ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 16-23 օգոստոս 2015-ին, Այն Զհալթայի յառաջդիմական-ընկերվարներու բանակավայրէն ներս, մասնակցութեամբ 183 սկաուտներու: Տեղին է նշել, որ այս տարի բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի նորաստեղծ մասնաճիւղի քոյրերն ու եղբայրները:
Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան կողմէ կազմակերպուած բանակումը նուիրուած էր մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակին, իսկ ընդհանուր թեմա ընտրուած էր աշխարհի եօթը նոր հրաշալիքները:
Սկաուտական իւրաքանչիւր խմբաւորում զատած էր հրաշալիք մը եւ բանակավայրը այդ ուղղութեամբ զարդարած էր: Այսպէս, բանակավայրին մէջ կարելի էր այցելել` Հնդկաստան, Իտալիա, Մեքսիքա, Ֆրանսա, Չինաստան, Պրազիլ եւ վերջապէս… որպէս 8-րդ հրաշալիք կարելի էր այցելել Լիբանան ու յատկապէս Պուրճ Համուտ:
Բանակումի ընթացքին տեղի ունեցան` արշաւներ, սկաուտական տեսական գիտելիքներու գործնական աշխատանք, չարքաշութեան վարժեցնող խաղեր, մարզանքներ, ձեռային աշխատանքներ, գիշերային խաղեր, պտոյտներ, խարուկահանդէսներ: Յայտագրերու ընթացքին տիրող մթնոլորտը առողջ էր, ընկերային ու խանդավառ: Բանակումը ակնթարթային արագութեամբ, հեզասահ ու կարգապահ ընթացաւ:
Բանակումին պաշտօնական այցելութիւններ տուին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Սկուտական խորհուրդին, Պուրճ Համուտ ու Ռաուտա մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բանակումի պաշտօնական փակման դրօշակի արարողութիւնն խարուկահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետութեան, Պուրճ Համուտ ու Ռաուտա մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու, համակիրներու եւ բարեկամներու: Պաշտօնական դրօշակի արարողութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան, Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վարչութեան ու Սկուտական խորհուրդի եւ խմբապետութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան աստիճանատուչութիւն եւ մրցանակներու բաշխում: Գալով խարուկահանդէսին, իւրաքանչիւր խումբ ներկայացուց իր հրաշալիքը եւ անոր գտնուած երկրին մշակոյթը ներկայացնող գեղարուեստական պատկեր մը: Խարուկահանդէսի ընթացքին հնչեցին զանազան սկաուտական կանչեր ու երգեր, իսկ որպէս եզրափակիչ յայտագիր սկաուտները հայկական եարխուշտան ներկայացուցին:
Բանակող քոյրերն ու եղբայրները իրենց առօրեային վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ, անմոռանալի յուշերով ու նորանոր տեսիլքներով:
Աւարտին, հարկ է խորհին շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր այն հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ սատար հանդիսացան տարեկան բանակումի բարեյաջող կազմակերպութեան:
«Մասնաճիւղիս հետ, միութեանս համար» կարգախօսը որդեգրած ութսունամեայ մասնաճիւղը պիտի շարունակէ գործել յանուն Պուրճ Համուտի, ՀՄԸՄ-ի եւ համայն հայութեան: