Ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 2015 տարուան Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ մայիս ամսուան ընթացքին դպիրի ձեռնադրութիւն ստացած անհատներու վկայագիրներու բաշխումը: Սոյն ձեռնարկը կազմակերպած էր Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային կրօնական ժողովը եւ կը հովանաւորէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կրօնական ժողովի անդամ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան: Ան շնորհաւորեց Լիբանանի թեմին մէջ գործող Ս. Աստուածածին, Ս. Քառասնից Մանկանց, Սրբոց Վարդանանց, Ս. Սարգիս, Ս. Գէորգ, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Ս. Յակոբ, Ս. Յովհաննու Կարապետ, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եւ Ս. Նշան մայր եկեղեցիներու դպրաց դասերու դպիր-դպրուհիները, որոնք ձեռնադրուեցան առաջնորդ սրբազանին կողմէ: Ան իւրայատուկ նկատեց այս տարուան ձեռնադրութիւնները, որովհետեւ թեմին մէջ առաջին անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ դպրուհիներու ձեռնադրութիւն:
Հուսկ խօսք առաւ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան Ս. Հռիփսիմեանց տօնակատարութեան ընթացքին կատարուած ձեռնադրութիւնները իւրայատուկ նկատեց, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի թեմի առաքելական եկեղեցիները օժտուեցան 100 նոր դպիր-դպրուհի ծառայողներով: Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ծառայութեան կարեւորութեան եւ յորդորեց ներկաները ուրախութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ ծառայելու հայ եկեղեցւոյ: Շահէ եպս. Փանոսեան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, թէ յետ այսու թեմին մէջ վկայագիրներ պիտի տրուին ձեռնադրութիւն ստացած սպասաւորներուն եւ շնորհաւորեց բոլոր դպիր-դպրուհիները:
Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքի աւարտին 100 վկայագիրներ բաժնուեցան նոր ձեռնադրուած դպիր-դպրուհիներուն, եւ տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ ձեռնարկը: