Շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմին տարեկան հանդիպումը, որ ամէն տարի կը կատարուի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը` վերամուտի նախօրեակին:
Այս տարուան հանդիպումը կը զուգադիպէր վարժարանի անուանակոչութեան` Խաչվերացի տօնին, որուն նուիրուեցաւ նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագը, որուն համապատարագեցին գերապատիւ հայրեր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանն ու Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը: Իր փոխանցած քարոզին մէջ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ Կարապետեան մաղթեց, որ ուսուցիչները իրենց ամբարած գիտութեամբ սնուցանեն աշակերտները եւ զանոնք առաջնորդեն դէպի քրիստոնէական լոյսի ճամբան: Ան Աստուծմէ խնդրեց նաեւ ուսուցիչները օժտել բոլոր գեղեցիկ առաքինութիւններով, որպէսզի յառաջիկայ ուսումնական տարին ըլլայ բեղմնաւոր եւ հեզասահ:
Հանդիպումը շարունակուեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի ժողովասրահին մէջ: Տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին սկզիբը խնդրեց ներկաներէն վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը վարժարանիս հոգատար հայր եղած, երջանկայիշատակ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց նորընտիր պատրիարք` Գրիգոր-Պետրոս Ի.-ն: Յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին կապակցութեամբ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք Ռ. Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց վարժարանիս ընտանիքին միացած նոր անդամներուն: Այնուհետեւ, ան ամփոփեց նախորդ տարուան պետական քննութեանց վարժարանի աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները, գնահատեց բոլոր ուսուցիչները եւ պարգեւատրեց այն 10 ուսուցիչները, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր ապահովել այդ պատուաբեր արդիւնքները: Ան նաեւ հակիրճ կերպով ներկայացուց 2015-ի ամրան ընթացքին վարժարանին մէջ կատարուած վերանորոգման աշխատանքները: Ի վերջոյ Ռիթա Պոյաճեան շեշտը դրաւ տնօրէնութիւն-ուսուցչակազմ-ծնողք յարաբերութիւնները առողջ եւ կառուցողական պահելու հրամայականին վրայ, որով կ՛երաշխաւորուի դպրոցին յաջողութիւնն ու յառաջընթացութիւնը:
Ապա, հիւրընկալեցինք Centre for Educational Consultancy and Professional Development (CEC-PD) կեդրոնէն երեք մասնագէտներ, որոնք զեկուցեցին կրթական մարզին մէջ որակաւոր աշխատանք տանելու կերպին ու հնարաւորութիւններուն մասին: Այս ծիրին մէջ 2015-2016 տարեշրջանին համագործակցութիւն տեղի պիտի ունենայ այս մասնագէտներուն եւ վարժարանիս ուսուցչակազմին հետ, որպէսզի անոնց վերահսկողութեամբ կարելի ըլլայ կատարելագործել Ս. Խաչ-Հարպոյեանի կրթական ծրագիրը եւ աշխատանքները:
Աւարտին, լեզուական եւ գիտական նիւթերու ուսուցիչները, Ամերիկեան ծրագիրի եւ Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքներու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի եւ արուեստից բաժանմունքներու ուսուցիչները խմբակներու բաժնուելով արծարծեցին իրենց տարեկան ծրագիրը եւ իրագործելի աշխատանքները: