Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 26 Անօթեւան Ընտանիքներու Բնակարաններ Նուիրած Է Գիւմրիի
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իր ենթակառուցուածքային ծրագիրներուն զուգահեռ, կ՛իրականացնէ նաեւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներ, որոնց կարգին է «Բնակարաններ` Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներուն» նախաձեռնութիւնը, որուն շնորհիւ ներկայիս 26 ընտանիք քաղաքի Մուշ եւ Անի թաղամասերուն մէջ ունի բարենորոգուած, կահաւորուած, ջեռուցուող, կենցաղային պայմաններով օժտուած բնակարան:
Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի եւ ARTN Shant պատկերասփիւռի ընկերութեան ջանքերով, իսկ բնակարանները ձեռք բերուած են 2014-2015-ին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած հեռուստամարաթոններու հասոյթներով:
ARTN Shant եւ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայաններուն հանգանակած գումարին իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւններով միացած են անհատ բարերարներ` Անդրանիկ Պաղտասարեան, Վահէ Կարապետեան, Հարօ եւ Տիանա Ճորտըններ, Հայկ Քելեջեան, Զաքար Ջաղացպանեան, Յարութ Մեսրոպեան, Վարուժ եւ Սվետլանա Մինասեաններ եւ Սամուէլ Բալասանեան:
Նուիրատուութիւններուն շնորհիւ 22 ընտանիքներ այսօր բնակարաններով օժտուած են: Շահառուներն են` Կարէն Խաչատրեանի, Յովհաննէս Բադոյեանի, Արսէն Խաչատրեանի, Դաւիթ Յովսէփեանի, Շողիկ Շաբոյեանի, Երանուհի Սաֆարեանի, Շողիկ Անտոնեանի, Գոհարիկ Գոմկցեանի, Նատալեա Ստրուկի, Աննա Մելքոնեանի, Արուսեակ Բարսեղեանի, Ռոզա Էրզրումեանի, Թերեզա Բեդիշովայի, Անահիտ Մարտիրոսեանի, Ռիմա Պետրոսեանի, Այդա Ստեփանեանի, Լիանա Մուրադեանի, Ստելլա Մկրտչեանի, Ժենեա Գրիգորեանի, Ֆենեա Սահակեանի, Ռուզաննա Եղոյեանի եւ Նելլի Չախչեանի ընտանիքները: Այլ անօթեւան ընտանիք մը եւս այս օրերուն բնակարան պիտի ունենայ:
Յաջորդ հեռուստամարաթոնը նախատեսուած է կազմակերպել 2017-ին:
Հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմինն ալ համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնի ծիրին մէջ երրորդ տարին է, որ իր հանգանակութիւնները կը յատկացնէ այս ձեռնարկին: Գերմանահայ համայնքին նուիրած գումարներով առ այսօր Գիւմրիի մէջ ձեռք բերուած են 4 բնակարաններ, որոնց շահառուներն են` Արթուր Գալստեանի, Անահիտ Սուքիասեանի, Ռուզաննա Եղոյեանի եւ Աննա Սարգսեանի ընտանիքները:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի համաձայն, այս նախաձեռնութեան ընթացքին նախապատուութիւնը կը տրուի բազմազաւակ, երիտասարդ եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող անապահով ընտանիքներուն:
Ելեկտրականութիւն Խնայող Համակարգի Հիման Վրայ Գործող Արտաքին Լուսաւորութիւնը Հասանելի Դարձաւ Տաւուշի Մարզի Բերդաւան Գիւղ
Ելեկտրականութիւն խնայող արդիական համակարգի հիման վրայ գործող` արտաքին լուսաւորութիւնը հասանելի դարձաւ Տաւուշի մարզի Բերդաւան գիւղին համար: Սահմանամերձ գիւղին 5 հազար 425 մեթր երկարութեամբ տարածքը այսուհետեւ ապահովուած է 175 լետ լամբերով:
Բերդաւանը թիւով 15-րդ գիւղն է, եւ առաջինը` Տաւուշի մարզին մէջ, ուր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ու Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի միացեալ ջանքերով, «Այլընտրանքային ուժանիւթ» ծրագրի շրջանակներուն մէջ կը ներդրուի շրջակայ միջավայրի ու հանրային առողջութեան համար անվտանգ արդիական եւ ելեկտրականութիւն խնայող լետ համակարգը:
Ելեկտրականութիւն խնայող արտաքին լուսաւորութեան համակարգի ներդրումը համայնքային զարգացման կարեւոր նախապայմանն է: Ծրագրին շնորհիւ` էապէս պիտի կրճատուին համայնքներու պիւտճէական ծախսերը` թոյլ տալով զանոնք ուղղել այլ հարցերու լուծման: Բերդաւանի մէջ իրականացուած ծրագիրը հանրային եւ սեփական մարզին, ինչպէս նաեւ համայնքին միջեւ համագործակցութեան արդիւնք է: Այսպէս, համադրման լայնածաւալ աշխատանքները իրականացուած են համայնքին ուժերով:
Նախապէս, ելեկտրականութեան խնայողութեան նպատակով, այս համայնքին մէջ տեղադրած են խնայող լամբերով աշխատող լուսարձակներ: Արդիւնքը, սակայն, գոհացուցիչ չէ եղած. սպառած է նախատեսուածէն աւելի շատ ելեկտրականութիւն` ապահովելով ոչ բաւարար լուսաւորութիւն: Նաեւ մէկ տարուան ընթացքին լուսարձակներուն մօտաւորապէս 50 տոկոսն ալ փճացած է` յառաջացնելով զանոնք նորերով փոխարինելու լրացուցիչ ծախսերու անհրաժեշտութիւն:
Ի տարբերութիւն այլ լամբերու, լետ լամբերը առաւել արդիւնաւէտ ու դիմացկուն են, կրնան անհամեմատօրէն աւելի երկար ծառայել` սպառելով 80 տոկոսով պակաս ելեկտրականութիւն: Ծրագրին շնորհիւ լուսաւորուած են համայնքին հիմնական բոլոր փողոցները, գիւղի սահմանային եզրը, դէպի մանկապարտէզ, դպրոց եւ համայնքային նշանակութեան այլ կառոյցներ տանող փողոցները:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ իրականացուող` ելեկտրականութիւն խնայող արհեստագիտութիւններու ներդրման ծրագիրը, բնապահպանական բաղադրիչով հանդերձ, թոյլ կու տայ ո՛չ միայն թեթեւցնել համայնքին ֆինանսական բեռը, այլեւ` աշխուժացնել համայնքային կեանքը, լուծել օրուան ուշ ժամերուն անվտանգ քալելու եւ երթեւեկելու հարցերը, որ շատ կարեւոր է սահմանամերձ գիւղերու պարագային:
Բերդաւանի փողոցները պիտի լուսաւորուին ամրան` 21:00-էն մինչեւ 02:00, իսկ ձմրան` 18:00-էն մինչեւ 01:00: Տօնական օրերուն լուսաւորութիւն պիտի ապահովուի նաեւ ամբողջ գիշերը:
Համակարգի գործարկման մասնակցած են FPWC հիմնադրամի գլխաւոր ճարտարագէտ, ծրագրի պատասխանատու Մարտին Մարալչեանը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, Նոյեմբերեան համայնքի ղեկավար Կարէն Աբազեանը եւ համայնքին բնակիչները:
«Մենք կը փափաքինք մեր հայրենակիցներուն աջակցիլ երկարատեւ ծրագիրներով: Մէկ անգամուան աջակցութիւնը չի կրնար թեթեւցնել անոնց ընկերային բեռը, մինչդեռ տնտեսական ներկայ իրավիճակին մէջ ատիկա կարեւոր է: Տնտեսուած գումարները, անկախ հաւաքագրման չափէն, կրնան նպատակաուղղուիլ այլ հարցերու լուծման` թեթեւցնելով համայնքի ընկերային բեռը: Զուգահեռաբար, այսօրինակ ծրագրերով պիտի փոխուի հասարակութեան սպառողական մօտեցումը, բան մը, որ անհրաժեշտ է ո՛չ միայն քաղաքակիրթ մշակոյթի ձեւաւորման համար, այլեւ` բնապահպանական տեսանկիւնէն», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
ISTC Նորարարական Լուծումներու Եւ Արհեստագիտութեան Կեդրոնը Պիտի Նպաստէ Ոլորտի Զարգացման
Երեւանի պետական համալսարանի 7-րդ մասնաշէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ISTC նորարարական լուծումներու եւ արհեստագիտութեան կեդրոնի բացման արարողութիւնը, զոր կատարեցին Հայաստանի կապի, փոխադրութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեան եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ:
Կեդրոնը Հայաստանի կառավարութեան, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գրասենեակի, «Այ.Պի.Էմ.»-ի եւ «Ձեռնարկութիւններու ինկուբատոր հիմնադրամ»-ի միացեալ ծրագիրն է: Նորաբաց կեդրոնին նպատակներն են զարգացնել եւ կայունացնել Հայաստանի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն մէջ տեղեկատուական արհեստագիտական կրթութիւնը, խթանել հետազօտական աշխատանքներն ու աջակցիլ ոլորտի ընկերութիւններու նորարարական միտքերու զարգացման:
Կեդրոնը կը գործէ 2014 թուականէն, իսկ ներկայիս համալրուած է գերժամանակակից թեքնիք միջոցներով, «Այ.Պի.Էմ.» արհեստագիտական լուծումներով:
Բացման արարողութեան արտասանած իր խօսքին մէջ դեսպան Միլզ ըսած է, որ ասիկա համագործակցութեան արդիւնք է, եւ կեդրոնին բացումը խորհրդանշական է: «Անիկա կը խորհրդանշէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան բաղադրիչին կարեւորութեան` Հայաստանի տնտեսութեան, մրցունակութեան զարգացման պարունակին մէջ, ինչպէս նաեւ` բուն հայաստանեան արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացածութեան», յայտնած է դեսպանը:
«Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան դիտել տուած է, որ կեդրոնին բացումը շատ լուրջ քայլ է միջազգային համագործակցականներու ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան հրաւիրելու համար: «Մենք անընդհատ կը խօսինք, որ Հայաստանը լուրջ յաւակնութիւններ ունի տարածաշրջանի կեդրոն դառնալու Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, հեռահաղորդակցման ծառայութիւններու ոլորտին մէջ: Նմանատիպ կեդրոններու բացումը լրացուցիչ քայլ մըն է, որպէսզի կարենանք նաեւ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ, որ ճարտարագիտական լուծումներու եւ որակեալ մասնագէտներու պատրաստման մէջ Հայաստանը իսկապէս լուրջ յաջողութիւններ ունի», ընդգծած է ընկերութեան տնօրէնը:
Պաշտօնական բացման յայտարարուած է ISTC hետազօտական դրամաշնորհային միացեալ ծրագրին մասին` ուղղուած Հայաստանի կրթական եւ գիտական հետազօտական համակարգերու զարգացման: Ծրագրի ծիրին մէջ պիտի տրամադրուի «Այ.Պի.Էմ.» ամպային ենթակառուցուածքներէն օգտուելու կարելիութիւն, առեւտրականացման ռազմավարութեան մշակման աջակցութիւն եւ ֆինանսական աջակցութիւն: Յայտարարուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն հետ համագործակցութեան միտող նոր ծրագրին մասին, որուն շնորհիւ Հայաստանէն հետազօտական խումբեր կարելիութիւն պիտի ունենան «Այ. Պի. Էմ.»-ին հետ համագործակցող ամերիկեան կրթական բարձրագոյն կառոյցներուն մէջ քանի մը շաբթուան փորձառութեան փոխանակման այցելութիւններ կատարել:
«Ձեռնարկութիւններու ինկուբատոր հիմնադրամ»-ի ղեկավար Բագրատ Ենգիբարեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատած է կեդրոնին բացումը տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի կարելիութիւնները կրթական համակարգին մէջ աւելի մեծ ծաւալով ներդրելու առումով:
«Նախ այս կեդրոնը յատկանշական է իբրեւ արհեստագիտական կեդրոն, որ կը ստեղծէ նոր կազմակերպութիւններ, նոր խումբեր, եւ երկրորդ` կը կրէ կրթական կարեւոր բաղադրիչ, որով մենք կարելիութիւն կ՛ունենանք ո՛չ միայն մասնագէտներ պատրաստելու, այլեւ աշխուժօրէն աշխատելու համալսարաններու հետ: Այսօր Հայաստանը արդէն դիրքաւորուած է ո՛չ միայն տարածաշրջանին, այլեւ` համաշխարհային արհեստագիտական կեդրոնին մէջ», յայտնած է Բագրատ Ենգիբարեան` տեղեկացնելով, որ կեդրոնը ունի մօտաւորապէս 1500 ուսանող, 100 դասախօս եւ 50 խումբ:
ISTC-ի պաշտօնական բացման ծիրին մէջ սկսաւ «Smarter Armenia ՛16 հեքըթոնը» նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է ընդհանրացնել նոր միտքեր եւ նպաստել նորարական լուծումներու ստեղծման` առողջապահութեան, հեռահաղորդակցութեան եւ ֆինանսական ոլորտներուն մէջ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանը աւելի խելացի դարձնելու:
Հայաստանի Բնակչութեան 29,8 Առ Հարիւրը Աղքատ Է, 2 Առ Հարիւրը` Ծայրայեղօրէն Աղքատ
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է «Հայաստանի ընկերային պատկերը եւ աղքատութիւնը» զեկոյցը, որուն մէջ ամփոփ ներկայացուած է Հայաստանի աղքատութեան մակարդակի գնահատականը եւ ընկերային վիճակի եւ կենսամակարդակի փոփոխութիւնները 2008-2015 թուականներու ժամանակահատուածին մէջ: Ասիկա տասնեօթներորդ հրատարակութիւնն է Հայաստանի ԱՎԾ-ի ամէնամեայ զեկոյցներու շարքին:
Ըստ զեկոյցին, 2015-ին Հայաստանի բնակչութեան 2 առ հարիւրը եղած է ծայրայեղօրէն աղքատ, 10.4 առ հարիւրը` շատ աղքատ, 29.8 առ հարիւրը` աղքատ: Այսինքն երկրի իւրաքանչիւր 10 բնակիչէն մօտաւորապէս 3-ը ամսական 41 հազար 698 դրամ վերին աղքատութեան գիծէն ցած կը գտնուի: 2014-ի համեմատ, երբ աղքատութեան մակարդակը 30 առ հարիւր էր, արձանագրուած է աղքատութեան մակարդակի նուազում 0,2 տոկոսային կէտով: 2015-ին աղքատներու ընդհանուր թիւը կազմած է մօտաւորապէս 900 հազար մարդ, անոնցմէ շատ աղքատներուն թիւը` մօտաւորապէս 310 հազար, ներառեալ` 60 հազար ծայրայեղօրէն աղքատները:
2015-ին աղքատութեան վերին եւ ստորին, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ գիծերը, ըստ սպառման, արտայայտուած մէկ չափահաս անձի հաշուով, մէկ ամսուան համար եղած է, համապատասխանաբար, 41 հազար 698 դրամ կամ 87,2 տոլար, 34 հազար 234 դրամ կամ 71,6 տոլար եւ 24 հազար 109 դրամ կամ 50,4 տոլար:
2014-ին Հայաստանի բնակչութեան 2,3 առ հարիւրը եղած է ծայրայեղօրէն աղքատ, 10,9 առ հարիւրը` շատ աղքատ, 30 առ հարիւրը` աղքատ: Զեկոյցին մէջ նաեւ ներկայացուած են աղքատութեան 2008 թուականի ցուցանիշները, որոնց համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան 1,6 առ հարիւրը եղած է ծայրայեղ աղքատ, 12,6 առ հարիւրը` շատ աղքատ, 27,6 առ հարիւրը` աղքատ:
Կը պարզուի, որ 2015 թուականին ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը դեռ կը գերազանցէ 2008-ի մակարդակը 0,4 տոկոսային կէտով, իսկ աղքատութեան վերին գիծին վրայ աղքատութեան մակարդակը 2,2 տոկոսային կէտով բարձր էր 2008-ի համեմատ: Միաժամանակ ճգնաժամէն ետք շատ աղքատներու մակարդակը, 2008-ի համեմատ, իջած է 2,2 տոկոսային կէտով:
Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց Հայաստանի Մէջ Յաջողած Սուրիահայերուն
Նոյեմբեր 7-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան «Այցելութիւններ Հայաստանի մէջ կայացած սուրիահայերուն» ծրագրի ծիրին մէջ այցելեց «Srourian eye centre» ակնաբուժական կեդրոն, շրջեցաւ գերժամանակակից սարքաւորումներով յագեցած սրահներուն մէջ, ծանօթացաւ ակնաբուժական կեդրոնի առօրեային: Ակնաբուժական կեդրոնի հիմնադիրը` Սուրիայէն հայրենադարձ Ժանին Սրուրեանը ներկայացուց նորագոյն սարքերը, թուային տեսախցիկը` առաջինը Հայաստանի մէջ, որ ե՛ւ պարզ, ե՛ւ հակապատկերով կը նկարէ աչքի յատակը, յստակ ախտաբանական եզրակացութեան կարելիութիւն կ’ընձեռէ: Վիրահատական բաժինին մէջ եւս հետաքրքրական նորամուծութիւններ ներկայացուեցան: Այսպէս, վիրահատութիւնը համացանցով կը ցուցադրուի մեծ պաստառին վրայ, եւ վիրահատութեան ընթացքին կրնան հետեւիլ ակնաբուժները:
Նախարարը կարեւոր համարեց սուրիահայ բժիշկին գործունէութիւնը եւ աւելցուց. «Ուրախ եմ, որ մօտաւորապէս հարիւր բժիշկ եկած է Սուրիայէն, եւ բոլորը յաջողութեամբ կ՛աշխատին: Պէտք է ըսել, որ անոնց մեծ մասը բժշկական կրթութիւն ստացած է Հայաստանի մէջ: Հայաստանի բժշկական համալսարանը աւարտած է նաեւ Ժանին Սրուրեանը եւ յաջողած է այսպիսի ժամանակակից դարմանատան ունենալ: Հակառակ անոր որ այստեղ այս ոլորտը բաւականին զարգացած է, բայց ինծի համար հաճելի էր տեսնել նոր սարքաւորումները, նոր մօտեցումները, համալիր բժշկական սպասարկումը, որ շատ կարեւոր է: Ասիկա նաեւ հիմք կը հանդիսանայ եւ մտածելու առիթ կու տայ, որ սուրիահայերը կրնան հայրենիքի մէջ հաստատուիլ, հզօրանալ, լաւ գործի սկսիլ, եթէ ուզեն»:
Նոյն ծրագրի ծիրին մէջ Հ. Յակոբեան այցելեց սուրիահայ Սարգիս Եահեէեանին հիմնած «Զէյթունա» արաբական եւ հայկական ուտեստներու ընտանեկան խոհանոց-պանդոկը, հետաքրքրուեցաւ ճաշացանկով, այցելուներով եւ շրջեցաւ գեղեցկօրէն կահաւորուած սրահներուն մէջ:
Նախարարը կարեւոր համարեց, որ սուրիահայերը կարենան Հայաստանի մէջ յաջող գործարարութիւն իրականացնել եւ հաստատուիլ հայրենիքի մէջ:
Յայտնենք, որ Սարգիս Եահեյէեան ընտանիքով Հայաստան տեղափոխուած է մէկուկէս տարի առաջ` իր զաւակներուն հետ: Արդէն ութ ամիս է, որ կ’աշխատին, գոհ են արդիւնքէն, եւ հաստատ որոշած են մնալ Հայաստանի մէջ: