Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր. Բժիշկին Գ. Եւ Դ. Խօսքը (Հեղինակ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)

Նոյեմբեր 15, 2016
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

harboyan-book_111516

Հայ մամուլի ընթերցողը տասնամեակներէ ի վեր ծանօթ է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան անունին, ո՛չ միայն անոր համար, որ ան մասնագէտ-վիրաբուժ է ու հեղինակաւոր ախտաբան, այլ մանաւանդ այն պատճառով, որ ան ինքզինք չէ սահմանափակած հիւանդանոցներու եւ դարմանատուներու այլապէս լայն շրջագիծերուն մէջ, այլ բժշկագիտական իր խորհուրդներով ու թելադրանքներով հանրութեան հետ մնայուն կամուրջ ստեղծած է իր յօդուածներով, որոնք կը նշեն դիպուկ ախտաճանաչումներ, դարմանումի միջոցներ ու բժշկագիտութեան բարիքներուն ապաւինելու թելադրանքներ: Քիթի, ականջի, կոկորդի ու խռչափողի հիւանդութեանց մէջ մասնագիտացած բժիշկը վերջին աւելի քան 15 տարիներուն իր գրիչի վաստակը կը հաւաքէ հատորներու մէջ, որպէսզի անոնք առձեռն խորհրդատու ըլլան հայ ընթերցողին, անոր ընտանիքի յարկին տակ հասանելի աղբիւրներ ըլլան առողջական զանազան կացութիւններու դիմագրաւման համար, հանրօգուտ սիւնակները բանտարկուած չմնան պարբերական մամուլի էջերուն:

«Բժիշկին խօսքը» շարքին առաջին հատորը լոյս տեսաւ 2000 թուականին, երկրորդը` 2011-ին, եւ ահա, մարդասէր մասնագէտը իր փորձառութիւններն ու հմտութիւնը պարփակող երկու հատորներ եւս լոյս աշխարհ բերած է վերջերս (2015-ին), Անթիլիասի կաթողիկոսարանի տպարանէն, իբրեւ երրորդ եւ չորրորդ համարները 16 տարի առաջ սկսուած գործին:

Վիթխարի աշխատանք կը կազմեն չորս հատորները, որոնք, ինչպէս նշեցինք, ոեւէ հայ ընտանիքի յարկին տակ բժշկագիտական անմիջական խորհրդատուութեան կը ծառայեն: Ինչպէս հեղինակը կը հաստատէ` ներփակեալ բացատրական յօդուածները բոլորովին նորութիւն չեն, անոնցմէ շատեր անցեալին լոյս տեսած են հայկական թերթերու մէջ, սակայն երբ ձեռնարկած է զանոնք մէկ կողքի տակ համախմբելու, կատարած է վերամշակումներ (չմոռնանք, որ բժշկագիտութիւնը օրէ օր զարգացող, միշտ նորութիւններ լոյս աշխարհ բերող կալուած է, ու մասնագէտ բժիշկ մը ինքն իրեն արտօնութիւն չի տար անտարբեր մնալու նորութիւններու նկատմամբ):

Կարելի չէ այս նեղ սիւնակներուն մէջ խօսիլ հատորներուն բովանդակութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին, հետեւաբար պիտի բաւականանանք հպանցիկ-թռուցիկ ակնարկներով ու քանի մը հիմնական մատնանշումներով` շեշտադրելով նման գործերու արժէքն ու արժանիքները:

Գ. եւ Դ. հատորները, ըստ էութեան, ուղղակի շարունակութիւնն են նախորդ երկու թիւերուն: Գ. հատորը ձօնուած է Արամ Ա. կաթողիկոսին, իսկ Դ. հատորը` հեղինակի թոռնիկին: Երկուքին յառաջաբանը գրած է Քանատայի թեմի նախորդ առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը, որ կանգ կ՛առնէ նման հրատարակութիւններու արժէքին ու հեղինակի վաստակին առջեւ: Տեղին է արձանագրել, որ բժիշկ Հարպոյեան, Պէյրութէն մինչեւ Քանատա, իր մասնագիտական աշխատանքին զուգահեռ, մեծ ներդրում ունի մեր ազգային ու մշակութային կեանքին մէջ, եղած է նախանձախնդիր ժողովական ու Համազգայինի շքանշանակիր:

Երկու հատորները բացող իր բացատրականին մէջ բժիշկ Կ. Հարպոյեան կը կատարէ կարեւոր հաստատում մը: Կը նշէ, որ այս հատորներուն լոյս ընծայման նպատակներէն մէկն ալ բժշկագիտական բովանդակութեամբ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔ լոյս ընծայելն է ու ապացուցել, որ մենք` հայերս, մօտաւորապէս 10 դարէ ի վեր, Մխիթար Հերացիէն սկսեալ, ճանչցուած ներկայութիւն ենք բժշկագիտական հրատարակութիւններու աշխարհին մէջ, կարեւոր ներդրում ունինք այս դաշտի ոռոգման մէջ, անհրաժեշտ է այս բնոյթով հայերէն գիրքի-գրականութեան ներկայութիւնը պահպանել ու ստեղծել նոր աւանդ: Չէ գրած, սակայն գործը, ինքնին, վկայութիւն է, որ այս մտաւորականը ԳԻՐՔ արժէքին հաւատացող մըն է, հակառակ անոր որ այսօրուան աշխարհին մէջ սկսած է տիրապետող դառնալ հակադիր մտայնութիւն մը, որ գիրքը կը դասէ ժամանակավրէպ եւ…մարդկութիւնը անզգալաբար կը տանի դէպի անգիտութիւն, տգիտութիւն եւ հուսկ` խաւարամտութիւն, որովհետեւ որոշ մասնագիտութեան մը մասին գիտելիքի կուտակում` կը սահմանափակէ մարդուն հետաքրքրութիւններու եւ գիտելիքներու հորիզոնը, զայն կը մատնէ խաւարամտութեան: Իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը երախտիքի խօսք ունի թէ՛ յառաջաբանը գրող հոգեւորականին եւ թէ՛, մանաւանդ, երկու բարեկամներու` բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանին եւ ծանօթ հրապարակագիր-գրող Վրէժ-Արմէն Արթինեանին, որոնք մեծապէս օժանդակած են իրեն` մասնագիտական եզրերու պեղումի ու հատորներուն խմբագրումի աշխատանքներուն մէջ:

Հեղինակը այս հատորներուն մէջ չէ սահմանափակուած միայն այնպիսի ախտերով ու անոնց դարմանումի միջոցներով, որոնք կ՛իյնան իր մասնագիտութեան սահմաններուն մէջ, անուղղակիօրէն խոստովանելով, որ կը պատկանի սերունդին այն բժիշկներուն, որոնք իրենց ասպարէզը ընդունած են իբրեւ համապարփակ գիտութիւններու աշխարհ…

Երկու հատորներն ալ ճոխացուած են բազմաթիւ լուսանկարներով եւ գծանկարներով, որոնք կը նպաստեն բացատրութիւններու աւելի դիւրին ընկալման:

Գ. հատորը, ընդամէնը` 230 էջ, կը բովանդակէ, յիշեալ բացատրականներէն ետք, 6 գլուխ, որոնց մէջ բացատրութիւններ կը տրուին 64 հիւանդութիւններու մասին: Այդ յօդուածներէն առաջ, սակայն, կան երկու գլուխներ, որոնցմէ առաջինը ուսումնասիրական հակիրճ ակնարկ մըն է հայ բժշկութեան պատմութեան մասին, սկսեալ հին դարերէ: Երկրորդը ընդարձակ յօդուած մըն է, որ լուսարձակի տակ կը բերէ բժիշկին մարդասիրական ու մարդկային առաքելութիւնը, եւ կը կրէ «Բժիշկն ու բժշկական բարոյագիտութիւն» պերճախօս խորագիրը: Այս գրութիւնները անտիպ չեն, սակայն այս հատորին մէջ, ինչպէս` բժշկագիտական յօդուածները, ենթարկուած են վերամշակումի:

Դ. հատորը, 304 էջ, նմանապէս ունի ներքին 6 բաժին, ուր դասաւորուած են ընդամէնը 34 յօդուածներ: Բոլորն ալ դուրս կ՛իյնան հեղինակին մասնագիտութեան կալուածէն, սակայն ընթերցողին կը թելադրեն հոգածու ըլլալ իր մարմինին գրեթէ բոլոր բաժիններուն` մորթին, յօդերուն, ուղեղին, սիրտին եւ` մասամբ նորին: Այս հատորները կարդացողը…բժիշկ պիտի չըլլայ, սակայն պիտի անդրադառնայ, որ կեանքի հեւքին մէջ, երբ կը դիմագրաւէ որոշ հարցեր, կրնայ իբրեւ վստահելի ուղեցոյց-ընկեր ունենալ «Բժիշկին խօսք»-ը:

Հատորները կը փակուին աղբիւրներու ցանկերով, որոնք բաւական հարուստ են եւ կը վկայեն, որ իր այս աշխատանքին մէջ, հեղինակը, իբրեւ գիտութեան մարդ, չէ ապաւինած միայն իր հանրագիտարանային պաշարին…

Բառարաններ

Կ՛ուզենք յատուկ կարեւորութեամբ կանգ առնել եւ լուսարձակ կեդրոնացնել Դ. հատորի վերջին աւելի քան 100 էջերուն վրայ, ուր տեղ գտած են բառարաններ:

Հատորին 171-226 էջերուն վրայ տեղ գրաւած է անգլերէնէ հայերէն բառարան մը, առաւելաբար` բժշկական եզրերու թարգմանութեամբ: Ընթերցողին ուշադրութիւնը կը գրաւէ այն, որ եթէ կարգ մը բառեր ծանօթ են եւ գործածական, անդին, կայ բառերու ամբողջ հարստութիւն մը, որ հայուն ցոյց կու տայ, թէ մեր լեզուն որքան հարուստ է նաե՛ւ բժշկական-մասնագիտական բառամթերքով, հետեւաբար հայը կրնայ իր լեզուով ու հայերէն լեզուամտածողութեամբ ծանօթանալ իր մարմինի այս բաժիններուն ու ենթաբաժիններուն, մասնագիտական բառերու եւ եզրաբանութիւններու: Կարգ մը բացատրութիւններ արձանագրուած են աստղանիշով. բացատրութիւն կը տրուի, որ անոնք հեղինակին կամ խմբագիրին կողմէ առաջարկուած նոր եզրեր են, որոնք կրնան ընդունելի ըլլալ մեր ժողովուրդին կողմէ եւ մուտք գործել հայերէնի ընթացիկ բառամթերքին մէջ: Էջ 227-289, տրուած են հայերէնէ անգլերէն բառերու ցանկեր` իբրեւ յաւելեալ վկայութիւն մեր լեզուի բառամթերքի հարստութեան ու զայն աւելի եւս հարստացնելու հեղինակին ու երախտաւոր գործակիցներուն ճիգին:

Հատորին վերջաւորութեան, արձանագրուած է նաեւ ցանկը «Բժիշկին խօսքը» խորագրեալ չորս հատորներուն ամբողջական բովանդակութեան, ընդամէնը` 214 խորագիր, որ վաստակին մասին աւելի համապարփակ պատկեր մը տալու կողքին, ընթերցողին կ՛օգնէ իր փնտռած նիւթը դիւրութեամբ գտնելու հատորներէն իւրաքանչիւրին մէջ:

Մատնանշում մը եւս. բոլոր գրութիւններուն տակ արձանագրուած են թուականները, պարկեշտութեան ու բծախնդրութեան այլ արտայայտութիւն մը:

 

Նախորդը

Հայկական Կրիաներ` Ցամաքաբնակ, Ջրաբնակ, Բուսակեր Եւ Գիշատիչ

Յաջորդը

Պոլիսը` Կոմիտասէն Առաջ Եւ Ետք

RelatedPosts

Արցախցիներու Անսակարկ Զոհաբերութիւնները Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Տարիներուն
Պատմական

Արցախցիներու Անսակարկ Զոհաբերութիւնները Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Տարիներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

Արցախցիներու Գործօն Մասնակցութիւնը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին
Պատմական

«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Հոկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?