Յօդուածներ

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Երբ Կը Միանան Դաշնակցութեան

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Կիրակի, 6  նոյեմբերին, Արարատի մարզի Քաղցրաշէնի մէջ 14 երիտասարդներ եւս միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն: Խրախուսիչ իրականութեան վերածուած է հայրենի երիտասարդներու դաշնակցական դառնալու պատրաստակամութիւնը: Հայրենիքի տարածքին, Երեւանէն Շիրակ, Լոռիէն Արագածոտն, Արարատէն Կոտայք, Սիւնիքէն Արցախ` անոնք կու գան քանակական ու որակական նոր աւիւն ներդնելու մեր ժողովուրդի ամէնէն ազգային, արդարամէտ ու խիզախ քաղաքական կազմակերպութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան: Անոնք կու գան իրենց...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Ընչաքաղցութիւն Եւ Փառասիրութիւն Կը Մեռցնեն Ցանկալի Ժողովրդավարութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ընկերային կեանքի մէջ ընչաքաղցութիւն եւ փառասիրութիւն երկուորեակներ են, եւ քաղաքականութիւնը անոնց արգաւանդ դաշտն է: Աշխարհ հեւ ի հեւ հետեւեցան հզօրագոյն համարուող երկրի` Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութեան արշաւին: Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները առանց միջնորդի արձանագրուած անմիջական պատկերներով եւ արտայայտութիւններով տեղեակ կը պահեն ոչ միայն ամերիկացիները, այլ նաեւ` աշխարհի հեռուի եւ մօտի երկիրներու բնակիչները: Միացեալ Նահանգներու ընտրական համակարգը միշտ համարուած է...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Երբ Կան Նման Ընկերներ…

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Երկու շաբաթ առաջ մանկութեան եւ դպրոցական ընկերս` Լոս Անճելըս բնակող Վարդան Գազանճեանը, Դիմատետրի միջոցով «Արեւելք» լրատուական կայքին վրայ լոյս տեսած գրութիւն մը ուղարկեց ինծի: Գրութիւնը Հալէպէն փախած եւ Պէյրութ հասած սուրիահայ ընտանիքի մը մասին էր: Պապայեան ընտանիքը Հալէպ մնացած ու դիմացած էր բոլոր դժուարութիւններուն, բայց վերջին դէպքերէն ետք պատերազմի արհաւիրքէն փախած ու հասած էր Պէյրութ: Պապայեանները իրենց աչքերով...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Ի՞նչ, «Սի. Էն. Էն.»-ը Տակաւին Կը Սփռէ՞…

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Դեռ չսկսած` ըսեմ, որ Թրամփի կամ Քլինթընի կապակցութեամբ ոչ մէկ համակրանք կամ հակակրանք ունիմ: Հոս ըսուելիքները կ*առնչուին միայն ու միայն ամերիկեան մամուլին, որուն փառաւոր պարտութեան ականատես եղանք երեքշաբթի գիշեր: Շատ բան պիտի գրուի Մ. Նահանգներու նախագահական այս ընտրութիւններուն քաղաքական ծալքերուն մասին: Մասնագէտները պիտի փորձեն լուսաբանել ու բացատրել այս ծալքերը, իսկ «մասնագէտներ»-ը պիտի փորձեն աներեսաբար արդարացումներ գտնել: Անցնող գրեթէ...

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ.   Այցելութիւն` «Պօղոս Սնապեան»-ի Տուն-Թանգարան

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Այցելութիւն` «Պօղոս Սնապեան»-ի Տուն-Թանգարան

Օրեր առաջ քոլեճի Ը. դասարանը, հայոց լեզուի իր դասատուին` Սալբի Թաշճեանին հետ ուղղուեցաւ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարան: Աշակերտները դիմաւորեց գրագէտին կինը` Աղաւնի Սնապեան, որ տուն-թանգարանին դռները բանալով` ներս հրաւիրեց զանոնք, որպէսզի մօտէն ծանօթանան «Սնապեանական» յորդառատ գրական ժառանգութեան: Պօղոս Սնապեանի անձին, ստեղծագործական ու խմբագրական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ տուն-թանգարանի շինարարութեան մասին աշակերտները բաւական տեղեկութիւն ստացան Սալբի Թաշճեանէն, որ Պօղոս Սնապեանի գրականութեան վերջին ուսանողներէն...

Սրբոց  Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աշխատանքներէն.

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աշխատանքներէն.

