Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Կրիաներ` Ցամաքաբնակ, Ջրաբնակ, Բուսակեր Եւ Գիշատիչ

Նոյեմբեր 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

grya_111516

Երկրի վրայ մարդու յայտնուելէն հարիւր միլիոնաւոր տարիներ առաջ մոլորակը արդէն բնակուած էր տարատեսակ էակներով: Եղափոխութեան ընթացքին անոնցմէ ոմանք, օրինակ` կրիաները, ձեռք բերին այնքան համապատասխան ձեւեր, որ այլեւս դադրեցան փոխուելէ եւ մինչեւ մեր օրերը մնացին այնպէս, ինչպէս եղած են մեզոզոյեան դարաշրջանին:

Այժմ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի ջրային եւ ցամաքային կրիաներու մօտաւորապէս 300 տեսակ: Գոյութիւն ունին ինչպէս բուսակեր, այնպէս ալ մսակեր կրիաներ, որոնցմէ քանի մը հատը, օրինակ` ծովային կրիաները, յայտնի են իրենց ահռելի մեծ չափերով: Երկարակեաց կրիաները կրնան ապրիլ մինչեւ 100 տարի: Նշենք նաեւ, որ հսկայական կրիաներու արձանագրուած ամէնէն երկար տարիքը կը գերազանցէ 150-ը:

Դանդաղ կատարուող նիւթափոխականութեան շնորհիւ` կրիաները կրնան երկար ժամանակ դիմանալ առանց սնունդի:

Հայաստանի տարածքին այդ հրաշալի «Միջերկրական սողուններէն տարածուած է ցամաքային մէկ տեսակը` միջերկրականեան կրիան եւ քաղցրահամ ջուրերուն մէջ բնակող երկու տեսակ` ճահիճի եւ կասպեան:

«Միջերկրականեան կրիաները ունին երկու ենթատեսակ` Testudo graeeca ibera եւ Testudo graeeca armenica. ուսումնասիրելով գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` ծինային, գիտնականները մինչեւ այսօր չեն յանգած ընդհանուր կարծիքի` զանոնք համարել ենթատեսակնե՞ր, թէ՞ ուղղակի տարբեր տեսակներ», «News.am»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին կը պատմէ Երեւանի պետական համալսարանի կենսաբանութեան ամպիոնի վարիչ Մարինէ Առաքելեանը:

grya1_111516

Բնութեան մէջ կրիան կրնայ ապրիլ 20 եւ թերեւս աւելի տարիներ: Թէ որքան կ՛ապրի միջերկրականեան կրիան, ստոյգ տուեալներ չկան, որովհետեւ չկայ այնպիսի ձեւեր, որոնց միջոցով կարելի ըլլայ գիտնալ անոնց կեանքի տեւողութիւնը. երկարաժամկէտ հետազօտութիւններ ալ չեն կատարուած: Խողովակաձեւ ոսկորներու շերտերու եւ պատեանի վահանի վրայի շրջաններու միջոցով տարիքը կարելի է որոշել առաջին ձմեռումներէն ետք, մօտաւորապէս մինչեւ 9 տարի, ատկէ ետք բնորոշ «տարիքային շրջանակներ» չեն յառաջանար: Կարգ մը պարագաներուն, տարիքը կը ճշդուի պատեանի մշակուածութեան աստիճանով:

Հայկական միջերկրականեան կրիային երկարութիւնը կը գերազանցէ 25-27 սմ-ը:

«Ի դէպ, կրիայի դանդաղաշարժութիւնը միայն կարծեցեալ է: Անհրաժեշտութեան պարագային անոնք կրնան մեծ արագութիւն ձեռք բերել», նշած է Մարինէ Առաքելեանը:

Ցամաքային կրիաներու թուաքանակը կը տարբերի: Հարաւային կրիաները աւելի հազուագիւտ են, քան` հիւսիսայինները: «Այնտեղ, ուր հողը փխրուն է, կարելի է հանդիպիլ իւրաքանչիւր քառակուսի քիլոմեթրի վրայ 2-3 կրիայի: Հիւսիսի բնակչութեան խտութիւնը աւելի շատ է, եւ իւրաքանչիւր քառակուսի քիլոմեթրի վրայ 5-6 կրիայ կարելի է գտնել: Պատճառը յայտնի չէ, սակայն հարաւային ենթատեսակը ներառուած է «Կարմիր գիրք»-ին մէջ` որպէս անհետացման ենթակայ ենթատեսակ», կ՛ըսէ ամպիոնի վարիչը:

Ճահիճի կրիան շատ քիչ կը գտնուի: Զայն կարելի է գտնել երկրին հիւսիսը` Ազրպէյճանի հետ սահմանամերձ շրջանին մէջ` Կապանէն ոչ հեռու: Այդ տեսակը գոյութիւն ունի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Կարելի է ըսել, որ Հայաստանի մէջ յայտնի է անոր «կէտաւոր» տեսակը:

grya2_111516

Կասպեան կրիան աւելի յաճախ կը հանդիպի: Անիկա ճահիճի կրիայէն կը տարբերի վիզին վրայի դեղին գիծերով` փոխանակ կէտերուն: «Քաղցրահամ ջուրերուն մէջ բնակող կասպեան կրիան մսակեր է, որ կը սնանի միջատներով եւ ձուկերով: Այս տեսակի կրիաներ պահողներէն շատերը կը սխալին` փորձելով զանոնք կերակրել բոյսերով», ընդգծած է Մ. Առաքելեանը:

grya3_111516

Քաղցրահամ ջուրերուն մէջ ապրող կրիաները կը մեծնան մինչեւ 20 սմ, անոնք աւելի փոքր են, քան` միջերկրականեան կրիաները եւ կ՛ապրին մօտաւորապէս 15 տարի: «Պէտք է նշել, որ ցամաքային կրիաները տունը պահելը այնքան ալ դիւրին չէ, այնպէս` ինչպէս որ կը թուի ըլլալ»:

Առաջին հերթին, անոնք արձանագրուած են «Կարմիր գիրք»-ին մէջ, այսինքն` զանոնք պահելն ու վաճառելը արգիլուած է: Արտասահմանի մէջ կան կրիաներու ագարակներ: Անոնց արտադրութիւնը վաճառքի կը հանուի եւրոպական շուկաներ: Իւրաքանչիւր կրիայ ունի անհատական թիւ եւ կրիչ, բայց Հայաստանի մէջ բուծանողներ չկան: Խանութներուն մէջ վաճառուող կրիաները որսագողութեան արդիւնք են. անոնց վաճառքը սկզբունքով արգիլուած է: Այդ կրիաներուն վաճառքը շատ վտանգաւոր է բնութեան համար: Ոչ այն պատճառով, որ զանոնք խլած են իրենց բնական միջավայրէն, այլ այն պատճառով, որ անոնք կրնան փախչիլ: Տարբեր ծին կրող կրիան կրնայ իյնալ այլ ծին կրող կրիաներու բնակութեան վայրը եւ կը փոխանցէ իր ծինային բջիջները, որոնք համակերպուած չեն տուեալ միջավայրի պայմաններուն: Հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ ոչ թէ մէկ կրիայ կ՛ոչնչանայ, այլ ամբողջ սերունդ մը», կ՛ըսէ մասնագէտը:

Մարինէ Առաքելեանի խօսքով, ասիկա շատ լուրջ հարց է: Իտալիոյ մէջ, օրինակ, «ներառուած» կրիաներուն փախուստները պատճառ դարձած են բնական տեսակի փճացումին, որուն պատճառով յառաջացած են խառնածին կրիաներու տեսակներ:

«Ասկէ անկախ, առաջին հայեացքով կը թուի, թէ կրիայ պահելը դիւրին է: Իրականութեան մէջ, սակայն, այդ մէկը շատ ծանր աշխատանք է: Պէտք է համապատասխան պայմաններ ստեղծուին: Կրիան ոչ միայն կարիքը ունի ջերմութեան, այլ նաեւ` անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու, առանց որոնց` անասունները կը սատկին: Բացի ասկէ, պէտք է ճիշդ սնունդ տալ անասունին: Եթէ այդ մէկը չապահովուի, հետեւանքը նոյնը կ՛ըլլայ: Ցամաքային կրիաները տան մէջ յաճախ կը կերակրեն կաղամբով, որ վնասակար է անոնց համար: Առանց կանոնաւոր սնունդի եւ արեւի լոյսին, կրիաներուն պատեանին ձեւը կը փոխուի, աչքերը կ՛արցունքոտին, կը փակուին, եւ անասունը կը թուլնայ: Առանց անյապաղ միջամտութեան` անոնք կը սատկին:

Մաքուր օդին կը բազմանան փախչելու առիթները: Քաղցրահամ ջուրերուն մէջ ապրող կրիաները աւելի դժուար է տնային պայմաններու մէջ պահելը, որովհետեւ ձկնամանի կարիքը պիտի ըլլայ. ինչպէս նաեւ թէ՛ լողալու տեղ պէտք է ունենայ, թէ՛ ալ` զբօսանքի: Պէտք չէ մոռնանք նաեւ անդրմանիշակագոյն լամբին անհրաժեշտութիւնը: Եթէ միայն ձկնամանին մէջ պահէք, կրիան արագ կը սատկի», կը յիշեցնէ Մ. Առաքելեան:

Ան կը նշէ նաեւ, որ վերոյիշեալ տեսակները պէտք չէ շփոթել կարմականջ մեքսիքական կրիաներուն հետ: Զանոնք պահելը աւելի դիւրին է. ժամանակին մեծ մասը անոնք ջուրին մէջ կ՛անցընեն: «Անոնք բերուած կրիաներ են, եւ եթէ բնութեան մէջ յայտնուին, իսկական աղէտ եւ թէ՛ շրջանի կրիաներուն, թէ՛ ձուկերուն համար, որովհետեւ այդ տեսակը բաւական յարձակողապաշտ է եւ արագ կը բազմանայ: Այդ պատճառով անոնք, որոնք տան մէջ կրիաներ կը պահեն, ոչ մէկ պարագայի զանոնք պէտք է ձգեն բնութեան մէջ», կը յիշեցնէ կենդանաբանը:

«Կան նաեւ սխալ կարծիքներ` կրիաներու պատեանին մասին: Անոնց պատեանը բաւականին կարծր է, որովհետեւ ոսկրային պատեան է, բայց ոսկորները նոյնպէս կը կոտրուին: Ցաւօք, մենք շատ անգամ կրիաներու կոտրած պատեաններ տեսած ենք: Պատեանի կարծրութիւնը գիտնալու համար որոշ անգիտակից մարդիկ կը ստուգեն փորձով. անոնք կը բռնեն անասունը, ինքնաշարժին տակ կը դնեն ու վրայէն կ՛անցնին, եւ կը պարզուի, որ պատեանը այդքան ալ կարծր չէր: Կրիաներուն համար այդ մէկը մահ է կամ` ծանր վնասուածք», կը նշէ Մ. Առաքելեան:

 

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգները Եւ Ռուսաստանը Ճանաչո՞ւմ Են Արցախի Հանրապետութիւնը

Յաջորդը

Նոր Գիրքեր. Բժիշկին Գ. Եւ Դ. Խօսքը (Հեղինակ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?