Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նպաստի Փոխարէն` Ապահովութիւն

November 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

fotorcreated-32

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք մեր նահատակներու ընտանիքներուն զօրակցութեան լայն արշաւ մը սկսաւ սփիւռքի մէջ: Մեր շրջանին մէջ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը հանգանակեց եւ նոյնիսկ կազմակերպեց հանգանակուած գումարներու անմիջական յանձնումը նահատակներու ընտանիքներուն:

Գիտենք, թէ որքա՛ն ալ նրբանկատ, որքա՛ն ալ զգայուն կերպով փոխանցուին այս գումարները, ստացողներու արժանապատուութիւնը խոցող տարր մը անպայմա՛ն առկայ է այս գործընթացին մէջ: Ի վերջոյ, բարեգործութեան յատկանիշներ կան նահատակի ընտանիք-գումար փոխանցող յարաբերութեան մէջ: Կը կրկնենք ու հաստատապէս կրնանք պնդել, որ մեր երիտասարդները իրենց անմիջական շփումներուն ընթացքին յստակացուցին, թէ պարտք ու պարտականութի՛ւն է այն, ինչ կը կատարեն:

Անշուշտ, լաւագոյն լուծումը այս խնդիրին` նահատակներու ընտանիքներուն եւ պատերազմի պատճառով հաշմանդամ դարձած զինուորներուն համար պետական միջոցներով արժանապատիւ կեանք մը ապահովելն է: Նկատի ունենալով պիւտճէական սուղ պայմանները` հասկնալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք էր դիմէր ստեղծագործ լուծումներու:

Անցեալ հինգշաբթիի իր նիստին ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը այս հարցին իւրայատուկ լուծում մը տուաւ` որոշելով աշխատավարձ ստացող իւրաքանչիւր քաղաքացիէ ամսական հազար դրամ պահել եւ զայն փոխանցել յատուկ հիմնադրամի մը, որ պիտի յանձանձէ գումարներու յատկացումը:

Կ՛ողջունենք այն փաստը, որ կառավարութիւնը իսկապէ՛ս մտահոգ է մեր նահատակներու եւ հաշմուած զինուորներու ընտանիքներու ճակատագիրով: Հազար դրամ ամսական սակը, որ բարդուած է աշխատաւորներուն վրայ` անկախ անոնց ստացած գումարի չափէն, կը մատնէ որոշ աճապարանք մը, որ կարելի է սրբագրել:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայու, ներառեալ` մեզի, սփիւռքահայերուս, հնարաւորութիւն պէտք է տրուի ունենալու բանակին թիկունք կանգնողի բաւարարութիւն, հոգեկան գոհացում: Պարտադրանքը եւ չափի ճշդումը կրնան որոշ վերապահումներ ստեղծել, յատկապէս` այն ընտանիքներու մօտ, որոնք հազիւ ծախսերը ծայրը ծայրին կը հասցնեն:

Սփիւռքահայերու պարագային, մշտապէս ծառացած մարտահրաւէրը` իւրաքանչիւրէս ամէնամսեայ գումար ստանալու համակարգի ստեղծումն է, որ պէտք է ստանձնուի տեղական բարեգործական կառոյցներու կողմէ:

Յամենայն դէպս, յուսալով, որ կառավարութիւնը կը գտնէ այս հիմնադրամը հարստացնելու աւելի՛ արդար ձեւը, մենք կ՛ողջունենք այս քայլը, որ ըստ որոշ հաշուարկներու, հիմնադրամին համար տարեկան վեց միլիառ դրամի պատկառելի գումար մը պիտի ապահովէ եւ ճակատ գացող զինուորին երաշխիք պիտի տայ, թէ իր ընտանիքը անտէր պիտի չմնայ ու արժանապատուօրէն ապրելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Շարքերը Կը Շարունակեն Համալրուիլ

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Երեւան` «Ցաւդ Տանեմ»…

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.