամադրելու բժշկական այլազան ծառայութիւններ` ըստ պահանջի:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր «Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող մանկավարժական կեդրոն»-ի տնօրէն Յասմիկ Նալպանտեան:
Ան եւս փաուըր փոյնթի վրայ ներկայացուց կեդրոնին նպատակը, աշխատանքներն ու աշխատակազմը:
Ան ներկաներուն տեղեկացուց, թէ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին կեդրոնը, գործակցաբար «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին, հայկական վարժարաններուն մէջ պիտի ապահովէ դպրոցական յատուկ կրթութեան ծառայութիւններ:
Այս ծրագիրի իրականացման համար յատուկ անձնակազմ մը, բաղկացած` երկու մասնագէտէ, մէկ ուղղախօսէ եւ մէկ հոգեբանէ, դասաժամերու ընթացքին պիտի այցելէ վարժարանները եւ աշակերտներուն պիտի տրամադրէ անհրաժեշտ աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի կատարէ ուսուցիչներու մարզումներ եւ ծնողական դասախօսական պահեր:
Երրորդ զեկուցաբերն էր ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան, որ իր կարգին խօսեցաւ «Ընկերային ծառայութիւնը դպրոցներուն մէջ եւ բարեգործական իրազեկումը աշակերտներուն մօտ» նիւթին մասին:
Իր խօսքին մէջ ան շեշտը դրաւ, որ մեր պարտականութիւնն է մանուկ հասակէն աշակերտին հոգեկան աշխարհին մէջ սերմանել տալու առաքինութիւնը եւ սորվեցնել իր նմանին օգտակար դառնալու պարտաւորութիւնը:
Ան հաստատութեան տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական այն վարժարաններուն, որոնք իրենց տարեկան ծրագիրին մէջ արդէն իսկ ներմուծած են տուեալ գաղափարը եւ տարբեր առիթներով այցելած են «Գարակէօզեան» հաստատութիւն` աշակերտներուն ձեռքով յանձնելու նուէրները իրենց նմաններուն:
Իր խօսքի աւարտին Ք. Սարգիսեան եւս հաստատեց, որ հաստատութիւնը պատրաստ է դպրոցներուն մէջ կազմակերպելու ծնողական դասախօսական պահեր` ըստ առաջարկուած նիւթերուն:
Աւարտին, ներկայ տնօրէնները իրենց կարգին փոխանցեցին իրենց շինիչ առաջարկները եւ դրին խնդիրներու համար լուծումներ գտնելու օգտաշատ գաղափարները: