ՄԱՀԱԵՄ-ի Լիբանանի Կրթական Խորհուրդի Գնահատանքի Երեկոյ
ՄԱՀԱԵՄ-ի կրթական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, 8 հոկտեմբերին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աւետարանական 5 վարժարաններէն նախորդ տարուան պետական զոյգ քննութիւններուն յաջողած 100 աշակերտներու գնահատանքի երեկոյ` ներկայութեամբ ուսուցիչներու, ծնողներու եւ կրթական մշակներու: Լիբանանի Կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմեքճի կատարեց բացման խօսքը` շեշտելով նման քաջալերական ձեռնարկներու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը: Ապա յատուկ շնորհաւորեց կրթական պատասխանատուները, տնօրէններն ու ուսուցիչները` իրենց նուիրումին եւ...




















