Հայ Աւետարանական Քոլեճի Տիկնանց Ընկերային Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ Այցելութիւն «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան
Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի տիկնանց ընկերային յանձնախումբին, երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրեր: Պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւորապէս 100 անձեր, որոնք վարժարանի ծնողներ էին, աշակերտներ, ինչպէս նաեւ քոլեճի բարեկամներ եւ հիւրեր: Առաջին վայրը, ուր կանգ առին մարդատարները, Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանն էր: Մասնակիցները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով շրջագայեցան թանգարանին մէջ մօտէն ծանօթանալու...


















