Ա. ԱՊՏԱԼԵԱՆ
Մեր այս եւ յառաջիկայ օրերու թիւերով «Հայրենիք»-էն կ’արտատպենք յատուկ թերթին համար պատրաստուած յօդուածաշարք մը, որ կը ներկայացնէ Կոմիտաս վարդապետին Պոլսոյ մէջ գործունէութեան մասին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ:
Անցեալ ամիս` սեպտեմբեր 26-ին լրացաւ հայ երաժշտութեան Մեսրոպ Մաշտոցին` անմահանուն Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 147-ամեակը: Հայաստանի մէջ յատկապէս այս առիթով կազմակերպուեցան` գիտաժողով, համերգ եւ տարբեր տեսակի ձեռնարկներ, ոգեկոչելու համար հայ երաժշտական ինքնուրոյն կերտիչին յիշատակը:
Որքան Կոմիտասի` իր ծննդավայր Կուտինայէն Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան փոխադրութիւնը մեր ազգին համար ճակատագրի գեղեցիկ կարգադրութիւն մըն է, այնքան նախախնամութեան հիանալի գործն է Կոմիտասի Պոլիս փոխադրութիւնը` 1910-ին, որովհետեւ այդպիսով արեւմտահայ զարթօնքի հոլովոյթը պիտի ամբողջանայ ու իր կատարելութեան պիտի հասնի` երաժշտական բնագաւառին մէջ անկրկնելի իրագործումներու շնորհիւ:
Այս յօդուածաշարքին մէջ պիտի փորձենք պարզաբանել Կոմիտասի` Պոլսոյ գործունէութեան կապուած հարցեր եւ խնդիրներ, լուսարձակի տակ բերելով շրջանին ընդհանուր զարգացումները, յատկապէս` 1908-ի սահմանադրութենէն ետք ստեղծուած տարօրինակ կացութեան երեւութական ազատութիւններու պարունակին մէջ:
Կոմիտաս երբ 1910-ի յուլիսի կէսերուն Պոլիս հասաւ, արեւմտահայ զարթօնքը հասած էր իր գագաթնակէտին: Նախ` գրականութիւնը յաղթականօրէն թեւակոխած էր գեղապաշտ շրջանը` Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Ռուբէն Զարդարեան, նորավէպի անկրկնելի իշխան Գրիգոր Զոհրապ, Զապէլ Եսայեան եւ միւս գրագէտները արեւմտահայ գրականութիւնը հասցուցած էին գեղագիտական գագաթնակէտին: Պոլիսը տակաւին կը շնչէր Մեծարենցեան Անանուն Ծաղիկին բոյրը:
Արեւմտահայ թատրոնը հայ բեմին տուած էր` անկրկնելի Արուսեակը, Սիրանուշը, Պետրոս Ադամեանը, Ազնիւ Հրաչեան, Երանուհի Գարագաշը, Գարեգին Ռշտունին եւ հայ բեմին միւս բոլոր մեծութիւնները:
Տակաւին, Տիգրան Չուխաճեան պանծացուցած էր հայ դասական երաժշտութիւնը` զայն եւրոպական չափանիշներուն հասցնելով:
Կը կաղար միայն արեւմտահայ ժողովրդային երգը: Պոլիս կը հասնէին արեւմտահայ ոստաններէն պատառիկներ միայն, եւ որոնք շատ արագ կը խաթարուէին եւ կը վերածուէին թրքական լալկան երգերու եւ շարքիներու: Հայ ժողովրդային եւ գեղջկական երգերը դարեր շարունակ մնացին գաւառներուն մէջ, եւ ոչ ոք կը մտածէր զանոնք պեղել, մաքրել, ու նոթագրելով հայուն սեփականութիւնը դարձնել` բանաւորէն գրաւորի փոխադրելով: Իսկ կատարեալ աղէտ մը կ՛ապրէին հայ եկեղեցական երգերն ու շարականները, որոնք ինկած էին անուս դպրապետներու եւ տիրացուներու միահեծան տիրապետութեան տակ: Արեւելեան լալկանութեամբ երգուող հայ շարականն ալ կորսնցուցած էր իր հոգեւոր բնութիւնը եւ վերածուած` կատարելապէս անդէմ վայնասիւնի մը, որ միայն նողկանք կրնար պատճառել:
Անշուշտ Կոմիտասէն առաջ Պոլսոյ մէջ եղան փորձեր շարականները եւ եկեղեցական երգերը իրենց հարազատ էութեան վերադարձնելու համար: Գրիգոր Գապասագալեան պիտի ըլլար առաջինը այս փաղանգին` երեք հրատարակութիւններով` 1794-ին, 1803-ին եւ դարձեալ նոյն տարին, «Գրքոյկ, որ կոչի նուագարան», «Գիրք կոչեցեալ երգարան» եւ «Գիրք երաժշտական» գործերով, որոնք սակայն ոչ մէկ կերպով յաջողեցան հայ հոգեւոր երգերը ձերբազատել ու իրենց բնական եւ հարազատ հունին վերադարձնել:
Հայ հոգեւոր եւ եկեղեցական երգերն ու երաժշտութիւնը գէթ իր խաթարուած ձեւին մէջ գրի առնելու եւ պահպանելու գործին լծուեցաւ պոլսահայ մեծանուն երաժիշտը` Համբարձում Լիմոնճեանը, որ շարունակեց Գապասագալեանին գործը: Պապա Համբարձում յաջողեցաւ գրի առնել հայ հոգեւոր երգերը իրենց խաթարուած վիճակին մէջ իսկ եւ փրկել ամբողջական կորուստէ:
Եւ երբեք անակնկալ մը պիտի չըլլար, որ զայն չհասկցան: Այլեւ հալածեցին ալ: Տիրացուները տակաւին շատ ուժեղ էին եւ բուռն ու թունալից պայքար մը բացին Համբարձում Լիմոնճեանի դէմ, որ 1839-ին աչքերը կը փակէր` առանց գործը ամբողջացնելու:
Լիմոնճեանին գործը շարունակել փորձեցին Արիստակէս Յովհաննէսեան, ապա Գաբրիէլ Երանեան եւ մանաւանդ` Համբարձում Չերչեան, որ իր կարգին նաեւ Պապա Համբարձում անունը պիտի ստանար: Արդէն ձեւաւորուած էր այն խոր գիտակցութիւնը, թէ Արեւմտահայ Զարթօնքին օրրանը հանդիսացած Պոլիսը կարիքը ունէր հայ հարազատ երգի: Չէր բաւեր հոգեւոր երգերը եւ շարականները գեղգեղել եկեղեցիներու մէջ: Հայ երգին դիմաց հորիզոններ պէտք էր որ բացուէին:
Եւ ահա Արիստակէս Յովհաննէսեան, իր ձեռնասունին` Գաբրիէլ Երանեանի հետ սկսաւ հրատարակել երաժշտական հայերէն առաջին պարբերականը` «Քնար արեւելեան»-ը: Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրարու հանդիպելու առաջին փորձը կ՛ընէին այս պարբերականով: Ապա երեք տարի ետք` 1861, երբ մէկ կողմէ հայ թատրոնը կ՛ունենար իր առաջին կին դերասանուհին` յանձինս Արուսեակի, անդին` Գաբրիէլ Երանեան, այս անգամ իր աշակերտին` Նիկողոս Թաշճեանին հետ կը սկսէր հրատարակել «Քնար հայկական»-ը, ուր պիտի տպէին հայ երգեր` եւրոպական նոթերով:
Պոլիս կը պատրաստուէր եւրոպականը միախառնել տեղականին` ունենալու համար իր հարազատ երգն ու երաժշտութիւնը: Ճիշդ է, որ գաւառը Պոլսոյ կը ներարկէր թարմ արիւն, ամէն անգամ որ ան արիւնաքամ ըլլար, բայց հայ գաւառէն հասած երգերու եւ խաղիկներու պատառիկները ոչինչով կրնային հայ ժողովրդական երգը իր գահին բազմեցնել: Կարիքը կար Կոմիտասի նման տեսիլք ունեցող, եւրոպական երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած առաքեալի մը, որպէսզի կարենար մաքրազտել հայ երգը, դուրս վտարել թրքական, քրտական թէ այլ ազդեցութիւնները եւ երեւան հանել հայ ժողովրդական եւ գեղջկական երգերուն հիանալի էութիւնն ու դիմագիծը:
Պոլիս այս բախտաւորութիւնն ալ ապրեցաւ Կոմիտասով:
(Շար. 1)