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 27 հոկտեմբեր 2016-ին յիշատակեց Թարգմանչաց տօնը, որուն առիթով նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները իւրայատուկ ոճով եւ գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին թարգմանչաց խորհուրդը` հայ լեզուի փառաբանանքը հիւսող բանաստեղծութիւններով, ասմունքներով, որոնք ընդելուզուած էին ջութակի, շուիի եւ դաշնակի երաժշտական մեղեդիներու ազգայնաշունչ թրթիռներով եւ գաւառական պարով: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ հիւրեր եւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը: Օրուան պատգամը փոխանցելու համար...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանէն Ներս Բաց Դռներ – Արեւելում

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանէն Ներս Բաց Դռներ – Արեւելում

Արդէն երկու տարիէ ի վեր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ կը գործէ երկրորդական դասարանի աշակերտներուն համալսարանական ուսման արեւելում տուող գրասենեակը: Այս գրասենեակին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2016-ին, եւ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ Բաց Դռներ հանդիպում մը, լիբանանեան 16 համալսարաններու ներկայացուցիչներու եւ վարժարանիս 10-րդ, 11-րդ, 12-րդ եւ BT դասարաններու աշակերտներուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին աշակերտները լուսաբանութիւններ ստացան եւ...

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մեսրոպեան

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մեսրոպեան

10 նոյեմբեր 2016-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ընդունելութեան բաժնի տնօրէն Արինա Զոհրապեան եւ շարունակական կրթութեան բաժնի տնօրէն դոկտ. Սերգէյ Թանթուշեան: ՀԱՄ-ի պատասխանատուները «Ֆարաճեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցան վարժարանի երկրորդական բաժնի աշակերտներուն հետ եւ ներկայացուցին համալսարանի կարգավիճակին, կրթական ծրագիրներուն, ընդունելութեան եւ այնտեղ ուսանելու պայմաններուն մասին սպառիչ տեղեկատուութիւն: Մեսրոպեանի հիւրերը ապա տեսակցեցան տնօրէն Կրեկուար Գալուստին հետ, որ...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան.  Սրբոց Թարգմանչաց Տօն

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Սրբոց Թարգմանչաց Տօն

Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին ՀԲԸՄ-ի  Պօղոս  Գ.  Կարմիրեան  վարժարանի հայերէն լեզուի  դասատու Մարալ Քէհեայեանի առաջնորդութեամբ,  կազմակերպուեցաւ ատենամարզանք  մը`  նուիրուած Թարգմանչաց տօնին:  Յայտագիրին բացումը կատարեց  Մարալ  Քէհեայեան, որ հակիրճ կերպով փոխանցեց  Թարգմանչաց  խորհուրդը եւ աւելցուց,  թէ   այս  տօնը Հայաստանի մէջ սահմանուած է 2001-էն ի  վեր, որպէս  պետական տօն, նուիրուած  հայ  գիրերու գիւտին, իսկ հայ Առաքելական եկեղեցին  առաջին անգամ թարգմանողներուն  առանձնայատուկ շնորհով օժտուածները,...

Ասիկա Պատմական Պահ Է Թուրքիոյ  Հայ Համայնքին Համար.  Հայերու Մուտքը Խորհրդարան

ԱՄՆ-ի Նախագահական Ընտրութիւններու Վաղորդայնը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ 2016-ի Նախագահական ընտրութիւնները արմատական տեղաշարժ յառաջացուցին ԱՄՆ-ի քաղաքական բեմին վրայ բացայայտելով քաղաքական ուժի բոլորովին նոր շերտեր և ծաւալներ և հիմնովին յեղաշրջելով ցարդ գոյութիւն ունեցող ընտրական հաշուարկներու մաթեմատիկան։ Թրամփի յաղթանակը այս նոր իրականութեան պարտաւորեցնող վկայութիւնն է։ Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածուն՝ Հիլարի Քլինթըն – հակառակ հեղինակաւոր հարցախոյզներու նախատեսութեանց – ջախջախիչ պարտութիւն կրեց կաճառային քուէներու ճակատին վրայ հակառակ այն իրողութեան, որ ժողովրդական...

Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակի  Ձեռնարկին  Միհրան  Քիւրտօղլեանի Արտասանաած Խօսքը.  Հրաչ  Տասնապետեան`  Մտաւորականը

Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակի Ձեռնարկին Միհրան Քիւրտօղլեանի Արտասանաած Խօսքը. Հրաչ Տասնապետեան` Մտաւորականը

Նախ` խոստովանութիւն մը. անձնական յարաբերութիւններու մակարդակի վրայ ձեզմէ շատերու չափ  չեմ ճանչցած զինք: Իմ յարաբերութիւններս իրեն հետ եղած են հազիւ թէ պարագայական եւ միա՛յն նեղ, կուսակցական-կազմակերպական խնդիրներու շուրջ: Ո՛չ աշակերտած եմ իրեն, ո՛չ ալ իր մտերմութիւնը վայելած: Թերեւս աւելի լաւ է, որ այդպէս է, որովհետեւ մտերմութիւնն ու բարեկամութինը աղուոր բաներ են անշուշտ, բայց այս պարագային ապահով ու անաչառ խորհրդատուներ չեն,...

Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակին  Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

Հրաչ Տասնապետեանի Մահուան 15-Ամեակին Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

Հրաչ Տասնապետեան կերպարի ամբողջական բնութագիրը տրամադրուած ժամանակի նեղ սահմաններուն մէջ անհնար է ներկայացնելը: Իր մասին շատ գրուած է ու խօսուած, եւ տակաւին կը գրուի անպայման` ամբողջական տեսքով յառաջիկայ սերունդներուն ներկայացնելու համար Հրաչ Տասնապետեան մարդը, հայը, մտաւորականը, դաշնակցական ղեկավարը: Խօսքի շրջագիծի ճշդումի ճիգին մէջ սուր կերպով ինքզինք զգալի կը դարձնէ յատկապէս մեր ժամանակներուն իբրեւ հրամայական ընդգծուող նորերու կամ կուսակցական բառապաշարով` քատրերու...

ՀՅԴ Նախաձեռնութեամբ Մօտ 500 Կամաւորական Է Հաւաքագրուել. Գումարտակը Պարապմունքներ Կ՛անցկացնի

ՀՅԴ Նախաձեռնութեամբ Մօտ 500 Կամաւորական Է Հաւաքագրուել. Գումարտակը Պարապմունքներ Կ՛անցկացնի

Հարցազրոյց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամ Հրաչ Թադեւոսեանի Հետ Վարեց` ՍԻՒԶԱՆՆԱ  ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նախաձեռնած պահեստային գումարտակը գրեթէ կազմաւորուած է եւ առաջիկայում պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան մասնագէտների աջակցութեամբ ուսումնավարժական հաւաքներ կը սկսի` անհրաժեշտ պահին բանակի կազմում մեր երկրի տարածքը պաշտպանելու համար: Այդ մասին մեզ հետ զրոյցում յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Հրաչ Թադեւոսեանը: ՍԻՒԶԱՆՆԱ  ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Պարո՛ն Թադեւոսեան, հոկտեմբերի 13-ին...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Ի՞նչ Է Գինը Յարաբերութիւններու Բնականոնացման. Նուաստացում` Ի Խնդիր Վերնախաւի Հարստացման

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Յորդանանի ծայրագոյն հիւսիս-արեւմուտքը` Յորդանան-Սուրիա-Իսրայէլ սահմաններու միացման կէտին մօտ գտնուող ամայի շրջանի մը մէջ, յորդանանեան օդուժի գաղտնի խարիսխի մը պատասխանատու սպան էր Սահակը` 6-25 հոկտեմբեր 1973-ի արաբ-իսրայէլեան  պատերազմի օրերուն (1): Յորդանան իր մասնակցութիւնը չէր յայտարարած այս պատերազմին` Եգիպտոսի ու Սուրիոյ կողքին, սակայն խորհրդանշական օժանդակութիւն ցուցաբերեց, երկրին հիւսիսը` Սուրիոյ հարաւը զօրք կեդրոնացնելով, տալով նաեւ խորհրդանշական 23 զոհ: Ամմանի հիւսիս-արեւմուտքը` Ժըպէյհա...

Երկու Խօսք

Երկու Խօսք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ընկերային ցանցերը խճողած են մեր առօրեան: Այսօր բոլոր մակարդակներու վրայ նիւթի մը, դէպքի մը, յիշատակի մը, ուրախ կամ տխուր առիթի մը ընկերային ցանցերու մեկնաբանութիւնները հանրային կարծիքին վրայ ազդեցութիւն կ՛ունենան: Չմոռնանք, որ «Արաբական գարուն»-ին նպաստած էին երկու ազդակներ` ընկերային ցանցերը եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները (NGO): Այսօր փաստօրէն գաղտնի սպասարկութիւններու եւ մեծապետական ծրագրի մը յաջողութեան համար երեւոյթով անմեղ, բայց ճարպիկ...

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

Աշխարհը Չփլեցաւ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Վերնագիրը կրնայ մատնել կեցուածքս` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուած Տանըլտ Թրամփի հանդէպ: Այո՛, կը մտածէի, որ Թրամփի ընտրութեամբ աշխարհը կրնայ կործանիլ: Ի վերջոյ,  «երկրագունդի ամէնէն հզօր մարդը» կոչումին տէր դարձած եւ քաղաքական փորձառութիւն չունեցող ընտրեալ նախագահը իր նախընտրական յայտարարութիւններուն մէջ ցուցաբերած էր ցեղապաշտական, հաշմանդամներու ու կիներու հանդէպ վիրաւորական տրամադրութիւններ, որոնք վտանգաւոր չափերով կրնան սրել ամերիկեան հասարակութեան ներքին մթնոլորտը:...

Յակոբ Տէր Ղուկասեան «Կը Հանդիպի» Ժան Ժէօնէի

Յակոբ Տէր Ղուկասեան «Կը Հանդիպի» Ժան Ժէօնէի

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ 20 հոկտեմբերին «Մոնօ» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի «Լէզ՛օդր պոն» թատերախաղը, որ կը շարունակուի մինչեւ 13 նոյեմբեր: Թատերախաղին, նախապատրաստական աշխատանքներուն, նման կտորի մը ընտրութեան, առկայ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով կատարուեցաւ զրոյց մը Յակոբ Տէր Ղուկասեանի հետ: Առաջին պատկեր Համալսարանական տարիներուն Յակոբ Տէր Ղուկասեան ուսանողուհիի մը աւարտական ներկայացման համար լոյսի սարքաւորման պատասխանատուն...

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած  Զեկոյցներ

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյցներ

Հայութեան Գոյապահպանման Խնդիրներ. Ուծացման Հոլովոյթը Սփիւռքի Մէջ ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի Գլխաւոր խմբագիր Հայ Սփիւռք. Պատմական Ակնարկ Հայ ժողովուրդը միշտ ունեցած է սփիւռք: Պատմական յաջորդական ժամանակագրութեանց մէջ կը յիշուին նախարարական կամ արքայական տոհմերու տեղաշարժերը Հայկական բարձրաւանդակէն մինչեւ հեռաւոր Բիւզանդիոն, Պուլկարիա, Իտալիա, Սիկիլիա... Հայկական սփիւռքի ուծացման սերտօրէն ծանօթանալու համար անհրաժեշտ է յետադարձ ակնարկ մը կատարելով վերադառնալ ԺԱ. դար: Անիի անկումէն ետք,...

Պատմութեան Առեղծուածներէն

Պատմութեան Առեղծուածներէն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անշուշտ աշխարհը գիտէ եւ դպրոցական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ գրուած է, որ Հիթլեր անձնասպան եղաւ 1945-ին: Սակայն տարիներու ընթացքին կը յայտնուին նոր  տեղեկութիւններ, որոնք տարբեր բաներ կ՛ըսեն: Այդ հրապարակումները այլազան նպատակներ կը հետապնդեն: Սակայն մէկ բան յստակ է, որ Հիթլերի մարմինը պատերազմէն ետք չէ գտնուած, պատճառ դառնալով առեղծուածային տեսութիւններու: Նաեւ կրնա՞յ ըլլալ, որ մեզ խաբած են...: Ն.  Ատոլֆ ...

«Ատիս Երգի Ճամբով».  Հեղինակ Ատիս Հարմանտեան

«Ատիս Երգի Ճամբով». Հեղինակ Ատիս Հարմանտեան

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ Հինգշաբթի, նոյեմբեր 17-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ֆերահեան վարժարանի Աւետիսեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծանուն երգիչ, աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր սփիւռքի էսդրատային երգերու ռահվիրայ Ատիս Հարմանտեանի կեանքը ցոլացնող «Ատիս երգի ճամբով» հատորին գինեձօնը: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի Համազգայինի մասնաճիւղին կողմէ: Այս առթիւ, բացի յաւուր պատշաճի խօսքերէ, պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, ապա` հիւրասիրութիւն:...

Page 875 of 1110 1 … 874 875 876 … 1,110

Արխիւներ