Ռ. Հ.
Մարդը աշխարհ կու գայ որպէս նորածին, ապա բնականոն պայմաններու մէջ կը դառնայ մանուկ, ապա կը դառնայ պատանի, ապա կը դառնայ երիտասարդ եւ անկէ վերջ ալ կ՛ընթանայ դէպի չափահասութիւն եւ կամաց կամաց դէպի ծերութիւն: Բոլոր այս շրջանները ունին իրենց մասնայատկութիւնը, թէեւ ասոնցմէ ո՛չ մէկը մարդուս հոգին այնքան կը գգուէ, որքան կը գգուէ մանկութիւն կոչուած շրջանը: Կարօտով կը յիշենք մեր մանկութեան շրջանը, ատկէ զատ` շատ կը սիրենք մանուկները: Մեր սիրտը կը բացուի, մեր ներաշխարհը ուրախութեամբ կը լեցուի, երբ սիրելի մանուկ մը ունինք մեր անմիջական շրջանակին մէջ:
Եթէ մէկը հասած է չափահասութեան շրջանին, կը նշանակէ, որ ան ունեցած է իր մանկութեան շրջանը: Բայց կեանքիս մէջ առաջին անգամ այս «մանկութիւն» բառով ցնցուեցայ, երբ կարդացի լիբանանահայ գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեանի նշանաւոր «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» ինքնակենսագրական վէպը: Այդ գիրքը կարդալէ վերջ անդրադարձայ, որ միայն կանուխ մահացած երեխաները չէին, որ մանկութիւն չէին ունեցած, այլ կային չափահաս ու տարիքոտ մարդիկ ալ, որոնք մանկութիւն չէին ունեցած: Այսինքն չէին կրցած կուշտ ու կուռ ապրիլ մանկութեան երջանիկ շրջան մը:
Հասկնալի է, որ հոս խօսքը կը վերաբերի 1915-ին որբացած հայ անբախտ մանուկներու: Անդրանիկ Ծառուկեան` Պէյրութի «Նայիրի» շաբաթաթերթի նշանաւոր խմբագիրը, անոնցմէ մէկն էր: Ան էր, որ մեզի յիշեցուց կամ սորվեցուց մանկութիւն չունեցող մարդու կերպարը: Հիմա գիտենք այլեւս, կամ հիմա կը յիշենք այլեւս: Աշխարհի ամէն կողմը մարդկային մեծ ողբերգութիւնները կը պայթին նաեւ մանուկներու գլխուն վրայ, եւ ամէնուրեք կ՛ապրին մանկութիւն չունեցող մարդիկ, բայց մեզի համար մանկութիւն չունեցող մարդը ամէնէն առաջ 1915-ի հայ մանուկն է, որ չկրցաւ ապրիլ իր այն մանկութիւնը, զոր ուրիշ երջանիկ շրջաններու միլիոնաւոր մանուկները կ՛ապրին:
Մանկութիւն ունեցած չըլլալը, այսինքն իր մանկութեան շրջանը երջանկօրէն ապրած չկարենալ ըլլալը անբախտութիւն մըն է, որուն ցաւը միշտ պիտի կոտտացնէ ենթակային սիրտը: Թէեւ կարելի է պնդել, թէ մանուկները շատ ալ գիտակից չեն, թէ իրենց կեանքին ամէնէն աղուոր շրջանը կ՛ապրին, եւ թէ` ապագային միշտ կարօտով պիտի յիշեն իրենց մանկութեան այդ շրջանը, բայց եւ այնպէս հոգեբանօրէն գիտենք, թէ ամէն մանուկ կ՛ուզէ լիուլի վայելել մանկութեան բարիքներն ու իրաւունքները: Այո՛, մանկութեան բարիքին քով կայ մանկութեան իրաւունքը: Ամէն մանուկի իրաւունքն է ապրիլ իր մանկութիւնը: Եւ ասիկա անգիր օրէնք դարձած կանոններու համաձայն, ծանր պատասխանատուութիւն կը դնէ ծնողներուն վրայ: Ամէն ծնող պարտաւոր է իր զաւկին ապահովել երջանիկ մանկութեան շրջան: Ծնողին գլխաւոր մտահոգութիւնն է անշուշտ լաւ ապագայ մը ապահովել իր զաւկին, բայց ատիկա ծնողը չի փրկեր նաեւ իր զաւկին երջանիկ մանկութեան շրջան մը ապրեցնելու պարտաւորութենէն: Հարկաւ բաւական դժուար հաւասարակշռութիւն մը կայ այստեղ, ծնողական գիտակցութեան ու հասունութեան, նաեւ բնականաբար նիւթական կարելիութիւններու գոյութեան հարց մը կայ հոս, որ բախտորոշ կրնայ ըլլալ նաեւ զաւկին համար: Տգէտ մարդու մը, աղքատ մարդու մը, ծնողական պատասխանատուութեան ինչ ըլլալը չգիտցող մարդու մը զաւակը այնքան բախտաւոր չէ, որքան բախտաւոր պիտի նկատուի գիտակից, խելացի, հարուստ եւ ծնողական պարտականութիւններու առողջ գիտակից մարդու մը զաւակը:
Մանուկը իր մանկութեան շրջանի գեղեցկութեան շատ գիտակից կրնայ չըլլալ, բայց եթէ բախտը պիտի ունենայ կեանքի մէջ երկար ճամբայ կտրելու, օր մը անպայման կարօտով պիտի յիշէ իր մանկութեան ոսկի օրերը եւ պիտի անդրադառնայ, որ այդ ոսկի շրջանին արժէքը չէ գիտցած: Եթէ գիտցած ըլլար, ի՞նչ պիտի ընէր, տարբե՞ր ճակատագիր մը ստեղծած պիտի ըլլար իրեն համար, այդ չէ խնդիրը: Խնդիրը պարզապէս իր կեանքին ամէնէն աղուոր մէկ շրջանը կորսնցուցած ըլլալու անդրադարձումն է: Այս պատճառով է, որ մարդ, եթէ շատ դժբախտ մանկութիւն մը չէ ունեցած, կամ թերեւս նոյնիսկ եթէ դժբախտ մանկութիւն մը ունեցած է, կարօտով կը յիշէ մանկութեան իր շրջանը եւ կը մտածէ ու կ՛ըսէ, որ երազի պէս անցաւ մանկութեան այդ շրջանը: Համաշխարհային գրականութիւնը մինչեւ բերանը լեցուն է իրենց մանկութեան ոսկի շրջանը կարօտով պատմող գրագէտներու գործերով:
Մանկութեան շրջանը երջանիկ շրջան է մանաւանդ անոր համար, որ մանուկը տակաւին չունի այն պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները, զորս պիտի ունենայ, եւ որոնց տակ պիտի ընկճուի իր յառաջացեալ տարիքին: Մանուկները թէեւ շատ խելացի կ՛ըլլան ընդհանրապէս, անոնք մեզ կրնան զարմացնել իրենց ներաշխարհէն բխող կարգ մը արտայայտութիւններով ու ցուցմունքներով, բայց անշուշտ չենք կրնար սպասել, որ անոնք ունենան աշխարհի գործերը եւ իրենց սեփական գործերը կառավարելու այն ընդունակութիւնը, որ իրենցմէ պիտի սպասուի աւելի հասուն տարիքին: Մանուկը տակաւին փորձառութիւն չունի: Տասը հատ դպրոց աւարտած ըլլալու չափ բան եթէ սորվի, փորձառութիւնը ուրիշ բան է: Եւ եթէ յառաջացեալ տարիքը մարդը շատ մը կարելիութիւններէ կը զրկէ, գոնէ անոր շահեցուցած կ՛ըլլայ փորձառութիւն մը, որ թանկագին է ո՛չ միայն իրեն համար, այլ նաեւ` զինքը շրջապատողներու համար: