Յօդուածներ

Պատկերազարդ Երաժշտական Երեկոյի Մը Տպաւորութիւնները

Պատկերազարդ Երաժշտական Երեկոյի Մը Տպաւորութիւնները

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան կազմակերպած շարք մը ձեռնարկներուն առընթեր ներկայացուեցաւ «Խաչատուրեան թրիօ»-ի նուագահանդէսը: Եռեակը կը կազմէին` Արմինէ Գրիգորեանը (դաշնակ), Կարէն Շահկալտեանը (ջութակ) եւ Կարէն Քոչարեանը (թաւջութակ): Ելոյթը տեղի ունեցաւ 18 հոկտեմբեր 2016-ին, «Տեմիրճեան կեդրոն»-ին մէջ: Սոյն նուագահանդէսին պատրաստուած ընտրանի եղանակները յարմարագոյն ձեւով ծառայեցին նշուած երեկոն իր վեհ նպատակին հասցնելու: Ճարտարութիւն պահանջող այս եղանակները մեկնաբանուեցան այն աստիճան ակնառու...

Արցախեան Պատերազմի Նահատակներուն Ընդհանուր Թիւը

Արցախեան Պատերազմի Նահատակներուն Ընդհանուր Թիւը

Ստեփանակերտի` Արցախեան պատերազմի զոհերու թանգարանի կայքին մէջ անուն առ անուն տեղադրուած են բոլոր այն մարդոց անունները (անոնց ծնած թուականը, վայրը, որոշ այլ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ` նկարը), որոնք զոհուած են ինչպէս ռազմական գործողութիւններու ընթացքին` 1991-1994 թուականներուն, այնպէս ալ նախապատերազմեան` 1988-1990 թուականներուն (Սումկայիթ, Պաքու, «Օղակ» գործողութիւն), եւ յետպատերազմեան` «ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ» տարիներուն, 1994-ի մայիսեան անժամկէտ հրադադարէն մինչեւ այսօր: Հակառակ որոշակի կրկնութիւններու...

Պոլիսը` Կոմիտասէն Առաջ Եւ Ետք

Պոլիսը` Կոմիտասէն Առաջ Եւ Ետք

Ա. ԱՊՏԱԼԵԱՆ Կոմիտաս, նախքան Պոլիս մեկնիլը, Սուրբ Էջմիածնի մէջ ապրեցաւ բաւական մեծ յուսախաբութիւններ: Փարիզի եւ Պերլինի մէջ մեծ յաղթանակներ արձանագրած, ապա երաժշտական միջազգային շրջանակներու մէջ անուն ու հռչակ վաստակած վարդապետը երբ Սուրբ Էջմիածին կը վերադառնար, նախանձոտ հակառակորդներու բուռն ու թունալից հալածանքներուն թիրախը կը դառնար, որովհետեւ խուլ սենեակներու մէջ օրն ի բուն քնացող, ծոյլ եւ անգործ կղերականներ չէին կրնար հանդուրժել այս...

Արուեստը` Իբրեւ Կեանքի Հրաւէր

Արուեստը` Իբրեւ Կեանքի Հրաւէր

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի եւ «Նոազ արք» ցուցասրահի հիմնադրութեան 20-ամեակի եւ հովանաւորութեամբ Պէյրութի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, «Նոազ արք» ցուցասրահը կազմակերպած է յատկանշական ցուցահանդէս մը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, նոյեմբեր 21-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կեդրոնական Պէյրութի (Սոլիտեր) ոսկերիչներու շուկային մէջ: Այս առիթով հրատարակուած պատկերագիրքին մէջ տրուած է «Նոազ արք»-ի  գործունէութեան անցած ուղիի մասին հակիրճ բնութագրում մը,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 26 Անօթեւան Ընտանիքներու  Բնակարաններ Նուիրած Է Գիւմրիի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իր ենթակառուցուածքային ծրագիրներուն զուգահեռ, կ՛իրականացնէ նաեւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներ, որոնց կարգին է «Բնակարաններ` Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներուն» նախաձեռնութիւնը, որուն շնորհիւ ներկայիս 26 ընտանիք քաղաքի Մուշ եւ Անի թաղամասերուն մէջ ունի բարենորոգուած, կահաւորուած, ջեռուցուող, կենցաղային պայմաններով օժտուած բնակարան: Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Թրքական Օժանդակութիւններ` Ազրպէյճանի

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Թրքական Օժանդակութիւններ` Ազրպէյճանի

- Ազերիական Իրերայաջորդ Ներթափանցումներ Եւ Յարձակումներ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայկական ուժերը կը շարունակէին յառաջխաղացք արձանագրել Ֆիզուլիի ճակատին վրայ, մինչ ազրպէյճանական ուժերը պարբերաբար ներթափանցումներ կը կատարէին Հայաստանի սահմաններէն ներս: 1993-ի ապրիլին ազրպէյճանական ուժերը տասնեակներով հայեր սպաննեցին Հայաստանի հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ որոշեցին օժանդակութիւններ տրամադրել Արցախի եւ զանոնք տեղ հասցնել... Պաքուի ճամբով: Օրին, «Ազդակ» կը գրէր,...

Ակնարկ.  Զեկուցումներու Քաղաքական  Տրամաբանութիւնը

Ակնարկ. Զեկուցումներու Քաղաքական Տրամաբանութիւնը

Ակնկալելի էր, որ Եւրոպական յանձնաժողովը Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով տարեկան իր զեկուցումին մէջ խիստ շեշտադրումներ եւ ընդգծումներ վերապահած ըլլար Անգարային: Ներթրքական իրադարձութիւնները, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումը, զինուորական «յեղաշրջման» փորձի դիմաց շարունակուող ձերբակալութիւնները, քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը չեղեալ նկատելն ու հետագայ ձերբակալութիւնները ստուար թղթածրար կը կազմեն Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան արգելակման առումով: Պահ մը լուսարձակի տակ առնենք այն կէտերը, որոնք Եւրոպական յանձնաժողովը...

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյցներէն Հատուածներ

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյցներէն Հատուածներ

Հայկական Լրատուամիջոցները Պատրաստ Պէտք Է Ըլլան Որեւէ Ճգնաժամի ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Լրագրողներու համահայկական 5-րդ համաժողովը յստակացուցած էր տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներ: Այդ քննարկումները կը միտէին նաեւ` սանձազերծուած ապատեղեկատուութեան հակազդելու, ծուղակ չէզոքացնելու, նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերելու եւ ճգնաժամերու ստեղծման ծրագիրին համարժէք օփերաթիւ աշխատելու անհրաժեշտութեան: Այսօր փաստ է արդէն, որ այդ քննարկումները իրենց նպաստը ունեցան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ համատարած համոզում գոյացաւ,  որ իրօք հայկական լրատուադաշտը...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Թրքացած, Իսլամացած, Արաբացած Եւ Ընդհանրապէս Օտարացած Հայերու Հարցը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Գերխնդիր, որուն լուծման համար այսօ՛ր պէտք է կազմակերպուիլ, քանի որ ժամանակը, որ կ՛անցնի, կը բարդացնէ կարելիութիւններու իրականացումը: Օդաչուները կ՛ըսեն` «անվերադարձի կէտը», point of no-return: Միամիտ չըլլանք. մեծ է թիւը անոնց, որոնք մնացած են անվերադարձի կէտի ետին: Բռնագրաւուած Հայաստանի հողերուն վրայ դեռ կ՛ապրին թրքացած եւ իսլամացած հայեր: Հայրենահանման պատճառով կարեւոր թիւ կը կազմեն արաբացած հայերը, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ,...

Ռ. Հատտէճեան – 90.  Առաստաղէն Դէպի Առաստաղին Միւս Կողմը

Յուշատետր. Մանկութեան Ոսկի Շրջանը

Ռ. Հ. Մարդը աշխարհ կու գայ որպէս նորածին, ապա բնականոն պայմաններու մէջ կը դառնայ մանուկ, ապա կը դառնայ պատանի, ապա կը դառնայ երիտասարդ եւ անկէ վերջ ալ կ՛ընթանայ դէպի չափահասութիւն եւ կամաց կամաց դէպի ծերութիւն: Բոլոր այս շրջանները ունին իրենց մասնայատկութիւնը, թէեւ ասոնցմէ ո՛չ մէկը մարդուս հոգին այնքան կը գգուէ, որքան կը գգուէ մանկութիւն կոչուած շրջանը: Կարօտով կը յիշենք մեր...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Ռափայէլ Պատկանեան (Գամառ Քաթիպա, 1830-1892). Հայու Տառապանքին Եւ Տենչերուն Հոգեհարազատ Երգիչը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Նոյեմբեր 8-ին ծննդեան տարեդարձն է հայ գրականութեան ամէնէն հոգեհարազատ, սրտամօտ եւ ժողովրդային դէմքերէն Ռափայէլ Պատկանեանի, որ Գամառ Քաթիպա գրչանունով անմահացած է հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ: Դժուար է պատկերացնել ազգային շունչով թրծուած հայ մը, որ խոր յուզումով չյիշէ մանկութեան իր տարիներուն սորված եւ, այնուհետեւ, անջնջելիօրէն իր ներաշխարհին մէջ պահպանած պարզունակ, բայց այնքան սրտառուչ եւ իմաստալի պատգամը Գամառ Քաթիպայի «Արաքսի...

Պոլիսը` Կոմիտասէն Առաջ Եւ Ետք

Պոլիսը` Կոմիտասէն Առաջ Եւ Ետք

Ա. ԱՊՏԱԼԵԱՆ Մեր այս եւ յառաջիկայ օրերու թիւերով «Հայրենիք»-էն կ’արտատպենք յատուկ թերթին  համար պատրաստուած յօդուածաշարք մը, որ կը ներկայացնէ Կոմիտաս վարդապետին Պոլսոյ մէջ գործունէութեան մասին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ: Անցեալ ամիս` սեպտեմբեր 26-ին լրացաւ հայ երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցին` անմահանուն Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 147-ամեակը: Հայաստանի մէջ յատկապէս այս առիթով կազմակերպուեցան` գիտաժողով, համերգ եւ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ, ոգեկոչելու համար հայ երաժշտական ինքնուրոյն կերտիչին յիշատակը:...

Ակնարկ.  Քուէարկողը Կը Վճարէ՞…

Նոր Գիրքեր. Բժիշկին Գ. Եւ Դ. Խօսքը (Հեղինակ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայ մամուլի ընթերցողը տասնամեակներէ ի վեր ծանօթ է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան անունին, ո՛չ միայն անոր համար, որ ան մասնագէտ-վիրաբուժ է ու հեղինակաւոր ախտաբան, այլ մանաւանդ այն պատճառով, որ ան ինքզինք չէ սահմանափակած հիւանդանոցներու եւ դարմանատուներու այլապէս լայն շրջագիծերուն մէջ, այլ բժշկագիտական իր խորհուրդներով ու թելադրանքներով հանրութեան հետ մնայուն կամուրջ ստեղծած է իր յօդուածներով, որոնք կը նշեն դիպուկ ախտաճանաչումներ,...

Հայկական Կրիաներ` Ցամաքաբնակ, Ջրաբնակ, Բուսակեր Եւ Գիշատիչ

Հայկական Կրիաներ` Ցամաքաբնակ, Ջրաբնակ, Բուսակեր Եւ Գիշատիչ

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Երկրի վրայ մարդու յայտնուելէն հարիւր միլիոնաւոր տարիներ առաջ մոլորակը արդէն բնակուած էր տարատեսակ էակներով: Եղափոխութեան ընթացքին անոնցմէ ոմանք, օրինակ` կրիաները, ձեռք բերին այնքան համապատասխան ձեւեր, որ այլեւս դադրեցան փոխուելէ եւ մինչեւ մեր օրերը մնացին այնպէս, ինչպէս եղած են մեզոզոյեան դարաշրջանին: Այժմ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի ջրային եւ ցամաքային կրիաներու մօտաւորապէս 300 տեսակ: Գոյութիւն ունին ինչպէս բուսակեր,...

Միացեալ Նահանգները Եւ Ռուսաստանը Ճանաչո՞ւմ Են Արցախի Հանրապետութիւնը

Միացեալ Նահանգները Եւ Ռուսաստանը Ճանաչո՞ւմ Են Արցախի Հանրապետութիւնը

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ ԼՂՀ նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումների յանձնաժողովը նոյեմբերի 8-ին հրապարակեց Արցախի սահմանադրութեան նոր նախագիծը, որով Լեռնային Ղարաբաղը քայլ է կատարում իր պատմական` Արցախ անուանմանը լիարժէքօրէն վերադառնալու ուղղութեամբ: Հիմնական օրէնքի նախագիծը, որը հանրային քննարկումներից, ԱԺ-ում հաստատուելուց յետոյ կը դրուի հանրաքուէի, կոչուելու է ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանադրութիւն, ինչպիսին ներկայումս գործողն է, այլ` Արցախի: Սակայն նախագծի առաջին յօդուածի երկրորդ պարբերութիւնը գրեթէ...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Երեւան` «Ցաւդ Տանեմ»…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այն օրերուն, երբ տակաւին Երեւան էի, սեպտեմբերը արդէն կիսուած էր, եւ մեր հայրենիքի քառորդ դարու անկախութեան տօնախմբութիւնները իրենց աւարտին հասած էին: Բայց միւս կողմէ ալ մայրաքաղաքի ծննդեան 2798-ամեակի նախապատրաստական մեծածախս աշխատանքները տեսանելի էին: Հրաշալի՛ առիթ: Ես հոս եմ, կ՛ըսէի մտովի, ազնիւ տրամադրութեամբ եւ ցանկութեամբ լեցուն: Բարձր եւ անկեղծ: Ու բոլոր անոնց, որոնք զարմանքով մը կ՛ընդունէին հայրենիք երկարատեւ մնալու...

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

Նպաստի Փոխարէն` Ապահովութիւն

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք մեր նահատակներու ընտանիքներուն զօրակցութեան լայն արշաւ մը սկսաւ սփիւռքի մէջ: Մեր շրջանին մէջ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը հանգանակեց եւ նոյնիսկ կազմակերպեց հանգանակուած գումարներու անմիջական յանձնումը նահատակներու ընտանիքներուն: Գիտենք, թէ որքա՛ն ալ նրբանկատ, որքա՛ն ալ զգայուն կերպով փոխանցուին այս գումարները, ստացողներու արժանապատուութիւնը խոցող տարր մը անպայմա՛ն առկայ է այս գործընթացին մէջ: Ի վերջոյ, բարեգործութեան յատկանիշներ կան...

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Շարքերը Կը Շարունակեն Համալրուիլ

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Շարքերը Կը Շարունակեն Համալրուիլ

10 նոյեմբերին ՀՅ դաշնակցութեան Արցախի Երիտասարդական միութեան (ԱԵՄ) շարքերը համալրուեցան նոր անդամներով: Փոխանցման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ` Նիկոլ Դումանի յուշարձանին մօտ: Նախապատրաստական շրջանը բոլորած երիտասարդները խոստացան իրենց կեանքով ու գործով ազգասէր հայու տիպար ըլլալ եւ հաւատարիմ մնալ դաշնակցական երիտասարդի  կոչման: Երդման արարողութեան ներկայ էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, որ ԱԵՄ-ի նորագիրները շնորհաւորելով` նշեց, որ անոնք շատ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Էրտողանեան Անդունդ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Էրտողանեան Անդունդ

Արդարութեան ու ժողովրդավարութեան դէմ կատարուած էրտողանեան սպանդը կը շարունակէ աւերներ գործել Թուրքիոյ մէջ: Անցեալ յուլիս 15-ի ձախողած պետական հարուածը թեւեր տուած էր բռնատէր Էրտողանին, որ ամենայն համարձակութեամբ եւ ազատութեամբ հակաժողովրդավարական որոշումներ կու տայ: Այդ ձախողած պետական հարուածի օրէն իսկ, աւելի քան հարիւր հազար պետական պաշտօնեաներ գործէ արձակուած են, իսկ ասոր կողքին, երեսունհինգ հազար այլ պաշտօնեաներ անբաղձալի եւ վտանգաւոր տարր նկատուելով`...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Բռնատիրութեամբ Եւ Հարստութեամբ Նախապաշարուած Բռնապետը. Էրտողանի 12 Գայթակղութիւնները…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հետզհետէ աւելի բռնակալ կը դառնայ: Ընդդիմադիր քրտամէտ ԺԺԿ կուսակցութեան թրքական խորհրդարանի 11 անդամներուն ձերբակալութիւնը վերջինն է Էրտողանի բռնապետական քաղաքականութեան երկար շարքին: Փենթակոնի նախկին պաշտօնեայ եւ Ձեռներէցութեան ամերիկեան հիմնարկի գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպին անցեալ շաբաթ ջախջախիչ նիւթ հրապարակած է Էրտողանի մասին` թուարկելով անոր գայթակղեցուցիչ գործողութիւններէն քանի մը...

Page 874 of 1110 1 … 873 874 875 … 1,110

Արխիւներ