Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Պատերազմի Նահատակներուն Ընդհանուր Թիւը

November 16, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1115artsakhmarthyrs

Ստեփանակերտի` Արցախեան պատերազմի զոհերու թանգարանի կայքին մէջ անուն առ անուն տեղադրուած են բոլոր այն մարդոց անունները (անոնց ծնած թուականը, վայրը, որոշ այլ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ` նկարը), որոնք զոհուած են ինչպէս ռազմական գործողութիւններու ընթացքին` 1991-1994 թուականներուն, այնպէս ալ նախապատերազմեան` 1988-1990 թուականներուն (Սումկայիթ, Պաքու, «Օղակ» գործողութիւն), եւ յետպատերազմեան` «ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ» տարիներուն, 1994-ի մայիսեան անժամկէտ հրադադարէն մինչեւ այսօր:

Հակառակ որոշակի կրկնութիւններու (որոշ անուններ կը հանդիպինք երկու անգամ), ասիկա արցախեան պատերազմի զոհերու մասին ամէնէն ամբողջական, համապարփակ եւ վստահելի տեղեկատուութիւնն է մինչեւ այսօր հրապարակուածներու շարքին:

Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը կը ներկայացնէ զոհերու վիճակագրական ընդհանուր պատկերը:

Պատերազմի տարիներուն Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան զոհերուն ընդհանուր թիւը շուրջ 1.500 է:

Արցախէն եւս շուրջ 2.700 հոգի նահատակուած է ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, այսինքն այդ մարդիկ եղած են ազատամարտիկներ կամ իրենց հարազատ տուներու պաշտպաններ:

Եւս շուրջ 300 արցախցի զոհուած է 1994-ի անժամկէտ հրադադարէն ետք:

Արցախի մէջ նահատակուած հայաստանցի ազատամարտիկներուն եւ զինուորներուն թիւը կը կազմէ 2.034 հոգի:

Եւս 1.326 հայաստանցիներ` ազատամարտիկներ, իրենց գիւղերու պաշտպաններ եւ խաղաղ բնակիչներ, զոհուած են պատերազմի տարիներուն Հայաստանի մէջ (հայ-ազրպէյճանական սահմանամերձ կռիւներու ընթացքին):

Հայաստանէն եւ Արցախէն անհետ կորածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ շուրջ 600 հոգի:

Պատերազմի տարիներուն հայկական կողմէն կռուած եւ զոհուած ռուսերու, ուքրանացիներու ու նախկին խորհրդային այլ հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն թիւը 37 է:

Զոհուած սփիւռքահայերու թիւը 4 է:

Զոհուածներու շարքին կան եւս մէկ տասնեակ իրանահայեր, որոնք, սակայն, նախքան պատերազմը տեղափոխուած էին Հայաստան:

Այս վիճակագրութեան մէջ չեն ներառուած 2015 եւ 2016 թուականներու կորուստները:

 

 

Նախորդը

Պոլիսը` Կոմիտասէն Առաջ Եւ Ետք

Յաջորդը

Պատկերազարդ Երաժշտական Երեկոյի Մը Տպաւորութիւնները

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.